Ֆրանսայի Համար Զոհուեցան

[ A+ ] /[ A- ]

Բագրատ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ակօս Գիրք

«Քանզի ամէն կեանք ինքնին պայքար մըն է: Մերը՝ Մանուշի ու իմ կեանքը մասնիկն էր որոշ պայքարի մը:
Թէկուզ այսօր այդ պայքարի դիմագիծը փոխուած ըլլայ:
Եւ դեռ յաճախ ալ պիտի փոխուի:
Բայց յարատեւ է պայքարը՝ ընդմիշտ:
Կեանքը այսպէս է որ իմաստ կը ստանայ»:

Մելինէ Մանուշեան

«Արաս» հրատարակչատունը 2009-ի Հոկտեմբերին «Ազատութեան Մարտիկը՝ Մանուշեան» անունին տակ հրատարակեց Մելինէ Մանուշեանի յուշագրութիւնը՝ ձօնուած նուիրեալ համայնավարի մը, Միսաք Մանուշեանի կեանքին ու գործին:

Գիրքը հերոսութեան ներբող մըն է, որուն էջերուն մէջ մենք կը հանդիպինք ազատութիւն տենչացող հայ մարտիկի տիպարին: Այդ տիպարը կը բնութագրէ նաեւ յետ եղեռնեան սերունդի մը հաշուեյարդարը ֆաշականութեան դէմ: Մանուշեան եւ իր հայ զինընկերները անդրադարձած են, որ երեսուն տարի առաջ զիրենք որբացնողն ու այսօր իրենց սեփական կեանքին սպառնացողը նոյն թշնամին է: Եւ ինչո՞ւ նոյն հասկացողութեան մէջ չտեսնել մեր ժամանակակից մարտիրոսներ՝ Արմենակ Պաքըրը կամ ուրիշները: Այստեղ նշանակութիւն չունի ոճրագործին ազգային ծագումը: Իր հետեւանքներով նոյն աւերը գործեցին երիտթուրքերը, քուրտ աւազակները, չէրքէզ կամ չէչէն ոճրագործները եւ նացիացած գերմանացիները: Նոյն ազգայնամոլ ախտէն վարակուած բազմազգի վայրագութիւնը ինչպէս որ յաջողեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ բնաջնջել կենդանի ժողովուրդ մը, այդ մտքի ա՛լ աւելի զարգացած համակարգը այս անգամ փորձեց նուաճել ամբողջ ցամաքամաս մը իր բազմաթիւ երկիրներով:

Այդ երկիրներու շարքին էր Ֆրանսան, ուր Միսաք Մանուշեանի նման բազմահազար հայեր ապաստան գտած էին: Դաժան մահէ փրկուածներու հիւրընկալ երկիրը չէր դիմադրած թշնամին: Վիշիի կառավարութիւնը յանձնուեցաւ ֆաշական Գերմանիոյ, իբրեւ թէ փրկելու համար զարգացած Փարիզի պատմա-մշակութային արժէքները:

Եւ ինչպէս որ տարիներ ետք Պարոյր Սեւակ պիտի ըսէր. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենդերն են գտնում հնար», այդպէս ալ սկսաւ Ֆրանսայի քաղաքացիական դիմադրութեան մեծ շարժումը: Եթէ խելագրութիւն չէ, ուրեմն ո՞ր բառերով բացատրենք այն պայկարը, որ դիմադրողները տարին հզօր զինամեքենայի դէմ անզէն միջոցներով: Հասարակ ատրճանակը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ հրասայլի դէմ: Բայց մարդկային պատիւը ինքնին ամենահզօր զէնքը չէ՞ միթէ: Հրասայլի մէջ արշաւելու եկող թշնամիի զինուորը շատ աւելի անզէն էր, քան մերկ ձեռքերով իր հայրենի տունը պաշտպանող հասարակ քաղաքացին: Ահա՛ այդ ուժով զինուած դիմադրութեան շարժումի ամենախանդավառ մարտիկները դարձան ոչ-ֆրանսացի գաղթական ժողովուրդներու զաւակները:

Հայերէ, հրեաներէ, ռումինիացիներէ, հունգարացիներէ բաղկացած ջոկատներ ամենամեծ վնասները հասցուցին արշաւիչներուն: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ բացի դիմադրող մարտիկներու ջոկատներէն, այդ ջոկատի մարտիկներէն, ամէն գաղթականի տունը դարձաւ դիմադրական շարժումի բջիջ մը: Ճակատի ետին այդ ամէն բջիջը իր ներդրումը կը բերէր դիմադրութեան շարժումին: Դեռահաս պատանիներէ մինչեւ ծերունազարդ երէցներ, ամբողջ ժողովուրդ մը կը ստանձնէր իրեն վիճակած պարտականութիւնը: Մարդիկ իրենց ընտանեկան յարկերուն մէջ կը պահէին մարտիկներ, որոնք բոլորովին անծանօթ էին իրենց: Երբ դիմադրական շարժումի զինուորներէն մէկը հանդիպէր կէսթափոյի հետապնդման, իսկոյն կը գտնուէր թաքստոց մը, ուր ան կրնար կորսնցնել իր հետքը:

Գիրքին մէջ այդ առումով հաճելի անակնկալ է հանդիպիլ Ազնաւուրեաններուն, որոնք, ներառեալ դեռատի Շարլը, անմիջական հոգատարներէն էին դիմադրական շարժումի հայ մարտիկներուն: Այսպէս անուններու եւ վկայութիւններու շարք մըն է նաեւ Մելինէ Մանուշեանի յուշագրութիւնը: Այդ տողերը մեզ կը պարզեն Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած հայորդիներու Հայաստանի հետ պահած սերտ կապը: Ափսո՛ս, որ յետ պատերազմի կազմակերպուած ներգաղթի ծրագիրը մեծ խուսախաբութեան տեղի տուաւ ստալինեան բռնակալութեան պատճառով:

Բարեբախտութիւն է գիրքին թրքերէնի թարգմանուիլը, քանի որ թուրք ուշիմ ընթերցողը անոր միջոցաւ կրնայ պատկերացում մը կազմել թէ ի՞նչ կը նշանակէ Ֆրանսահայ սփիւռքը: Սա իմաստալից հասկացողութիւն է, քանի որ Թուրքիոյ քաղաքական գործիչները յամառօրէն կը կարծեն թէ՝ Ֆրանսայի մէջ Հայ սփիւռքի ուժը կը յենի քանի մը հազար ընտրողներու քուէներուն:

Գիրքին շահեկան կէտերէն մէկն ալ նշանաւոր կարմիր որմազդի ոդիսականին պատմուած բաժինն է: Կէսթափօն ձերբակալելով Մանուշեանն ու 22 ընկերները, կ’ուզէ իր յաղթականը յայտարարել այս որմազդներով: Կը փորձէ հեգնական արտայայտութիւններով շեշտել անոնց ոչ-ֆրանսացի ըլլալու հանգամանքը: Սակայն ժողովուրդը քարոզչական այդ փորձը կը շրջէ իր հեղինակներուն վրայ: Յաջորդ առաւօտ բոլոր երկրի տարածքին նոյն միտքը գրուած է որմազդներու փակուած պատերուն վրայ՝ «Ֆրանսայի համար զոհուեցան»: Զէնքը ձեռքին մէջ պայթած ախմախի մը վերածուած է Հիթլէրի քարոզչամեքենան: Ինչ որ վերը նշած էինք, հրասայլի ու դիմադրողներու մերկ ձեռքերու հակասութիւնը անգամ մը եւս յայտնուեցաւ: Նիւթական մեծ զոհողութիւններով տպուած ու բոլոր երկրի տարածքին փակուած որմազդները մէկ գիշերուան մէջ դարձան իր հեղինակը դատապարտող քարոզչութեան առարկայ:

Մելինէ Մանուշեան յուշերը գրի առած է դիւրահաղորդ ու պարզունակ ոճով մը եւ այդ ոճը հարազատօրէն կրցած է թարգմանել Սօսի Տոլանողլու:

Գիրքը օժտուած է նաեւ բազմաթիւ լուսանկրաներով, որոնք ա՛լ աւելի հասկնալի կը դարձնեն թէ՛ հերոսներու ինքնութեան յատկանիշները եւ թէ առհասարակ տուեալ ժամանակահատուածի ընկերա-քաղաքական մթնոլորտը:

Մելինէ Մանուշեանի վերջաբանին կը յաջորդէ նաեւ յաւելուած մը՝ «Չաքարեանի վկայութիւնով» խորագիրով: Այստեղ կը յայտնուի դիմադրութեան մարտիկներէն Արսէն Չաքարեան, որ Մանուշեանի մահապատիժէն ետք շարունակեց դիմադրութեան պայքարը ու հասաւ յաջողութեան: Խաղաղութեան շրջանին ան ստանձնեց դիմադրութիւնը պատմելու սրբազան ուխտը ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին շրջելով բազմաթիւ դպրոցներ:

Այս հրատարակութեան մէջ եւս կը յարգուի «Արաս» հրատարակչութեան յատուկ բծախնդրութիւնը: Այս բծախնդրութեան պտուղն է լուսաբանութիւններու ցուցակը, ուր կը ծանօթացուին գիրքին մէջ յիշուած բազմաթիւ անուններ կամ կազմակերպութիւններ: