Արմէն Ճամբար»ին Համար Պայքարը Թեւակոխած Է 100րդ Օրը

[ A+ ] /[ A- ]

0814Camp-Armen5

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող հայկական «Արմէն ճամբար» որբանոցի քանդումին դէմ պայքարը Օգոստոս 13ին թեւակոխած է 100րդ օրը: Վերջին 100 օրերուն ընթացքին, ճամբարին մէջ հերթապահող երիտասարդները ստացած են աջակցութիւնը հազարաւոր մարդոց, որոնցմէ ոմանք հիւրընկալուած են ճամբարին մէջ: «Քեմփ Արմէն»ի մէջ հերթապահած են բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնց շարքին եղած են պատգամաւորներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ լրագրողներ:

11665515_10153050089273763_3312162948749681530_n

«Ակօս» թերթը լուսանկարներով ներկայացուցած է 100 օրուան պայքարի պատմութիւնը:

Մայիս 6ին, ճամբարի սեփականատէր Ֆաթիհ Ուլուսոյ, Թուզլայի քաղաքապետարանէն համապատասխան որոշում ստանալէ ետք սկսած էր քանդումի, սակայն հասարակական ճնշումին ներքեւ՝ ստիպուած եղած է զայն դադրեցնելու, որմէ ետք սկսած էր հերթապահութիւնը:

0814Camp-Armen4

0814Camp-Armen2

Ճամբարին մէջ սկսած են պարբերաբար միջոցառումներ կազմակերպուելու: Առաջին միջոցառումը Անի Պալըքճըի (Թուրքիոյ մէջ սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի մայրը) եւ «Ակօս»ի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի այրի Ռաքել Տինքի հայերէն լեզուի դասընթացքն էր, այնուհետեւ՝ «Ոմանք» խումբի համերգը, որուն ընթացքին ճամբարին մէջ, տարիներու ընդմիջումէ ետք, դարձեալ հայկական երգեր հնչեցին: Համերգով հանդէս եկած է նաեւ «Քարտեշ Թիւրքիւլեր» խումբը: Նաեւ, հերթապահութիւն ընող երիտասարդները հիւրընկալած են ուտի վարպետ Երուանդը եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր:

0814Camp-Armen1