Պոլսահայութեան Վերայայտնութիւնը՝ Պոլսոյ Մէջ

[ A+ ] /[ A- ]

05b2a7a

Ալպէր Քէշիշ
Arevelk.am

Պոլսահայութիւնը՝ արեւմտահայոց այս կարեւոր հատուածը առանձնայատուկ վիճակ մը կը ներկայացնէ տեղացի ժողովուրդին հետ ունեցած իր շփումներուն մէջ: Ցաւալին այն է որ Փոքր Ասիոյ հնագոյն եւ բնիկ ժողովուրդներէն հայ ազգը, իր բնօրրանին վրայ ո՛չ միայն բնակչութեան տեսակէտէ նսեմացած էր, միաժամանակ՝ մեծամասնութիւնը կազմող տեղացի ժողովուրդին յիշողութենէն ջնջուած էր: 1990ական տարիները եւ յատկապէս Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կարեւոր դարձակէտ մը հանդիսացաւ՝ տեղացի ժողովուրդին մեծամասնութեան յիշողութիւնը թարմացնելու ուղղութեամբ:

Տեղացի թուրք ժողովուրդին կողմէ պոլսահայութեան օտարացումը , այլ խօսքով՝ պատմական իրողութիւններու բերումով հայ համայնքին հասարակ ժողովուրդին մօտ գրեթէ ամբողջովին մոռացութեան ենթարկումը, տիրող հակահայ մթնոլորտին եւ հայատեացութեան բնական հետեւանքն էր: Հետեւաբար՝ պոլսահայութիւնը, մասնաւորաբար Ի դարու երկրորդ կէսը, տասնամեակներով շարունակ աննշմարելի եւ աներեւելի դարձած էր իր հարազատ քաղաքին՝ Պոլսոյ մէջ:

Օսմանեան շրջանի Պոլսոյ առօրեային մէջ կարեւոր դեր մը կը խաղար պոլսահայ համայնքը թէ՛ կայսութեան պալատին մէջ ունեցած բարձր ծառայութիւններով եւ թէ որպէս սովորական կեանքին ազդեցիկ ու գործօն տարրերէն մին: Պոլսահայոց նպաստը խիստ կարեւոր եղած է քաղաքին զարգացման ուղղութեամբ՝ գրեթէ բոլոր մասնագիտութիւններէ եւ բնագաւառներէ ներս: Այս էր պոլսահայ համայնքի առկայ իրավիճակը մինչեւ Մեծ Եղեռնի նախօրեակը:

Այստեղ հարկ է նշել հին ու նոր տուեալներով պոլսահայ բնակչութեան քանակը, քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան հետ բաղդատելով: Ըստ պատմաբան Ֆիլիփ Մանսէլի՝ 1914ի ենթադրական տուեալներով Պոլսոյ ընդհանուր բնակչութիւնը կը հաշուէ 1,020,000 հոգի, որոնց 49 տոկոսը կը կազմեն մահմետականները, 25 տոկոսը հայերը, իսկ մնացեալը՝ տարբեր ազգերու պատկանող ոչ-մահմետականներ: 1995ի հոկտեմբերին կայացած մարդահամարի պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Պոլսոյ բնակչութիւնը կը հասնի 12,000,000ի, որուն  99,99 առ հարիւրը կը կազմեն մահմետականները, իսկ հայերը՝ միայն թէ 0,005 տոկոսը: Այժմ Պոլսոյ ընդհանուր բնակչութիւնը կը հաշուէ առնուազն 15,000,000 հոգի, որոնց շատ աննշան մէկ մասը կը կազմէ պոլսահայութիւնը՝ մօտաւորապէս 60,000 բնակչութեամբ: Այս տուեալները յստակօրէն ցոյց կու տան պոլսահայութեան որքա՛ն փոքրաթիւ համայնքի մը վերածուիլը՝ համեմատելով 1914-ի տուեալներուն հետ:

Պոլսահայ բնակչութեան նօսրացումին գլխաւոր պատճառն է պոլսահայոց արտագաղթը՝ կիրարկուած երկարատեւ հակահայ քաղաքականութեան հետեւանքով: Յիշեալ քաղաքականութեան փաստերէն կարելի է յիշել 1942-ի Ունեւորութեան Տուրքը, 1955ի 6-7 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած հակաքրիստոնէական թալանը եւ ջարդերը, 1964ին Կիպրոսի հարցին հետ առընչուած դէպքերը, 1974-ին Վճռաբեկ Ատեանին կողմէ տրուած եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն կալուածներուն բռնագրաւումին պատրուակ հանդիսացող դատական որոշումը, նոյն ատեանին կողմէ ոչ-մահմետականներուն «տեղացի օտարներ» անուանումը եւայլն: 1970-ական թուականներուն կ’ուսանէի պոլսահայ վարժարաններուն մէջ: Դասընկերներուս ճնշիչ մեծամասնութիւնը գաղթեցին այլ երկիրներ իրենց ընտանիքով: Այնքան արագ կ’ընթանար արտագաղթի գործընթացը, որ գրեթէ ամէն շաբաթ կը ստանայինք ընկերոջ մը երկիրէն հեռանալուն մասին լուրը: Աշխարհի մեծագոյն քաղաքներէն Պոլսի աննշան մէկ մասը կազմող հայ համայնքը բնականաբար թուրք բնակչութեան նկատողութենէն դուրս պիտի գար՝ տուեալ պայմաններու ներքեւ:

Օսմանեան Կայսրութեան փլուզումէն յետոյ հիմնուած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մեծ մասամբ որդեգրեց եւ շարունակեց իթթիհատականներու քաղաքականութիւնը: Ի հետեւանք այս քաղաքականութեան՝ վերջ տրուեցաւ պետութեան կարգերու մէջ աշխատող ոչ-մահմետականներու պաշտօնին՝ բացի համալսարաններէ, որոնց մէջ աշխատանքի իրաւունք ունին ո՛չ միայն պոլսահայերը, նաեւ օտար երկիրներու քաղաքացիներ: Բացարձակապէս խափանուեցաւ ոչ-մահմետական քաղաքացիներուն աշխատանքի իրաւունքը՝ բանակի, ոստիկանութեան, նախարարութիւններու եւ այլ պետական գրասենեակներու մէջ: Պոլսահայերը այլեւս գոյութիւն չունէին պետութեան կառոյցներուն մէջ:

1934 թուականին հռչակուեցաւ Ազգանունի Օրէնքը, որու համաձայն՝ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները հարկադրուեցան ստանալ թրքերէն մականուններ: Ըստ երեւոյթի, յիշեալ օրէնքը կը ձգտէր մահմետական քաղաքացիներուն թրքական ազգանուններ մատակարարել: Սակայն գործնականապէս, կիրարկուեցաւ ոչ-մահմետական քաղաքացիներուն ալ, զրկելով զանոնք իրենց ցեղային պատկանելիութիւնը նշող մականուններէն: Այս ընթացքին պոլսահայերուն զգալի մէկ մասը պարտադրուեցաւ «–եան» մասնիկը պարունակող մականուններէն հրաժարուիլ: Ինչպէս իմ ազգանունէս յայտնի է, Քէշիշեանը վերածուեցաւ Քէշիշի: Հետեւաբար, պոլսահայ համայնքը ալ աւելի անտեսանելի դարձած էր՝ կորսնցնելով իր ազգային ինքնութիւնը պարզող հայկական մականունը:

Աշխարհասփիւռ հայութեան մօտ հասարակ երեույթ մըն է օտար՝ ոչ հայկական անուններ ստանալ եւ այս կարգի անուններ շնորհել իրենց զաւակներուն. ինչպէս օրինակ՝ Վլատիմիր, Անտրէյ, Վալէրի, Ելէնա, Ալէքս, Ժան, Մարիա, Սիլվա, Փիէր եւայլն: Ինչ կը վերաբերի պոլսահայ համայնքի անդամներուն, բացի յիշեալ այլ ազգի անուններէն, նկատելի են նաեւ թրքերէն անուններ, որոնք արդիւնքն են իշխող հակահայ քաղաքականութեան: Թրքական անձանունները կը նախընտրուին զանազան մտահոգութիւններու պատճառով. ի միջի այլոց՝ կարելի է թուել հայկական անձանուններուն բանակի ծառայութեան, աշխատանքի ու ուսանողական տարիներու ընթացքին հարցեր յարուցելու հաւանականութիւնը: Նոյն մտահոգութիւնով՝ թրքական ծածկանուններու յետին թաքնուած էին հայ վաճառականները եւ խանութպանները: Պոլսահայոց ներկայութիւնը, կամաւոր կամ ակամայ, անզգալի էր իր հարազատ քաղաքին՝ Պոլսոյ մէջ:

Ինչպէս Կայսրութեան շրջանին,  Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն ալ շատ բան կը պարտի հայութեան՝ զանազան մասնագիտութիւններու կապակցութեամբ: Անհերքելի է պոլսահահայ մասնագէտներու բերած նպաստը բժշկութեան, լեզուաբանութեան, թատրերգութեան, դերասանութեան, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան եւ այլ բազմաթիւ գիտութեան ու արուեստի մարզերուն մէջ: Թուրք լեզուաբանութեան հիմնադրութիւնը եւ արդի թրքերէնի ձեւաւորումը հայ լեզուաբաններու շնորհիւ է: Նմանապէս՝ անկարելի է խօսիլ թուրք դասական երաժշտութեան մասին, առանց հայ երաժշտագէտները յիշելու: Պոլսոյ ճարտարապետական կոթողներու մեծ մասը կը պատկանին հայ ճարտարապետներուն: Նոյնն է իրավիճակը՝ գիտութեան եւ արուեստի բազմաթիւ բնագաւառներուն մէջ:

Պետական քարոզչութիւնը չեղեալ կը համարէր պոլսահայոց թէ՛ պատմական եւ թէ ներկայ գոյութիւնը: Ըստ պետութեան գաղափարախօսութեան, հայերը հակաթուրք օտար երկրացիներ էին: Այս «չարամիտ» ազգը երբեմն պատերազմած էր թրքական պետութեան հետ եւ պարտուած՝ թուրք ժողովուրդին կողմէ: Այս էր 1915ի պատահարները: Ցեղասպանութիւն մը գոյութիւն չունէր, քանի որ խնդրոյ առարկայ հողատարածքը հայերը բնաւ չէին բնակած: Հայկական տեղանուններու փոփոխութիւնը, ուղեցոյցներու կողմէ հայոց պատմական անձնաւորութիւններուն եւ կոթողներուն անուանափոխութիւնը կը դիւրացնէր պատմութեան խեղաթիւրումը: Պաշտօնական պատմաբանութեան համաձայն, Փոքր Ասիան, ներառեալ Պոլիսը, հին ու նոր բազմաթիւ ցեղերու բնօրանն էր՝ բացի հայերէ: Հայերը օտարներ էին, ո՛չ թէ տեղացիներ:

Վերոյիշեալ անուանափոխութենէն իրենց բաժինը ստացան նաեւ արդի Թուրքիոյ հայ արուեստագէտները: Կարգ մը հանրածանօթ «թուրք» դերասաններու եւ երաժիշտներու յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցիին մէջ՝ զարմանքի մատնելով սիրահարները: Հայ ինքնութիւնը կենդանութիւն կը ստանար ի շնորհիւ մահուան:

Կիրարկուած քաղաքականութեան հետեւանքով, նոր թուրք սերունդները օտարացած էին՝ հայ ինքնութեան հանդէպ: Պոլսոյ ընդհանուր բնակչութեան չնչին մէկ տոկոսը կազմող պոլսահայութիւնը տեղացիներուն տեսողութենէն հեռացած էր՝ տեղի տալով յիշողութենէն հեռացումին: Այլեւս շատ փոքր էր հայ դրացիներ, գործընկերներ, դասընկերներ ունենալու եւ նման այլ յարաբերութիւններ կերտելու հնարաւորութիւնը՝ պոլսահայոց հետ: Պոլսահայերը հայ ինքնութիւնը կ’ընկալէին իրենց տան, հայ վարժարանի եւ եկեղեցիին մէջ՝ սահմանափակ կերպով. իսկ դուրսը՝ կը համակերպէին պարտադրուած ինքնութեան: Այս կացութիւնը պատճառ կը դառնար խոր երկպառակութեան՝ իրենց հոգեբանութեան մէջ:

Տարիներ առաջ, երբ համալսարանի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբն էր, առաջին դասը սովորաբար տրամադրեցի ուսանողներու հետ ծանօթութեան: Լսարանին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին, ուսանողներէն մէկը հարց տուաւ թէ ուրտեղացի եմ: Ես ընդհանրապէս չեմ սիրեր իմ հայ ինքնութիւնս պահել: Ինչո՞ւ թաքուն պահել այն իրականութիւնը, որ արդէն արձանագրուած է պետութեան մօտ: Հայ եմ, պատասխանեցի: Ամբողջ լսարանին մէջ ցնծութեան աղմուկ մը բարձրացաւ: Զարմացայ: Այս հրճուանքին պատճառը հարցուցի՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ: «Առաջին անգամ օտար դասախօսի մը հանդիպեցանք» պատասխանեցին կարգ մը ուսանողներ: Այս էր պոլսահայոց ողբերգութիւնը՝ իր պատմական հայրենիքին մէջ:

Տասնամեակներ շարունակուող այս խաւար մթնոլորտը, 1990-ական թուականներէն սկսեալ սկսաւ ճեղքուիլ: 1993-ին հիմնուեցաւ Արաս հրատարակչատունը՝ իւրայատուկ առաքելութիւնով: Շարք մը պոլսահայ գրողներու գործերը եւ պոլսահայոց վերաբերող նիւթերը թարգմանաբար հրատարակուեցան այս հրատարակչատան կողմէ: Թուրք հասարակութիւնը սկսաւ վերյիշել իր հայ համաքաղաքացիներու ներկայութիւնը: 1996-ին լոյս տեսաւ «Ակօս» շաբաթաթերթը, որ շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ թուրք մտաւորականութեան եւ հասարակ ժողովուրդին վրայ: «Ակօս» թերթն ալ գլխաւորաբար կը հրատարակուէր տեղական լեզուով: Թուրք մտաւորականութիւնը ալ չէր բաւարարուեր պետութեան պաշտօնական պատմութիւնով: Մեծ Եղեռնի մասին հայանպաստ ուսումնասիրութիւններ, վէպեր եւ յօդուածներ հրատարակուեցան՝ թուրք գրողներու կողմէ: Սովորական ժողովուրդն ալ կը փափաքէր ծանօթանալ իր հայ քաղաքացիներուն հետ: Հայկական երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, ճաշերը եւ այլ մշակութային նիւթերը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին եւ հասանելի դարձան: Հայ երաժշտութեան համերգներ տեղի ունեցան՝ քաղաքին հանրածանօթ համերգասրահներուն մէջ:

Բոլոր այս դրական զարգացումներու կողքին, շատ մեծ ցնցում մը պատճառեց Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը: Սակայն պոլսահայոց վերայայտնութիւնը ո՛չ մէկ կերպով կարելի չէր կասեցնել: Յուղարկաւորութիւնը  վերածուեցաւ աննախընթաց եւ անկանխատեսելի ցոյցի մը: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ ամբողջ քաղաքը ցնցեցին «Բոլորս հայ ենք» կարգախօսով: Ալ վերադարձ չկար: Շուտով յաջորդեցին հայոց լեզուի մասին դասընթացքներ եւ դասագիրքեր: Հասարակութիւնը սկսած էր հետաքրքրուիլ հայ մշակույթով եւ լեզուով: Պետութիւնն ալ սկսաւ աւելի վերապահ դիրքորոշում մը որդեգրել հայոց նկատմամբ՝ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը շարունակելով հանդերձ: Հայերէնը ներառնուեցաւ պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանաչուած օտար լեզուներու շարքին մէջ: Համալսարաններու մէջ հայկական բանասիրութեան բաժիններ հիմնելու փորձեր կատարուեցան: «Նոր Զարթօնք»ը եւ «Հայ Մշակոյթի եւ Զօրակցութեան Միութիւնօը սկսան բեղում գործունէութիւն մը տանիլ հայ մշակոյթի տարածման ուղղութեամբ: «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ը շատ մեծ արձագանգ ու գնահատանք կը ստանայ հասարակութենէ՝ կազմակերպած բանախօսութիւններով եւ այլ աշխատանքներով, նաեւ՝ հրատարակութիւններով: Երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ, տարբեր կուսակցութիւններէ ընտրուեցան հայ երեսփոխաններ, որոնք մաս կազմեցին Ազգային Խորհրդարանին: Այս բոլորը կը նպաստեն երկու ժողովուրդներուն՝ համաքաղաքացիներուն շփումներ կատարելով մերձեցումին՝ վերակենդանացնելով պոլսահայոց ներկայաթիւնը, ընդհանուր հասարակութեան մօտ:

Տարակոյս չկայ, որ դեռ շատ երկար ճանապարհ մը կը կայանայ պոլսահայութեան առջեւ՝ բնականոնացնելու համար իր գոյութիւնը եւ դիրքը: Յամենայնդէպս, նկատի առնելով վերջին տասնամեակներուն տեղի ունեցած աննախընթաց զարգացումները եւ պոլսահայոց աշխոյժ եւ գիտակից նոր սերունդը,  յուսադրիչ կը նկատեմ պոլսահայոց ապագան Պոլսոյ՝ արեւմտահայոց ոստանին մէջ: