Agos
Որքան ալ երկրի քաղաքական համայնապատկերը խիստ լարուած տպաւորութիւն կը պարզէ, այս տարի դարձեալ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ յիշատակուեցան Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Այս ոգեկոչումները կարգ մը քաղաքներուն մէջ կատարուեցան համեստ միջոցառումներով, իսկ Իսթանպուլի մէջ լայն մասնակցութեամբ։ Նախորդ տարիներուն պատմաբան Արա Սարաֆեանի մասնակցութիւնով շատ աւելի ոգեւոր միջավայրի մէջ կատարուած յիշատակումը այս տարի կայացաւ Տիյարպէքիրի հայերուն նախաձեռնութեամբ։ Պատերազմի իրավիճակին տիրած այս քաղաքի պայմանները նկատի առնելով այսքանը իսկ կարեւոր միջոցառում պէտք է համարել։ Տիյարպէքիրի հայերը մէկտեղուեցան Շաբաթօրեայ Մայրերուն հետ եւ յատուկ յիշեցին Ցեղասպանութեան մանաւանդ ալ Օսմանեան Խորհրդարանի անդամ երեսփոխան զոհերը։ Նման բնոյթով միջոցառում մըն ալ կատարուեցաւ Տէրսիմ քաղաքի մէջ, ուր հոս ալ Տէրսիմի հայերը մէկտեղուեցան Սէյիտ Ռըզայի յուշարձանին մօտ եւ կարդացին այս տարուայ մամլոյ յայտարարութիւնը։ Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ կայացած նմանաբնոյթ յիշատակումները կրկնուեցան նաեւ Չանաքքալէի, Մարտինի եւ այլ քաղաքներուն մէջ։
Իսթանպուլի միջոցառումը ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի եւս ունէր զանգուածային բնոյթ։ Ինչպէս ամէն տարի այս տարի ալ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ մէկտեղուած Շաբաթօրեայ Մայրերը իրենց անյայտ կորած հարազատներու կողքին կը յիշէին նաեւ հայ ազգի նահատակները իրենց կուրծքին վրայ պահելով Գրիգոր Զոհրապի, Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Կոմիտաս Վարդապետի եւ այլոց նկարները։ Իսկ Կիրակի օր Մարդու Իրաւունքներու Միութեան նախաձեռնութեամբ յիշատակման միջոցառում կազմակերպուեցաւ նախ Հայտարփաշայի կայարանին մօտ, ուրկէ հայ աքսորեալները մեկնած էին դէպի մահ։ Երկրորդ միջոցառման վայրն էր Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատունը, ուր կը ննջէ շարունակուող ցեղասպանութեան զոհերէն Սեւակ Պալըքճը։ Տրուած ըլլալով որ Ապրիլ 24 թուականը միաժամանակ մահուան տարելիցն է այս տարաբախտ զինուորին, շիրիմին վրայ կատարուեցաւ նաեւ Հոգեհանգստեան Կարգ, ձեռամբ Տէր Շիրուան Քահանայ Կիւրզեանի։
Օրուայ վերջին ու ամենախորհրդանշական միջոցառումը տեղի ունեցաւ Փէրա թաղամասին մէջ Իսթիքլալ փողոցի վերջամասին Թիւնէլի հրապարակին վրայ։ Մարդու Իրաւունքներու Միութեան եւ ցեղապաշտութեան ու ատելութեան դէմ իր տարած պայքարներով ծանօթ «ՏուրՏէ» հարթակը գլխաւոր կազմակերպիչներն էին Թիւնէլի հրապարակի միջոցառման։ Անոնց միացան նաեւ ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւորներ, Կանանչներու Կուսակցութեան Նախագահը, մտաւորականներ եւ պոլսահայ համայնքէն դէմքեր։
Այս հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Եւրոպայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, որոնց կազմին մէջ էր ՀԲԸՄ-ի Եւրոպայի ղեկավար Նիքոլաս Դաւիթեան, նոյն կազմակերպութեան Հոլանտայի ներկայացուցիչ Յարութ Փալանճեան եւ այլ դէմքեր։
Նշենք որ Ապրիլի 24-ին «ԻՄՃ», «Հայաթ ԹՎ» եւ Պրիւքսէլէն թրքերէն հաղորդում կատարող «Մէտ Նուչէ» քրտական հեռուստակայանը ամբողջ օրուայ ընթացքին յատուկ հաղորդում կատարեցին 1915-ի ցեղասպանութեան նիւթով։
2016-ի Ապրիլ 24-եան ոգեկոչումներուն մէջ բացառիկ եզակի երեւոյթ էր վերջերս Վանի մէջ բնակարան մը գնելով իր նախնեաց երկիրը վերադարձած Հայաստանի քաղաքացի Տիկին Գայիանէ Գէորգեանի Աղթամար կղզու Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարած սգահանդէսը։ Տիկին Գէորգեան իբրեւ Վանի միակ հայուհի տեղացիներու ցաւակցութիւնները ընդունեց եկեղեցւոյ մէջ եւ իրենց բաժնեց խորհրդանշական հոգեճաշ։