24 Ապրիլ 1915 ին երկու հարիւրէ աւելի հայ մտաւորականներ իրենց տուներէն ձերբակալուելով բռնաբար աքսորի ենթարկուեցան: Անոնց մեծամասնութիւնը կարճ ատեն մը ետք ոչնչացուեցան եւ սպաննուեցան Իթթիհատ եւ Թերաքքի Կազմակերպութեան կողմէ յառաջացուած զինուորական նախարարութեան կազմած գաղտնի կազմակերպութեան կողմէ ծրագրուած միջոցներով: Հայ ժողովրդի գիտակցութեան, խղճին եւ ձայնին մխրճուած այս դաշոյնին յաջորդեցին երկու միլիոնէ աւելի հայերու տեղահանութիւնը, արմատախիլ ըլլալով իրենց պատմական բնակավայրերէն ու տուներէն: Անոնց մեծամասնութիւնը ենթարկուեցաւ իրենց մտաւորականներու եւ առաջնորդներու ճակատագրին: Իսկ վերապրողները եւ յաջորդող սերունդները ցարդ արդարութեան փնտռտուքի մէջ են:
Օսմանեան Կայսրութեան հայերու ծրագրուած եւ կազմակերպուած սպանդի եւ տեղահանութեան ժամանակ նաեւ տեղի ունեցաւ ինչքերու բռնի իւրացում, առաւել մշակութային դարաւոր կոթողներու բնաջնջում : Նոյնիսկ գերեզմաններու վրայ զուգարաններ տեղադրուեցան, եկեղեցիներ ծրագրուած կերպով կողոպուտի եւ քանդումի ենթարկուեցան նոյնիսկ վերապրողներուն վերադարձը արգիլուեցաւ զանազան կեղծ պատճառաբանութիւններով:
Մենք ցեղասպանութեան 105- րդ տարեդարձին՝ Նոր Զարթօնք եւ Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւններս, հայ ժողովրդի եւ նմանապէս նոյն ժամանակաշրջանին ցեղասպանութեան եւ աքսորի ենթարկուած ասորի եւ պոնտեցի ժողովուրդներուն համար արդարութիւն կը պահանջենք:
Մինչեւ օրս Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած մերժումի քաղաքականութենէ մասամբ հեռանալով Էրտողան ցաւակցութիւն յայտնելու ստիպուեցաւ, որը կը համարուի նորաձեւ մերժումի քաղաքականութիւն եւ որը նոյնպէս դատապարտուած է ձախողութեան: Տեղին է նշել, որ ակնյայտ է հայութեան նկատմամբ ատելութեան եւ խտրականութեան աճը որուն ի հետեւանք բարձրացած է հրապարակային մոլեգին նեղութիւնները եւ հալածանքները բերանացի եւ ֆիզիկական յարձակումներով: Անցեալ տարի 24 Ապրիլ-ին Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան նախաձեռնութեամբ Սուլթան Ահմետ հրապարակին վրայ կազմակերպուած հերթական 24 Ապրիլ- ի ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին ցեղասպանութիւն բառին գործածուելուն պատճառաբանութեամբ ոստիկանութիւնը արգիլած են ձեռնարկը: Նույնպէս, ցեղասպանութիւն բառը գործածող մեր ընկերը բերման ենթարկուած է:
Թուրքիոյ ժողովրդավար հասարակութիւնը ուրիշներու պատճառաւ ցեղասպանութիւն որակումը գործածելէ պէտք չէ խուսափի եւ ետ դարձ ընէ: Մենք ի գին ամեն ինչի, Հրանդ Տինքին օրինակէն առաջնորդուելով պիտի չվարանինք տարբեր Թուրքիայ մը երեւակայելէ: Ինչպէս որ կարելի չէ ճշմարտութիւնը թաքցնել, նոյնպէս ալ կարելի չէ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրել: Միայն այսօրուայ եւ ապագայի վրայ բացասական ճնշումը նուազեցնելու դիտաւորութեամբ պէտք է աշխատիլ եւ միասնաբար արդար և ժողովրդավար Թուրքիոյ մը համար պէտք է պայքարիլ:
Մենք՝ Նոր Զարթօնք եւ Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւններս, պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու, արդարութիւնը հաստատելու եւ համատեղ գոյակցելու հեռանկարը կերտելու համար, անհրաժեշտ եւ առաջնահերթութիւն կը նկատենք հետեւեալը․
– Թուրքիոյ կողմէ միակողմանիօրէն փակուած Հայաստանի սահմանի անյապաղ վերաբացումը առանց նախապայմանի․ – արմատներով եւ ծագումով այս աշխարագրութեան պատկանող ցանկացող սփիւռքահայուն շնորհել հպատակութիւն․
– Ցեղասպանութիւնը ընդունիլ իբրեւ իրողութիւն եւ ներում խնդրել․ – ցեղասպանութիւնը ծրագրողները եւ իրագործողներուն յանձագործութիւնները հրապարակել մամուլով եւ դասաւանդել դասագիրքերով․
– Ցեղասպանութիւնը գործադրողներուն անունները վերցնել փողոցներու եւ դպրոցներու անուանացանկէն եւ զոհերու եւ վերապրողներու անուններով տեղափոխել․
– Ցեղասպանութիւնը ժխտող անձերուն եւ հաստատութիւններուն անունները բացայայտել եւ անոնց գործունէութիւնը դադրեցնել ու չէզոքացնել․
– Ցեղասպանութիւնը մերժելու եւ ուրանալու համար ստեղծուած բոլոր մարմիններու լուծարքը, պահանջելով անոնց տրամադրուած գումարները եւ պիւտճէները յատկացնել հաւաքական համերաշխութիւն ստեղծելու գործընթացին. Այս գործընթացով պիտի բացահանուի եւ դատապարտուի անցեալին գործուած նոյնանման ոճիրներ եւ կանխարգելուի ապագային նման ոճիրներուն գործադրութիւնը: Իրականութեան դրժումը խաղաղ եւ արդար ապագայի կերտմանը դիմաց ցցուող ամենամեծ խոչընդոտն է, հետեւաբար ցեղասպանութիւնը մերժել կը նշանակէ ցեղասպանութիւնը շարունակել․
Մենք՝ Նոր Զարթօնք եւ Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւններս կոչ կ’ուղղենք Թուրքիոյ եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, որ խաղաղ ապագայի մը համար զօրակցին մեզի եւ բերեն գործոն մասնակցութիւն: Հարիւր հինգ տարի անցաւ, օր մը նորէն թող չանցնի:
Արժանթինահայ Մշակութային Միութիւն & Նոր Զարթօնք