Այսօր Թուրքիոյ տարածքին տեղի կ’ունենան խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններ: 32 Կուսակցութիւններ պիտի մրցին գրաւելու համար խորհրդարանի 550 աթոռները: Սոյն ընտրութիւնները կը համարուին «ամէնէն վտանգաւոր»ը տրուած ըլլալով, որ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութիւնը կրնայ ընտրութիւններու աւարտին յայտնուիլ նեղ դրութիւն մէջ եւ ստիպուած ըլլայ կառավարութիւն կազմելու համար կարեւոր զիջումներու երթալու: Նշենք, որ այս մասին «Զիլ Խօսք» անդրադարձած է իր «Էրտողան Սուլթան Պիտի Դառնա՞յ» յօդուածով:
Ընտրութիւններուն եւ Թուրքիոյ ընդհանուր իրավիճակին մասին իրազեկուելու համար «Զիլ Խօսք» հարցազրոյց մը ունեցաւ «Նոր Զարթօնք» շարժումի ներկայացուցիչ ՝ Սայաթ Թէքիրին հետ: Թէքիր խօսեցաւ «Քէմբ Արմէն»ի, Թուրքիոյ ընտրութիւններուն եւ Պոլսահայ համայնքի ընդհանուր իրավիճակին մասին: Նշենք, որ «Քէմբ Արմէն»ը կը պատկանի Հայ Աւետարանական համայնքին: Թուզլա շրջանին մէջ եղող «Քէմբ»ը երկար տարիներ եղած է որբանոց եւ հայ երեխաներու ապաստարան: Անոր մէջ հասակ առած են նահատակ Հրանդ Տինք ու անոր այրին ՝ Ռաքէլ Տինք: Ներկայիս «Քէմբ Արմէն» յատկապէս «Նոր Զարթօնք» շարժումին համար դարձած է պայքարի նոր դրօշակ:
Ի՞նչ վիճակ ունի «Քէմբ Արմէն»ը ներկայիս
«Քէմբ Արմէն» ը այսօր, 29-րդ օրն ըլլալով կը շարունակէ դիմադրութիւնը: Բոլորս կը պայքարինք, որ կառոյցը չփլուի: Մինչ հողաշերտին սեփականատէրը կ’ըսէ, թէ զայն պիտի նուիրէ համայնքին անդին իշխանութիւնները աչք տնկած են անոր վրայ: Կիրակի 7 Յունիսին Թուրքիոյ մէջ պիտի կայացուին խորհրդարանական ընտրութիւններ: Մենք լուրջ մտավախութիւններ ունինք, որ իշխանութիւնները այդ թոհուբոհին մէջ կը փորձեն այդ պատմական կառոյցին դէմ կտրուկ քայլերու դիմել:
-Դուք ըսիք, որ հողաշերտին սեփականատէր յայտարարած է, թէ պատրաստ է հողը, իր իրաւատիրոջ, այսինքն հայ համայնքին տալ, այդպէ՞ս է:
Այո, հողաշերտին սեփականատէր, որ կը կոչուի Ֆաթիհ Ուլուսոյ այդպէս ըսած է:
-Անցնող օրերուն տեղեկութիւններ շրջան ըրին, որ «ՔԷմբ Արմէն»ի պատը փլուած է: Ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը:
29 օր առաջ երբ մենք «Քէմբ Արմէն» հասանք , քարշիչ մեքենան արդէն բերուած էր եւ կառոյցի մէկ երրորդը փլուած էր: Մենք դադրեցուցինք այդ աշխատանքները, բայց բաւական վնասուած էր, մէկ կողմը ամբողջութեամբ փլած էր, իսկ մնացած կողմը վտանգուած :
-Կրնա՞ք ամփոփ կերպով ձեր կարծիք յայտնել ընտրութիւններու մասին եւ ի՞նչ պիտի ընէ «Նոր Զարթօնք»ը Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն:
-Մենք, որպէս շարժում կը գործակցինք HDP-ին (Ժողովրդական Տէմոքրաթ Կուսակցութիւն) հետ: Աւելին, HDP-ի անդամ կազմակերպութիւններէն մէկն ենք:Մենք յոյս ունինք, որ այս Կիրակի ընտրութիւններուն 10-ը տոկոսի սահմանը պիտի անցնինք եւ խորհրդարանին մէջ զբաղեցնենք, շուրջ 70 աթոռ: «Նոր Զարթօնք»ը երեք հայ թեկնածու ունի՝ Իսթանպուլ եւ Պարթըն քաղաքներուն մէջ, տեսնենք ի՞նչ պիտի ըլլայ:
-Որո՞նք են թեկնածուները:
Մուրատ Մախչը, Ֆիլոր Ուլուք եւ Տիրան Շէն:
-Այսինքն յոյս ունիք, որ կրնաք խորհրդարան մտնել:
Այ՛ո, պիտի մտնենք: Կիրակի պարզ կը դառնայ: Կարօ Փայլանն ալ կայ, որ դարձեալ HDP-ի անդամ է:
-Կը կարծէ՞ք որ այս ընտրութիւնները լարուած պիտի ըլլան: Այս մասին շատ կը խօսուի: Այսինքն՝ արտակարգ դէպքեր, խռովութիւններ, եւայլն:
Դժբախտաբար, բոլոր ընտրութիւններուն ալ իշխանութիւնը քուէներ կը գողնայ: Եթէ այս անգամ ալ գողնայ եւ լայնածաւալ կեղծումներու դիմէ պատճառ դառնալով, որ HDP -ն 10 տոկոսէն նուազ մնայ, կրնայ ըլլալ որ որոշ դէպքեր ըլլան, որովհետեւ վստահ ենք, որ HDP-ն 10-ը տոկոսէն աւելի ձայն ունի: Բոլոր ընտրութիւններուն՝ ինչպէս ըսի, ակնյայտօրէն զեղծարարութիւններ կ’ընեն իշխանութիւնեերը, եւ եթէ պատահի, որ այս անգամ ալ նոյն կերպ վարուին, անշուշտ որ ապստամբութիւն պիտի ըլլայ: Խօսքեր կան, որ իշխանութիւնները արդէն կազի ռումբեր պատրաստած է:
– Շատ կը խօսուի Էրտողանի գլխաւորած վարչակարգին եւ քիւրտերու միջեւ համագործակցութեան մասին: Ինչքանո՞վ ճիշդ է այս խօսքը:
Սալահ Ալ Տին Տէմիրթաշ (HDP-ի նախագահ) ըսաւ, որ մենք չենք համագործակցիր անոնց հետ եւ միշտ ակնարկած է, որ Էրտողան եւ իր խմբակիցները կ’ուզեն նախագահութեան դրութեան անցնիլ: Հիմա վարչապետական դրութիւն է, իսկ եթէ նախագահական դրութիւն ըլլայ, Էրտողան աւելի զօրաւոր կ’ըլլայ, թագաւոր, սուլթան կ’ըլլայ:
-Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն «Նոր Զարթօնք»ը քանի՞ հոգիով պիտի գործէ գետնի վրայ:
Կիրակի օր գետնի վրայ դժբախտաբար մենք պիտի չկարենանք ներկայ ըլլալ, որովհետեւ «Քէմբ Արմէն»ի մէջ պիտի ըլլանք: Եթէ «Քէմբ Արմէն»ի հարցը լուծուած ըլլար անշուշտ, որ մենք ալ ընտրութիւններու սնտուկներուն տէր կ’ըլլայինք: Առաւօտ կանուխ մեր քուէները պիտի տանք եւ «Քէմբ Արմէն» երթանք, որպէսզի իշխանութիւնները առիթէն օգտուելով ծայրայեղ քայլերու չդիմեն:
-Ձեր կարծիքով Պոլսահայ համայնքը որո՞ւ օգտին պիտի քուէարկէ:
Պոլսահայ համայնքը HDP-ին ին եւ Ճէ. Հէ. –Բէ.ին («Քէմալիսթներ»ուն Խմբ.՝ «Զիլ Խօսք») պիտի քուէարկէ, եւ որոշ տոկոս մը ՝իշխանութիւններուն:
-AKP -ն հայ թեկնածուներ ունի եւ կարծեմ լրագրող մըն ալ թեկնածու է՝ Մարգար Եսայեան: Ի՞նչ է կարծիքդ:
Մարգար Եսայեանը հայ ըլլալուն համար չէ,որ թեկնածու է այլ՝ իշխանամէտ ըլլալուն համար: «Քէմբ Արմէն»ի հարցի մասին ալ հետաքրքուեցաւ, բայց պարզապէս քուէ շահելու համար էր իր հետաքրքրուածութիւնը, գործնական բան չկար: Իշխանութիւնն ալ այդ մէկը գործածեց, ըսելու, թէ տեսէք մենք հայերու հարցերով կը զբաղինք:
-«Քէմալիստներ»՝ը ունի՞ն հայ թեկնածու:
Այո, Սէլինա Տողան անունով կին մը: Մարգար Եսայեանը Իսթանպուլի մէջ ընտրական շրջանին մէջ 12-րդն է, իսկ Սէլինա Տողանը՝ առաջինը: Ան շատ հաւանաբար խորհրդարան մտնէ: Լաւ կին մըն է: Կը գործակցինք անոր հետ եւ «Քէմբ Արմէն» ալ այցելեց:
-Ի՞նչ սպասումներ ունի «Նոր Զարթօնք»ը ընտրութիւններէն եւ ի՞նչ ծրագիրներ ունի ընտրութիւններէն ետք:
AKP-ի 10-ը տոկոսը անցնիլը կարեւոր յաղթանակ պիտի ըլլայ: Էրտողանի Սուլթան ըլլալու երազը պիտի աւարտի, անոր իշխանութիւնը պիտի տկարանայ: Չմոռնամ ըսել, որ այսօր մեզի համար «Քէմբ Արմէն»ը առաջնահերթութիւն է եւ պիտի մնանք այնտեղ, մինչեւ զայն վերադարձնենք մեր համայնքին: Մենք կ’ուզենք, որ ան ճամբար ըլլայ եւ կ’ուզենք, որ աշխարհի բոլոր կողմերէն Պոլիս ժամանող հայերուն համար ապաստանարան մը ըլլայ:Այսօրուան դրութեամբ հոն ամէնօրեայ դրութեամբ տարբեր տարիքներու համար մշակութային հանդիպումներ կ’իրականացուին: Պայքարը ստացած է հաւաքական բնոյթ եւ ընդհանուր նոր մթնոլորտ մը ձեւաւորուած է «Քէմբ»ին շուրջ: Գծագրութեան, պարի, եւ այլ թեմաներով դասեր կը տրուին ու հայ, թուրք եւ քիւրտ մանուկներ կու գան, միասին կը սորվին, միասին կը պարեն ու միասին ժամանակ կ’անցընեն:
– Գիտենք, որ «Քէմբ Արմէն»ը կը պատկապաի հայ աւետարանական համայնքին: Դուք առհասարակ համայնքին դիմա՞ծ էք, կը հետաքրքուի՞ն արդեօք թէ վերապահ են, որովհետեւ գիտենք որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը այս խնդրով վերապահ է:
Պատրիարքութիւնը այս մասին ոչ մէկ բան կ’ըսէ, բայց ժողովուրդը տեղեակ է այս խնդրին մասին, եւ մեծ հետաքրքրութիւն կայ: Ամէն շաբաթ բազմաթիւ հայեր այցելութեան կու գան, մանաւանդ շաբաթավերջերուն, չնայած որ հայերու բնակութեան վայրերէն հեռու շրջանի մէջ է «Քէմբ Արմէն»ը, մօտաւորապէս 3 ժամ հեռու այն հատուածներէն ուր հայեր կ’ապրին: Ճամբարը 1500 ուսանող ունի: Շրջանաւարտները, որոնք աշխարհի չորս կողմը տարածուած են, անոնք ալ կու գան այցելութեան: Երբ փլեցին «Քէմբ Արմէն»ի մէկ մասը, աշխարհի չորս կողմերէն զօրակցական նամակներ ստացանք ըսելով, թէ մենք ձեր կողքին ենք եւ պատրաստ ենք օգնելու ձեզի: Յատկապէս, նախկին շրջանաւարտներն ու ուսանողները կապուեցան մեզի հետ եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին:
-Աւետարանական համայնքին դիմա՞ծ էք, որովհետեւ ինչքան գիտենք «Քէմբ Արմէն»ի հողը իրենց կը պատկանի:
Այ՛ո, կապ ունեցած ենք, բայց յատուկ բան չեն ըսած, որովհետեւ իշխանութեան, տիրոջ եւ փաստաբաններուն հետ միասին ժողովներ ըրած ենք, ուր Աւետարանական պատուելիներ ալ կային, բայց բան չեն ըսած: Իրենց միակ խնդիրը, կառոյցի չքանդուիլն է:
-Ուրիշ բան ունի՞ք ըսելիք, ի՞նչ կը սպասէք հայութենէն: Հայաստանի մէջ շատ քիչեր են, որ լսած են «Քէմբ Արմէն»ի մասին:
Մէկ ըսելիք ունիմ, հայ ժողովուրդը թող զօրակցի մեզի: Ով ինչ կրնայ ղրկել, մեզի համար օգնութիւն է: Գիրք, սննդեղէն, եւայն, եւայլն: Օրական 50 հոգի միշտ հոս են, իսկ շաբաթավերջին 500-է աւելի մասնակիցներ ներկայ կ’ըլլան եւ անոնց մեծ մասը երիտասարդներ են:
Հարցազրոյցը ՝ Ս. Արեանի