Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Կազմակերպութիւնը «Արմէն Ճամբար»-ը Հայերուն Վերադարձնելու Համար Պիտի Դիմէ Եւրոպական Խորհուրդին

[ A+ ] /[ A- ]

armen1-2z48kmfm64x7pgkx6hsu16

aztagdaily.com

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի կոմիտէի ներկայացուցիչ Մերալ Չըլտըր Պոլսոյ հայկական «Արմէն ճամբար» անունով յայտնի որբանոցը վերադարձնելու համար դիմադրութիւն կազմակերպած «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան հրաւիրած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ իր կազմակերպութիւնը ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու համար պիտի դիմէ Եւրոպական խորհուրդին:

Թէեւ նախապէս յայտարարուած էր, որ հայկական որբանոցը կը վերադարձուի հայերուն, սակայն այս ուղղութեամբ որեւէ յստակ քայլ մինչեւ օրս չէ առնուած, ինչ որ դրդած է մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող կազմակերպութեան բարձրացնել «Արմէն ճամբար»-ը հայ համայնքին վերադարձնելու հարցը:

«Մենք կ՛ողջունենք «Արմէն ճամբար»-ի դիմադրութիւնը կազմակերպած «Նոր Զարթօնք»-ը, այդ դիմադրութեան ոգի տուող Թուրքիոյ հայ համայնքը, անոնց աջակցող, այցելող, պայքարը աւելի մեծցնող ոեւէ մարդ: Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան պատմութեան մէջ «Արմէն ճամբար»-ը յատուկ տեղ ունի: Հրանդ Տինք 1996-ին մեզ պարգեւատրեց, դռները մեր առջեւ բացաւ, որբանոցի պատմութիւնը մանրամասնութեամբ պատմեց: Անոր տուած լուսանկարներով եւ պատմութեամբ պատրաստած նիւթերով այդ տարի «Թուզլայի հայկական մանկական ճամբարը. Բռնագրաւման պատմութիւն մը» խորագիրով բացինք ցուցահանդէս մը, որ տարինք մինչեւ Անգարա: Սակայն մէկ շաբաթ նախատեսուած ցուցադրութիւնը ժամանակէն առաջ ստիպուած փակուեցաւ», պատմած է Չըլտըր` նշելով, որ անյայտ անձեր եկած եւ բռնագրաւած էին ցուցադրութեան համար նախատեսուած բոլոր նիւթերը` խափանելով ցուցահանդէսը:

«Նոր Զարթօնք»-ի հրաւիրած հաւաքին ընթացքին նշուած է, որ թէեւ յայտարարուած էր, որ «Արմէն ճամբար»-ը վերադարձուած է հայերուն, սակայն ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ որեւէ յստակ քայլ մինչեւ օրս չէ կատարուած: «Այստեղէն կը յայտարարենք, որ մեր պատրաստած փաստաթուղթերով պիտի դիմենք Եւրոպայի խորհուրդին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ պաշտօնապէս բողոք պիտի ներկայացնենք», յայտնած է Մերալ Չըլտըր: