Aras Yayıncılık
Yazar: Zahrad
Ներկայ հատորը Զահրատի վերջին ծրագիրն էր եւ անունն ալ արդիւնք՝ իր սրամտութեանը, երբ 2006ին կը պատասխանէր հարցումի մը՝ թէ պիտի դադրէր արդեօք գրելէ՝ ի տես մեր հրատարակած եւ գրեթէ ամբողջական երկերու հանգամանք ունեցող իր երկհատորեակին:
”ալ ասկէ վերջ դդումի համ կու տայ…” ըսած եր ան իբրեւ թէ հաստատական պատասխանելով, բայց մինչ կուտակելով նոր բանաստեղծութիւններ, որուն տեղեակ էինք արդէն…:
Հետագայ օրերուն համաձայնած էինք առնուազն տարի մը սպասել նոր գիրքի մը հրատարակութեան համար: Այդ տարին կարելի չեղաւ բոլորել եւ Զահրատ եօթը ամիս վերջ անդարձ բաժնուեցաւ մեզմէ, ետին թողլով Դդումի Համ թղթածրարը, զոր լոյսին կը յանձնենք իր մահուան Բ տարելիցին:
Դդումի Համը կը բաղկանայ եօթը բաժիններու մէջ ամփոփուած 100 բանաստեղծութիւններէ, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ Զահրատի վերջին անտիպներն են՝ գրուած 2005-2006ին:
Գիրքը կը բուանդակէ նաեւ Զահրատի հակիրճ կենսագրականը, իր տիկնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի սրտի խօսքը եւ քանի մը լուսանկարներ: