Վիտէօ-Քոնֆերանս՝ 1915-ը եւ Ներկան

[ A+ ] /[ A- ]

Կը խօսինք 1915-ի եւ Ներկայի մասին։

Վիտէօ-Քոնֆերանսի ժողովին դուք ալ կրնաք մասնակցիլ Նոր Զարթօնքի ֆեյսբուքի էջի միջոցով։ Միջոցառումը երկլեզու է՝ թրքերէն եւ հայերէն։

22, 23 եւ 24 Ապրիլ 2020

Ուղիղ սփռումին հետեւելու համար
www.facebook.com/NorZartonk/live

Զրուցավար՝ Սայաթ Թէքիր

Հիմնադիրներէն՝Նոր Զարթօնք եւ Նոր Րատիօի, հասարակական գործիչ, ընկերաբան եւ ազատ լրագրող: Կ’աշխատի Թուրքիոյ-Հայաստան սահմանի մասին:

22 ԱՊՐԻԼ 2020 ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Հայաստանի ժամով՝ (GMT+4)

19.00 Առնօ Գալայճը (թրքերէն)

Փաստաբան, Նոր Զարթօնքի անդամ: Կը շարունակէ իր ուսումը Պոլսոյ Պիլկի Համալսարանի Մարդկային Իրաւունքներու մագիստրոսային բաժնի մէջ: Ուսումնասիրած է Լոզանի դաշնագիրի մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:

20.00 Հրակ Փափազեան (հայերէն)

Ընկերային մարդաբան է, եւ իր PhD ուսումնասիրութիւնը կատարած է Թուրքիոյ մէջ։ Նիւթը՝ թուրքիոյ մէջ տարբեր «հայկականութիւն»ները։ Այժմ կը դասախօսէ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ։

22.00 Մանուկ Աւետիքեան (հայերէն)

Քաղաքագիտութեան մագիստրոս ստացած է Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ու վերջին 5 տարին աշխատած է հարիւրաւոր Եղեռնէն վերապրողներու հարցազրույցների վրայ USC Shoah foundation-ի մեջ:

23.00 Ատրիան Լոմլոմճեան (հայերէն)

Արժանթինահայ Մշակութային Միութեան նախագահ և “Հայ Ձայնը” ռատիօժամի տնօրէն։ Արժանթինի Կոմունիստական Կուսակցութեան անդամ է։

23 ԱՊՐԻԼ 2020 ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Հայաստանի ժամով՝ (GMT+4)

19.00 Ուղուր Իւմիթ Իւնկէօր (թքերէն)

Փրոֆեսէօր՝Ամսթերտամ համալսարանի պատմութեան բաժնի ցեղասպանութեան ինստիտուտի մէջ: Մասնագէտ՝ զանգուածային բռնութեան. կը գրէ Օսմանեան Կայսրութենէն դէպի ազգ-պետութիւն անցումի շրջանին տեղի ունեցած ընդհարումներու եւ բռնութեան մասին:

20.00 Այշէնուր Քօրքմազ (հայերէն)

Ամսթերտամ համալսարանի պատմութեան բաժնի մէջ տոքթորայի ուսանող: Իր գլխաւոր ուսումնասիրութեան բնագաւառներն են՝հայերը ուշ Օսմանեան պատմութեան շրջանին, Խորհրդային Հայաստան եւ զանազան մարդաբանական նիւթեր ինչպէս՝հայրենիք, սրբութիւն եւ նիւթապաշտութիւն:

22.00 Թայֆուն Պալջըք (թրքերէն)

Լեյտըն համալսարանի շրջանաւարտ. Իր մագիստրոսային աւարտաճառը գրած է հայոց ցեղասպանութեան մասին: The Hague Projects-ի հոլլանտացի-հայ-թուրք-քուրտ աշխատանքային խումբի համակարգողը եւ գրող:

23.00 Մուրատ Մըխճը (թրքերէն)

Գրող, Նոր Զարթօնքի անդամ: ՀՏՓ-ի կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, ժողովուրդներ ու դաւանանքներու յանձնախումբի ներկայացուցիչ, քաղաքական գործիչ:

24 Ապրիլ 2020 ՈՒՐԲԱԹ
Հայաստանի ժամով՝ (GMT+4)

19.00 Րակըփ Զարաքօլու (թրքերէն)

Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ լրագրող: Համահիմնադիրը՝Պելկէ հրատարակչատան, որ հանրածանօթ է քաղաքական, տնտեսական, փիլիսոփայական եւ մարդկային իրաւունքներու մասին հրատարակած գիրքերով:

20.00 Անի Պալըքճը (թրքերէն)

Մանկապարտէզի ուսուցիչ՝հանգստեան կոչուած: 24 Ապրիլ 2011-ին բանակի մէջ սպաննուող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի մայրը:

22.00 Արա Սարաֆեան (հայերէն)

Ուշ Օսմանեան Կայսրութեան եւ արդի հայոց պատմութեան մէջ մասնագիտացած է: Հիմնադիրներէն է Լոնտոնի Կոմիտաս Ինստիտուտի:

23.00 Լերնա Էքմէքճիօղլու (թրքերէն)

Դասախօս՝ MIT համալսարանի Պատմութեան եւ Կնոջական ուսումնասիրութիւններու բաժնի մէջ: Իր ուսումնասիրութիւնները կը շարունակէ բազմազանութիւն՝Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, կանանց հիմնախնդիրներու, պատերազմի, համաշխարհային յեղափոխութեան նիւթերու մասին:

00.00 Մէլիսսա Պիլալ (թրքերէն)

Քալիֆորնիոյ համալսարանի մէջ կը դասախօսէ ազգագրական երաժշտութիւն եւ կը շարունակէ իր աշխատութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին մէջ: Իր ուսումնասիրութեան առարկաներն են նաեւ հայագիտութիւնը, երաժշտութիւնը, բանաւոր պատմութիւնը, սեռագիտական ուսումնասիրութիւնները եւ Միջին արեւելքը:

Ուղիղ սփռումին հետեւելու համար
www.facebook.com/NorZartonk/live

Nor Zartonk / Նոր Զարթօնք