Բագրատ Էսդուգեան
Թուրքիոյ Հանրապետութեան բնորոշ յատկութիւնները վերջին տարիներուն հետզհետէ անվիճելի իրողութիւն դարձած են։ Հանրապետութեան հիմնադրութեան յաջորդող շուրջ 70 տարիներու ընթացքին թապուի վերածուած նիւթեր վերջին 30 տարիներուն օրըստօրէ աւելի համարձակ հաստատումներով կը քննարկուին։ Իրաւ ալ անցեալին կարելի չէր ըլլար իր հետեւանքներով շատ լուրջ խնդիրներու մասին իսկ կարծիք յայտնել։ Ոչ միայն նոր պետութեան խարիսխը կազմող հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ յաջորդող տասնամեակներու բոլոր ազգայնամոլ դրդումներով գործուած յանցագործութիւնները կարելի չէր հրապարակաւ քննարկել։
Պետութիւնը այդ բոլորին համար ունէր իր բացատրութիւնները, որոնք անվիճելի էին։ Օրինակի համար սերունդներ համոզուեցան թէ 1938-ին Տէրսիմի մէջ գործադրուածը յետադիմական բնոյթով ապստամբութիւնը կասեցնելու ուղղեալ զինուորական միջոցառում մըն է։ Շատ աւելի ուշ կարելի եղաւ լուսաբանել թէ ընդ հակառակը, պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ երկար տարիներու պատրաստութենէ մը ետք գործադրուած կոտորած մըն էր պատահածը, որ կը միտէր տեղւոյն ղըզըլպաշ ալեւի բնակչութիւնը հեռացնել իր հարազատ երկրէն։
Նոյնպէս շատեր քրիստոնեաներու եւ հրեաներու ուղղեալ ունեւորութեան տուրքը ընկալեցին իբրեւ պատերազմի շեմին անհրաժեշտ կանխամիջոց մը ըլլալով։ Դարձեալ լուրջ նախապատրաստութիւնով մը պետութեան ընդյատակեայ գործակալներուն կողմէ կազմակերպուած 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը երկար տարիներ ներկայացուեցան իբրեւ ժողովուրդական պոռթկում մը։ Երբեք նուազ չեն այս տեսակի օրինակները՝ որոնք անցնելով 1977-ի Մայիս 1-եան ցոյցերու դէմ բեմադրուած յարձակումէն, 1978-ին Մարաշի ալեւիներու դէմ գործադրուած զանգուածային կոտորածէն, Կազի թաղամասի մէջ դարձեալ ալեւիներու դէմ ի գործ դրուած յարձակումէն հասան մինչեւ մեր օրերուն։
Այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւնը տնտեսական ճգնաժամով, ընկերային յարաբերութիւններու քայքայումով եւ յատկապէս ապագայի նկատմամբ անվստահութիւնով կ՚ապրի իր 100-ամեայ պատմութեան դժուարագոյն շրջաններէն մէկը։ Այս իրողութիւնը յամառօրէն կ՚անտեսուի Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած իշխանութեան կողմէ եւ վարդագոյն ապագայ կը խոստացուի հասարակութեան միամիտ մեծամասնութեան։ Այդ խոստումի ետին կը շրջադարձուին բոլոր իրողութիւնները եւ անպատեհ երեւոյթներու մեղքը կը բեռցուի ընդդիմադիրներուն։ Նոյնիսկ ընդդիմադիրները կը դասուին իբրեւ երկրի զարգացումը խափանող ներքին թշնամիներ։ Այս պայմաններու մէջ է, որ Վճռաբեկ Ատեանի դատախազը երկրորդ անգամ կը դիմէ Սահմանադրական Ատեան, Ժողովուրդներու Ժողովրժավարութեան Կուսակցութեան (ՀՏՓ) գործունէութիւնը եւ անոր աւելի քան 500 յառաջատար գործիչներուն քաղաքական աշխատութիւնը արգիլելու պահանջով։
Ցաւալի է այն երեւոյթը, ուր ընդդիմադիր շրջանակներ ալ կը շարունակեն անտարբեր մնալ երկրի չնչին աստիճանի հասած ժողովրդավարական սկզբունքներուն տէր կանգնելու համար։
Քրտական Ազատագրական շարժումի խորհրդարանի մէջ ներկայացուցիչը համարուած ՀՏՓ այլեւս գերազանցած է իր սկզբնական առաքելութիւնը եւ ամրոցը դարձած է ժողովրդավարական բոլոր սկզբունքներուն։ Այդ յատկութիւնով ալ ան կ՚արժանանայ ոչ միայն քիւրտերուն, այլ շատ աւելի լայն բնակչութեան մը համակրանքին։ Ուրեմն արդարամիտ իւրաքանչիւր քաղաքացիի առաջնահերթ պարտականութիւնն է զօրակցիլ ՀՏՓ-ի հետ։
Արտատպուած՝ Ակօսէն