Սիրելի Բարեկամներ, Ընկերուհիներ եւ ընկերներ
Սրտանց կը ողջունեմ բոլորդ եւ ձեզ կը համբուրեմ մէկ առ մէկ 20-ններու նահատակութեան, յաղթանակի եւ վերածնունդի օրուան առթիւ:
Արդէն 3-րդ տարին է, որ միասնաբար կը ոգեկոչենք 20 հայ յեղափոխականներու նահատակութեան յիշատակը, այս գեղեցիկ աւանդութեան հիմքը դուք դրիք, անոնց վերադարձնելով դէպի իրենց հարազատ ժողովուրդը եւ միեւնոյն ատեն Փարամազ եւ իր ընկերները դարձուցիք ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ճնշուած ազգերու ազատագրական պայքարի փայլուն աստղեր:
Այս տարուայ յիշատակումը ունի մէկ այլ յատկութիւն, այն կը կատարուի իրենց անյայտ շիրիմներուն կողքին, ճիշտ է որ անոնց յստակ թաղուած տեղերը չենք գիտեր սակայն իրենց գաղափառները՝ ազատութիւնը, արդարութիւնը, ժողովուրդներուն հաւասարութիւնը կ’ապրին մեր սրտերուն մէջ: Ճիշտ է որ անոնք հայեր էին, սակայն անոնց պայքարին նպատակը ամբողջ մարդկութեան պայծառ ապագան եւ երջանկութիւնն էր, եւ ճիշտ այս պատճառով է որ Փարամազ ոչ թէ միայն իր ժողովուրդին հարազատ զաւակը մնաց, այլ դարձաւ մեր տարածաշրջանի բոլոր ազատատենջ ժողովուրդներու պայքարի հերոս խորհրդանիշ:
Յաւերժ յարգանք անոնց անթառամ յիշատակին, պայքարին, գաղափառին:
Կեցցէ’ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ արդարութեան պայքարը:
Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւն Լիբանան