Բոլորիս է այս կանչը: Տեսախցիկ մը ունեցող, շուրջբոլորը տեսախցիկի մը ոսպնեակէն դիտել կարողացող բոլորին: Մեր խիղճով դիտենք աշխարհը: Եկէ’ք մեր խղճին տեսածները բաժնենք իրարու:
Օրինակի համար՝ ճամբու եզրին առանձին կին մը ըլլալ, մայթերու վրայ հաշմանդամ մը: Օրինակի համար՝ իր երկրին մէջ աքսորեալ մը ըլլալ, ծնողքին զարնելու համար բարձրացած ձեռքին նայող մանուկ մը ըլլալ: Լաչակաւոր մը ըլլալ դպրոցէ ներս, HIV (+) ըլլալ: Բանտարկեալ կին մը ըլլալ ամէն օր ծեծ կերած տանը մէջ: Սեռն ու սեռականութիւնը տուփերու մէջ փակող աշխարհի մը մէջ սեռափոխ կամ միասեռական ըլլալ: «Լսելի կ՛ըլլայ» խորհելով մայրենի լեզու գործածելէ խուսափիլ: Օրինակի համար՝ պատերազմելու, զէնք վերցնելու, սպաննելու պարտադրուիլ: Մեծ քաղաքի փարթամ ապրումներուն մէջ սովամահութեան եզրին մնալ: Աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը «միւս»ը ըլլալ, «այլ» ըլլալ: Նոյնիսկ օրինակ՝ փողոցի շունը ըլլալ:
Թերեւս ալ, օրինակ, ուրիշներու համար անկարեւոր, հասարակ մանրամասնութիւն մը հանդիսացող, բայց ճիշդ ալ մեր խղճի աչքին զարնող այդ աննման բանը գտնել:
Անշուշտ որ խիղճը միմիայն աչքեր չունի: Լաւ է որ չունի: Խիղճը նաեւ ձեռքեր ունի: Խիղճը չի բաւարարուիր վատութիւնը տեսնելով, այլ՝ շարժման կ՛անցնի վատութեան դէմ: Խիղճը չի բաւարարուիր զուլումը արձանագրելով, այլ՝ կը պայքարի անոր վերջ տալու համար: Խիղճը չի բաւարարուիր անիրաւուածը հաստատելով, այլ նոյնինքն՝ անիրաւուածի համար, անիրաւուածի հետ զօրակցելով, միասնաբար բաներ մը ընելու հոգը կը բաժնէ:
Եկէ՛ք մեր խղճով նայինք: Առաւելագոյն 5 վայրկեան տեւողութեամբ ֆիլմ մը նկարենք: Զոյգ մը աչքեր, սովորական տեսախցիկ մը եւ տեսնող, լսող, դատող սիրտ մըն է մեզ հարկաւոր, խիղճ մը միայն:
Եւ վերջապէս խիղճը ամբողջովին ազատ է: Ինք գիտէ ամենաճիշդը: Հետեւաբար վերեւ յիշուած բոլոր օրինակները առաջարկուած են ծրագրին համար ներշնչում մը ապահովելու միտումով: Երբեք ձեր ուղարկելիք գործերը սահմանափակելու նպատակ չունին:
Ուրեմն, եկէ՛ք մեր խղճով նայինք աշխարհին: Ու առաւելագոյն 5 վայրկեանի տեւողութեամբ ֆիլմ մը նկարենք:
Հարկաւոր է զոյգ մը աչքեր, տեսախցիկ մը եւ սրտի զարկը լսող խիղճ մը:
Եկէ՛ք մեր խղճով նայինք: Տեսանելի դարձնենք մեր խիղճերը, հասարակաց խիղճ մը գոյացնելու համար:
«Իրողութիւնը ընդունիլ կամ մերժելը իւրաքանչիւր մարդու իր խղճին հարցն է. այդ խիղճն ալ կը հիմնաւորուի նոյնինքն մեր այն հասարակ եզրէն՝ մարդկային ինքնութենէն:
Հրանդ Տինք