Aras Yayıncılık
Yazar: Toros Toronyan
Թորոս Թորանեանի ծննդեան ութսունամեակին առթիւ ծրագրուած հատորը ընտրանի մըն է հեղինակին 1975-2002ին լոյս տեսած գործերէն: Մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ ամփոփուած են հինգ գլուխներու ներքեւ՝ Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Բարեւ հայրիկ, Բոլորն ալ մարդեր են, Կեանքի կեռմաններով եւ Մանրապատումներ:
Յաւելուածի բաժնին մէջ տրուած է Թորանեանի ինքնակենսագրականը, ինչպէս նաեւ իր գրական, հրատարակչական, խմբագրական ու թարգմանական բեղուն գործունէութեան մատենագիտութիւնը:
Թորանեան որպէս տարագիր հայ ընտանիքի զաւակ ծնած է 1928ին Հայէպ, ուր առած է իր նախնական կրթութիւնը. ապա յաճախած է Կիպրոսի Մելգոնեանը, բարձրագոյն ուսում ստացած՝ Պուլկարիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Շրջած է զանազան երկիրներ, ունի տասնեակներով գիրքեր եւ հազարներով յօդուածներ՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի բազմաթիւ թերթերու մէջ:
ԹԹԽՄՈՐը Թորանեանի ՝՝Արաս՛՛ էն լոյս տեսած երկրորդ գիրքն է, առաջինը ըլլալով ՝՝Իսթանպուլահայերը կը կանչեն՛՛ հատորը:
ԹԹԽՄՈՐը պատմուածքներու ընդմէջէն տողանց մըն է նաեւ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու, ինչպէս՝ Իհմալեան, Փէհլիվանեան, Սարոյեան, Պիպեռեան, Մարթայեան, Ահարոն, Վէրնէօյ… եւ այս հանգամանքով գրաւիչ է նաեւ կրթական մշակներու եւ աշակերտներու համար:
Հրատարակչատունը գիրքին առընթեր հետեւեալ տողերով կը մատուցէ նաեւ հեղինակին:
Հիմա ետին թողած իր ութսունամեակը, երկար ու առողջ կեանք կը մաղթենք մեր սիրելի ՝՝վարպետ՛՛ ին, որու այնքան սրտաբուխ բաժնած ՝՝թթխմոր՛՛ ը անսպառ եղաւ միշտ, եւ որու շնորհիւ գրական անդաստանը լեցուեցաւ ոչ միայն իր՝ այլեւ զանազաններու թխած ՝՝հաց՛՛երու բուրմունքով: