Նորայր Տատուրեան
– Անունս Ռուբէն Խաչեր։ Խաչեր եղած է հօրս անունը։ Մենք Սաճոնեան ենք։
Զրուցակիցս իր հօր անունը որպէս մականուն որդեգրած Ռուբէն Խաչերն է, մարաշցի երաժիշտ, կամաւոր զինուոր Խաչեր Սաճոնեանի եօթը զաւակներէն հինգերորդը, որ իր սերունդի բազմաթիւ հայորդիներու նման եղեր է Պէյրութի Թռչնոց Բոյն որբանոց-վարժարանի բնակիչներէն մէկը։ Ան կը պատմէ իր եւ իր հօր ոդիսականը, Մարաշէն Հալէպ, Պէյրութ ապա «Թռչնոց Բոյն» երկարող հէքիաթ մը։ Անոր պատմութիւնը տեսանելի ու առարկայական կը դառնայ, երբ պարբերաբար կ՚ակնարկէ իր հօր պատկանած քանի մը իրերու, – Մարաշէն մնացորդ մասունքներ, – որոնք հրաշաբար փրկուած ու այժմ բնակութիւն գտած են Լոս Անճելըսի իր տան մէջ։ Այս բոլորը մամուլի մէջ տեղադրելու եւ յաւերժացնելու նպատակով մտերմիկ զրոյց մը կ՛ունենանք՝ բաժակ մը թէյի բոյրով համեմուած։ Ռուբէն Խաչերի խօսքը կը սկսի հօրենական նախապատմութեամբ։
– Հայրս եղած է Մարաշցի։ Հինգ եղբայր էին։ Հինգն ալ նուագող եղած են արհեստով։ Երբ որ Մարաշի ջարդը եղած է, հայրս Հալէպէն վերադարձեր է տուն, որպէսզի ընտանիքին փրկէ։ Այն ժամանակ իր երեք անչափահաս զաւակները եւ կինը մորդուած գտեր է։ Հայրս ապա կ՛երթայ Իսկենտերուն ու հոն գտնէ երկու եղբայրները։ Որոշ ժամանակ մը հոն կը մնան, ապա կ՛երթան Հալէպ։ Հալէպի մէջ կը գտնեն իրենց մեծ եղբայրը, մասամբ խելագարուած։ Հոն է, որ հայրս կը ծանօթանայ Զէյթունցի աղջկան մը հետ։ Նորէն կ՛ամուսնանայ։ Մօրս անունը եղած է Սիմա Դաթոյեան։ Միացեր են, ամուսնացեր են եւ նոր բոյն կազմեր են։ Հայրս այդ ամուսնութենէն դարձեալ կ՛ունենայ զաւակներ. հինգ տղայ, երկու աղջիկ։ Ես հինգերորդն եմ։
Սուրճի սեղանի վրայ է իր երաժիշտ-խմբաւար հօր նուագի ձեռագիր տետրակը։ Մելանով ու նախորդ դարու ճաշակով գեղագրուած պարանուագներու եւ ուրախ առիթներու երգերու ընտրանի մըն է ան, որ կը պարունակէ թանկօ մը, չարլիսթոն մը, եւ այլն.։
– Ըստ լսելուս, Հալէպի մէջ խնճոյքներու կամ հարսանիքի կ՛երթան եղեր։ Կամ ինքը մի քանի հոգի կը ղրկէ եղեր, ըսելով՝ «Գացէք այս ինչ տեղ նուագեցէքե։ Ան Մարաշի մէջ նուագած է, բայց որքա՛ն ժամանակ եւ ինչպէ՛ս՝ չեմ գիտեր։ Ինք մասնաւոր նուագախումբ մը չէ ունեցած, բայց գիտեմ, թէ նուագեր են քաղաքի լատին կաթոլիկներու եկեղեցիին մէջ։ Քլարինէթ կը նուագէր։ Ես անիկա տեսած եմ։ Իր նուագած քլարինէթը դժբախտաբար չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր գնաց։
Ան կը բացատրէ նաեւ, թէ հայրը Հալէպի մէջ ինչո՞ւ «ժէնէրալ» կը կոչուէր։
– Հասակաւոր է եղեր, ու որպէս ֆրանսական բանակի սպայ եւ նուագախումբի պատասխանատու՝ բոլորն ալ ի յարգանք՝ «ժեներալ» կոչեր են զինք, որպէս նուագախումբի խմբաւար կամ կարգադրիչ։
Պատերազմը եւ տեղահանութիւնը երբ վերջ կու տայ Մարաշի հայկական կեանքին եւ «չարլիսթոն»ներուն, Սաճոնեան ընտանիքն ալ կ՚ընդունի իր բաժինը։
– Դժբախտաոար չեմ յիշեր բոլոր հօրեղբայրներուս անունները … Կար Անտօնը, Վարդանը, Յովսէփը , իսկ Վարդանը պզտիկ եղբայրը եղած է։ Մայրս ունեցեր է եղբայր մը միայն։ Անոնք ալ պատահմամբ Հալէպի մէջ գտեր են զիրար։ Ան կը պատմէր, թէ օր մը, մօրս ապրած թաղը քանի մը փայտահատ եկած են փայտ կտրելու։ Դիմացը, դրացիէն ջուր ուզեր են։ Երբ որ մայրս ելեր է ջուր տալու, մարդը ապշած կեցեր է, ըսեր է, որ այս տեղդ «պէն»ի պէս բան մը կա՞յ։ «Այո» ըսեր է մայրս։ «Դուն Սիման ես», ուրախացեր է մօրեղբայրս։ Այդ օր քոյր եղբայր միացեր են։ Բայց 1945-46ի գաղթին Հայաստան գացած է եղբայրը։ Մայրս առանցին մնացեր է։ Ուրիշ մէկը չունէր։
Ապա կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի Նոր գիւղ հայաբնակ թաղամասի մէջ յետ-պատերազմեան տարիները եղան նոր զրկանքներու եւ պայքարի տարիներ, ապա երեք քոյր-եղբայր յայտնուեցան որբանոցի մէջ։
– Հայրս զինուորական եղած է, միշտ զօրանոց եղած է։ Ո՞ւր էր զօրանոցը… Հաւանաբար քաղաքին մէկ ծայրը, այդ պատճառով տունը շատ չէր կենար։ Այսինքն հօրս շատ չեմ տեսած։ Մօրս աւելի կը յիշեմ։ Անգամ մը դպրոց եկաւ, զիս առաւ։ Տան ճամբուն վրայ տեսանք գերմանական մոթորքլիստներ՝ երկու զինուորներով։ Անոնք խուզարկում կը կատարէին։ Մայրս անմիջապէս հօրս վերարկուն, զինուորական գլխարկը եւ պոթը (մոյկ) տոպրակի մը մէջ դրաւ, խոհանոցի գետինը, ուր կրակ կը վառէին, փորեց, ու զանոնք հոն թաղեց։ Այն ժամանակ հօրս սուրն ալ բռնեց մայրս, նեղ վարդանոց մը կար, վարդի պարտէզ, այդտեղը թաղեց։ Օր մըն ալ դպրոցէն եկայ, ինծի կտոր մը հաց տուաւ։ Մամայիս ըսի. «Մամա աս ի՞նչ տեսակ հաց է, ամէնը սեփ-սեւ բաներ կան մէջը»։ Մայրս նայեցաւ, «Կե՛ր տղաս, ասոնք կ՚ուտուին», ըսաւ։ Կ՚երեւայ, թէ, Առաջին հաղորդութեան առիթով այդ կարկանդակը տուած էր։ Հալէպ ճիզվիտներուն դպրոցը գացեր եմ։ Հայրս 46-ին մահացեր է, մայրս ալ 48-ի սկիզբը մեռեր է։ Հայրս 1878-ի ծնունդ է։ Մայրս ալ աւելի երիտասարդ էր։ Երբ մայրն ալ մահացաւ, տան մէջ եօթը հոգի մնացինք։ Մեծ քոյրս, որ այն ատեն 14-15 տարեկան էր՝ ամուսնացեր էր արդէն։ Նախ քան մայրս մեռնիլը իրեն անուսնացուց։ Անկէ յետոյ մենք տունը մնացինք։ Կը յիշեմ, թէ հօրեղբօրս տան դիմացը մեր «մամային»՝ Մարիա Ճաքըպսընի որդեգրած աղջիկը կար։ Երբ որ հօրեղբօրս կինը կը տեսնայ, որ հոն եկած է «մաման», կ՚երթայ, բարեխօսութիւն կ՛ընէ։ Ճաքըպսընը «Կ՚ըլլայ, բերէք», կ՚ըսէ։ Պզտիկ քրոջս Աննային հետը կը տանի Լիբանան որբանոց։ Աննան այն ատեն մէկուկէս կամ երկու տարեկան էր։ Երկու երեք ամիս վերջն ալ, Ապրիլ 3-ին մենք կ՚երթանք Լիբանան. ես եւ իմ պզտիկ եղբայրս՝ Միքայէլը։ Իսկ մեծերը մնացին Հալէպի մէջ։
Որբանոցի յիշատակները վառ են։ Երանութեամբ կը պատմէ ան լաւ կազմակերպուած եւ ապահով որբանոցի օրերէն քաղուած պատկերներ։
– Առաջին գիշերը պառկեցանք Պուրճ Համուտի մէջ։ Յաջորդ օրը տիկին մը մեզ դպրոց տարաւ [Ճիպէյլ, Պէյրութէն 20 քիլոմեթէ հիւսիս, Միջերկրականի ափին, պատմական Պիպլոս քաղաքը]։ Հոն մեզ յանձնեց Մարիա Ճաքըպսընին։ Քրոջս ըսին, «Եղբայրներդ եկան»։ Առաջին անգամ քրոջս տեսայ…։ Դպրոցը երջանիկ էինք։ Ընդհանրապէս արդէն որբանոց եղողները երկու, երեք, երբեմն չորս զաւակ կ՛ըլլային եւ անոնց մայրերը եկած կ՛ըլլային։ Շատերուն մայրերը հոն կ՛աշխատէր։ Մենք որոշ խումբերու բաժնուած էինք։ Ամէն մէկ խումբը չորս-հինգ տղոցմէ կը բաղկանար։ Ամէն մէկը բակերու բաժնուած էր։ Պէտք էր առտու կանուխ ելլէինք ու նախ այդ բակերը մաքրէինք։ Անկէ յետոյ զանգակը կը զարնուէր ու մենք մարզանքի պէտք էր, որ երթայինք։ Մարզանքէն վերջ լուացուիլ եւ ճաշարան։ Ճաշէն վերջ՝ աղօթքի։ Աղօթքէն վերջ դպրոց կը սկսէինք։ Ասոնք իրարու ետեւ, ամէն օր նոյնն էր…։ Անշուշտ, թէ հայերէն կը խօսէինք։ Ամէնն ալ հայերէն կը խօսէին, ներառեալ ի՛նքը մամա Ճաքըպսընը։ Իր մայրենի լեզուն անշուշտ գիտէր, անգլերէն ալ գիտէր, բայց հայերէնը շատ լաւ կը խօսէր։ Կային նաեւ մի քանի արաբ քրիստոնեայ տղաք, մէկ հատ ալ արաբ աղջիկ կար, անունը Սըննի Նիժէթ էր։ Դպրոցի մէջ լաւ էինք։ Ֆուտպոլ կը խաղայինք, սկաուտական շարժում կար, կամաւոր տղոց ընկերութիւն կար Տանիմարքական…։
Տանիմարքացի այդ նուիրեալ կինը, որ «մայր» էր հազարաւոր հայ որբերու եւ տեղահանուածներու համար, պատասխանատու էր անոնց սնունդէն, հայեցի դաստիարակութենէն, հոգեւոր կրթութենէն եւ ապահովութենէն, պարտաւոր էր նաեւ, ըստ Խաչերի խօսքով՝ «խիստ» ըլլալու։
– «Մայրիկը» խիստ էր։ Երբ զինք տեսնայինք կը փախէինք, որ չտեսնայ։ Շատ խիստ էր, բայց շատ գուրգուրոտ էր։ Կը գուրգուրար, կը համբուրէր, կը շոյէր։
Թէեւ ուրախ էին որբանոցի մէջ եւ ապահով, բայց հոն տեղի ունեցեր են նաեւ ողբերգութիւններ։
Դպրոցը ամարանոց մը ունէր, 20 քիլոմեթր հեռու Թըրզայա գիւղին մէջ։ Ամառները հոն կ՛երթայինք։ Ամէն 15 օրը անգամ մը երկու տղայ, երկու աղջիկ կու գային որպէսզի այնտեղի պատասխանատուին օգտակար ըլլան։ Մենք ալ նոյնպէս, շինարարութիւն մը կար, շինարարութեան օգտակար պիտի ըլլայինք։ Մարիա Ճաքըպսընի խոհանոցին տանիքը «սէմէնթ» պիտի թափուէր։ Ես եւ Խորէն անունով ինձմէ մեծ տղայ մը եկանք հոն։ Ալ չեմ յիշեր երրորդ, չորրորդ օրն էր, սկսանք աշխատելու։ Վարէն պարոն Յակոբը երկաթները կը տար, մենք ալ վերէն կը բռնէինք, կը քաշէինք, պարոն Պօղոսը կը շարէր, որ վերջը պէթոն թափուէր։ Ալ ինչպէ՞ս եղաւ չեմ գիտեր, միասին ինկեր ենք երրորդ յարկէն։ Երեք յարկ բարձր էր, հին շէնք էր։ Միայն, թէ արթնցայ, որ ինծի կ՛ըսեն. «Ուրտե՞ղդ կը ձաւի»։ Այս խօսքը լսեցի։ Հաւաքուեր էին գլուխս։ Մատս ցցուցի, աջ ոտքս ցցուցի։ Առանց խօսելու անշուշտ։ Մատս կոտրուած էր, ակռաներս փշրուած էին, կզակս ծակուած էր, յօնքս պատռուած էր։ Այդ ձեւով հիւանդանոցի մէջ մնացի։ Երբեմն այցելուներ կու գային։ Իսկ ես կը հարցնէի, թէ Խօրէնը ո՞ւր է։ Կը պատասխանէին, թէ ուրիշ հիւանդանոցի մէջ է։ Կ՚ըսէի, «Հոս թող գայ, քովս այս մահճակալը թող նստի»։ Վերջը հասկցայ, որ Խորէնը տեղւոյն վրայ մահացեր է։ Եւ այդ տղան, այդ դպրոցին թիւ մէկ տղոցմէ էր ու քանի մը օրէն պիտի ելլէր, շրջանաւարտ պիտի ըլլար։
Սեղանիկի վրայ ցուցադրուող ամէն առարկայ ունի իր պատմութիւնը, կ՛արթնցնէ ընտանեկան մէկ այլ յիշատակ։
– Ակնոցը, դգալները, այս պզտիկ սուրը, սուինը, սուրճ աղալու գործիքը, արհեստաւորի զանազան գործիքները, ասոնք ամէնը եղբօրս քովէն բերած եմ։ Հալէպէն։ Քրոջս քով սուրճի ափսէ մը կար։ Հալէպ կամ Պէյրութ ձգեցինք։ Երանի բերէինք։ Իսկ այս դաշոյնի վրայ ես փորագրել տուի հօրս եւ մօրս անունները. «Խաչեր Սաճոնեան», «Սիմա Դաթոեան»։
Ապա կը պատմէ սափրիչի խանութի մը մէջ եղած անակնկալը.
– 1955-ին որբանոցէն երբ ելայ, եղբայրս զիս սափրիչի մը ծանօթացուց, որպէսզի հոն երթամ։ Օր մըն ալ նորէն հոն գացի։ Քանի մը հոգի նստած էին, երկու ծերեր եւ մէկ հոգի ալ աթոռին վրայ էր, որ կը սափռուէր։ Ես ալ նստեցայ։ Մարդը թրքերէնով ըսաւ, «Աս տղան ալ Խաչերին տղան է» (Պու տա Խաչերին օղլուտուր)։ Մինչ այդ, այն մարդը ոտքի ելաւ, զինուորական բարեւ մը տուաւ ինծի ու ըսաւ, «Ասիկա քու հօրդ յարգանքին համար է։ Քու հայրդ մեզի շատ օգնական եղած է, մեծ զինուորական եղած է, նուագախումբի պատասխանատու»։ Այդ ձեւով այդ մարդուն յարգանքին արժանացայ։
Որբանոցի օրերը կը վերջանան ու կը սկսի սեփական կեանքը որպէս լուսանկարիչ։
– Մենք Անճարցի պարոն մը ունէինք, պարոն Կարօն։ Ատոր կը հարցնէինք, թէ ի՛նչ արհեստ սորվինք։ Ինծի ըսաւ, որ իմ մատերս երկար են ու աղուոր նկարիչ կրնամ ըլլալ։ Հարցուցի, թէ ի՛նչ է նկարչութիւնը։ Բացատրեց, որ մութ սենեակ կ՛երթան, դեղեր կան, դեղ պիտի շինեն, եւ այլն։ Երբ որ 1955-ին դպրոցէն ելայ, եղբօրս ըսի, որ նկարչութիւն պիտի սորվիմ։ Արհեստս այդ եղած է մինչեւ վերջ։
«Թռչնոց բոյն»էն ելած երիտասարդը, արհեստի ալ տիրացած, պատրաստ էր ի՛ր բոյնը շինելու։
– Դրացի էինք։ Պէյրութի Մարաշ թաղամասը կը նստէինք, ես եւ քոյրս։ Պզտիկ եղբայրս արդէն ամուսնացած էր։ Դիմացի դրացինիս տեսայ երիտասարդ աղջիկ մը։ Ան քրոջս ընկերուհին եղած էր ժամանակին։ Ծանօթ եղած էր։ Անունը՝ Ալիս Պոյմուշակեան։ Այդ ձեւով ծանօթացանք եւ ընտանիք կազմեցինք։ Ունեցանք երեք աղջիկ, բախտաւորուեցանք վեց թոռնիկով։
Անշունչ առարկաները ոգի, պատկանելիութիւն, անհատականութիւն կը ստանան, երբ ընտանիքի մեծերը աւանդազրոյցներով կը փոխանցեն զանոնք յաջորդ սերունդներուն – մշակութային հարստութիւնները պահելու լաւագոյն ճամբան։ Կը յուսամ, թէ ամէն հայ ընտանիքի յիշատակի առարկաները Խաչերեաններու նոթատետրին դաշոյնի, սուինի եւ սրճաղացի չափ բախտաւոր ըլլան ու պահեն իրենց ինքնութիւնը՝ սեփական երդիքի տակ։
Արտատպուած՝ Ակօսէն