«Արմէն» Ճամբարի Ամբողջական Վերադարձը Պահանջող Նամակ՝ Տաւութօղլուին

[ A+ ] /[ A- ]

1216Camp Armen

asbarez.com

Հոկտեմբեր 27, 2015ին մասնակի արդարութիւն մը իրականացուեցաւ երբ, Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Պոլսոյ Պատանեկան Տան»՝ «Արմէն» ճամբարի («Քեմփ Արմէն») կալուածին մէկ մասը վերադարձուեցաւ իր օրինական տիրոջ՝ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:

«Քեմփ Արմէն»ը տունն էր 1500է աւելի որբերու, որոնց «տունդարձ»ը Անատոլուի խորերէն եւ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կը պարտինք Հրանդ Կիւզէլեան անուն հայ աւետարանական հերոսին:

Հոն էր որ նահատակ թղթակից Հրանդ Տինք եւ կինը՝ Ռաքել, հանդիպած եւ ամուսնացած էին: Ճամբարը Մայիս 2015ին քանդուելու իրավիճակի մէջ կը գտնուէր:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տնօրէն Զաւէն Խանճեան վերջերս յատուկ նամակով մը՝ ուղղուած Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի, շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան դրական միջամտութեան եւ դերին՝ «Քեմփ Արմէն»ի մասնակի վերադարձին առումով: Ապա Խանճեան կոչ ըրաւ վարչապետին՝ կալուածին հողերը ամբողջութեամբ վերադարձնելու իր իրաւատիրոջ՝ Հայ աւետարանական եկեղեցիին, որ օրինաւոր կերպով գնած եւ ձեռք բերած էր կալուածը ու կառուցած զայն՝ ճամբարի մանուկներու քրտնաջան աշխատանքով: