artsakank.com
Ապրիլ 24-ին, ինչպէս ամբողջ աշխարհի տարածքին, Պոլսոյ մէջ եւս տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներ, որոնք կազմակերպուեցան «Կեցի՛ր ըսէ», «Նոր Զարթօնք» եւ Եւրոպայի մէջ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի միութեան համատեղ ջանքերով։
Առաւօտուն, 24 Ապրիլ 1915-ին իրենց կեանքը կորսնցուցած մտաւորականներու յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, զոհերու թոռները իրենց նախնիներու ծննդավայրը այցելեցին եւ մէկտեղուեցան այն վայրին մէջ, ուրկէ հաւաքուած եւ քշուած էին դէպի Հայտարփաշա, ապա՝ դէպի մահուան կարաւաններ։ Այսպէս, Էլմատաղի մէջ, Կոմի-տաս վարդապետի, տոքթ. Աւետիս Նագգաշեանի եւ Ռուբէն Սեւակի տուներուն առջեւ յուշաքարեր զետեղուեցան, ապա ոգեկոչումները շարունակուեցան Սուլթանահմէտի եւ Հայտարփաշայի մէջ։
Կէսօրուան ժամերուն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ եւ ոգեկոչուեցաւ տարաբախտ Սեւակ Պալըքճը, որ 2011 թուականի 24 Ապրիլի օրը, Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած էր իր ծառայակցին կողմէ։
Ոգեկոչման միջոցառումներու վերջին կանգառը Թաքսիմի հրապարակն էր, ուր երեկոյեան ժամերուն կայացաւ 1915-ի զոհերու յիշատա-կութեան գլխաւոր ձեռնարկը։ Հազարաւորներ հաւաքուեցան ֆրանսական հիւպատոսարանին առջեւ եւ լեցուցին Բերայի պողոտան, մինչեւ Կալաթասարայի լիսէն։ Արտասահմանէն ժամանած հարիւրաւոր հայեր, պոլսահայեր եւ հայ ժողովուրդի ցաւը բաժնող յառաջադէմ թուրքեր հաւաքուեցան ու իրենց ձայնը միացուցին հայ ժողովուրդին։
Տերսիմցի հայերու եւ ալաուիներու բարեկամութեան «DERADOST» կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ, հասարակական կազմակեր-պութիւններու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման հաւաքներ կատարած են:
Թրքական «Հապերլեր» կայքին համաձայն՝ Ապրիլ 24-ին հաւաքուելով Տերսիմի Հոզաթ շրջանին մէջ, անոնք յարգած են Հայոց Ցեղասպա-նութեան զոհերու յիշատակը եւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան կոչ ըրած են ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը:
Ապա, Տերսիմի «Սէյթ Ռզա» հրապարակին մէջ հաւաքուածները ինքնաշարժներու շարասիւնով մեկնած են հայկական ջարդերու վայր մը, որ ներկայիս կը կոչուի Քայըշօղլուի ձոր: Մասնակիցներուն միացած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատգամաւորի թեկնածու Ալիճան Օնլու, Հոզաթի քաղաքապետ Ճալալետտին Փոլաթ, քաղաքական գործիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ քաղաքացիներ:
«DERADOST»ի անունով ունեցած ելոյթին մէջ, Սերքան Սարըաթեշ պատմած է, որ 1915-ին թուրքերը հայերուն պարանով կապելով, նետած են այդ ձորը. «Անոնք հոս ջարդուելով սպաննուեցան: Միաժամանակ հոս 1938-ի կոտորածի վայրն էր: Հոս ձորը նետեցին նաեւ տերսիմցիները», նշած է ան:
Մասնակիցները աղօթքներով յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ թրքական պետութեան կոչ եղած է առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ եւ ճանաչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: