«Զաւարեանական Էջ» Յանձնախումբ
Ազդակ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պոլսահայ գաղութը հայկական ինքնութեան հարց ունի՞: Հայապահպանման ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ գաղութը:
ՍԱՅԱԹ ԹԵՔԻՐ.– Պոլսահայ ժողովուրդը ամերիկահայ կամ լիբանանահայ ժողովուրդին նման հայկական ինքնութեան հարց ունի: Մենք երկար ժամանակէ ի վեր Պոլիս կը գտնուինք, եւ մեր արմատները կու գան Արեւմտահայաստանէն: Մեր ինքնութիւնը եւ մեր մշակոյթը կը պահենք հայկական դպրոցներուն ու զանազան կազմակերպութիւններուն միջոցով, բայց մանաւանդ` եկեղեցիին շնորհիւ: Սակայն, իմ կարծիքովս, կրօնէն աւելի պէտք է կապուինք մեր մշակոյթին եւ մեր լեզուին` ըլլայ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար:
Թուրք պետութեան կողմէ միշտ ճնշումներ եղած են, բայց կարեւորը այն է, թէ մենք ինչպէ՛ս կը հակազդենք այս ճնշումներուն: Հայապահպանումը աւելի այս հակազդեցութեան միջոցով եղած է: Օրինակ` ուրիշ գաղութներու մէջ այսպիսի ճնշումներ գոյութիւն չունին, հետեւաբար ժողովուրդը հակազդելու պէտք չ՛ունենար եւ հետզհետէ կը ձուլուի: Միւս կողմէ, հայապահպանման ուրիշ ձեւ մը կայ: Ծպտեալ հայերը, որոնք թրքական անուն ունին, գաղտնի ձեւով իբրեւ հայ կ՛ապրին եւ կ՛ունենան երկրորդ անուն մը` հայկական, բայց միշտ կը վախնան թուրք պետութենէն, որովհետեւ ինքզինք հայ յայտարարելը կրնայ զիրենք վտանգի ենթարկել, ինչ որ պատահած է ասկէ առաջ:
Հ.- Ինչպէ՞ս են պոլսահայ ժողովուրդին յարաբերութիւնները թուրք ժողովուրդին եւ թուրք պետութեան հետ եւ ընկերային ի՞նչ հարցեր գոյութիւն ունին:
Ս. Թ.– Աշխարհագրական դիրքէն մեկնած` Հայաստանի հայուն համար թուրքը իր դրացին է, սփիւռքահայուն համար թուրքը 1915-ի ոճրագործն է, իսկ պոլսահայուն համար թուրքը դրացին է, կամ ընկերը, կամ սիրելին: Ուրեմն պոլսահայը աւելի առօրեայ եւ անմիջական յարաբերութիւն ունի թուրքին հետ, բացի պետութեան կողմէ ճնշումներուն ժամանակ: Խառն ամուսնութիւններ շատ կան. 1990-ական թուականներէն ետք երկիրը շատ փոխուեցաւ: Նախապէս միութիւններու միջոցով հայերը կը ծանօթանային իրարու, բայց ներկայիս միութենականներուն թիւը նուազեցաւ, համալսարան յաճախողներուն թիւը շատցաւ, եւ հայերը ընդհանրապէս սկսան կապ հաստատել այլ ազգերու հետ:Ծաղրելի դէպքեր նոյնիսկ պատահած են: Օրինակ, երբ թուրքի մը ըսեմ, որ հայ եմ, կը հարցնէ, եթէ Հայաստանէ՞ն եկած եմ. կամ երբ յոյն բարեկամս կ՛ըսէր, թէ Պոլսոյ մօտ գտնուող կղզիէ մը եկած է, հարց տրուեցաւ անոր, թէ ան եկած է Յունաստանէ՞ն: Թուրքերուն մօտ տարածուած է այն գաղափարը, որ ոչ թուրք անձը օտար է, եւ ոչ թէ` Թուրքիոյ քաղաքացի: Իրենց համար Թուրքիոյ մէջ ոչ հայ կայ, ոչ ալ յոյն: Այսպիսի հեգնական կեցուածքներ միշտ ալ ունեցած են թուրքերը: Ընկերային հարցեր, վիճաբանութիւններ միշտ պատահած են: Այնքան ալ դիւրին չէ եղած թուրքին հետ յարաբերիլը: Սակայն երբեմն կարգ մը թուրք երիտասարդներ ուզած են խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` հայ ըլլալս գիտնալէ ետք:
Հ.- Ամփոփ ձեւով կրնա՞ք խօսիլ «Նոր զարթօնք»-ին գործունէութեան մասին:
Ս. Թ. – «Նոր զարթօնք» շարժումը հիմնուած է 2004-ին, երիտասարդութիւնը միացնելու նպատակով: 2005 եւ 2006 թուականներուն ուզեցինք աւելի աշխուժացնել միութիւնը, բայց չյաջողեցանք: Պոլիսէն ձախակողմեան ուսանող երիտասարդներու հետ Ցեղասպանութեան ձեռնարկներ կատարեցինք: Ձեռնարկներուն ընթացքին բանախօսեցին բազմաթիւ մտաւորականներ, որոնցմէ էր նաեւ Հրանդ Տինք: 2007-ին Հրանդ Տինքին սպանութենէն ետք մարդիկ աւելի ոգեւորուեցան եւ աշխուժացուցին «Նոր զարթօնք» շարժումը: Այս շարժումին նպատակն է պաշտպանել հայերուն իրաւունքը, ցոյցեր կազմակերպել եւ շեշտել, որ Թուրքիան ժողովրդավար երկիր մը պէտք է ըլլայ: Այնքան ատեն որ ժողովրդավար չէ, մենք ազատ պիտի չըլլանք, նոյնիսկ եթէ կարենանք մեր հարցերը լուծել: Արդէն եթէ Թուրքիա ժողովրդավար երկիր մը ըլլայ, Ցեղասպանութեան հարցն ալ կը լուծուի: 2009-ին «Նոր զարթօնք»-ը հիմնեց «Նոր ռատիօ» ձայնասփիւռի կայանը, որ տասնհինգ լեզուներով յայտագիրներ կը սփռէ, որովհետեւ ուզեցինք, որ ոչ միայն հայերուն ձայնը լսելի ըլլայ, այլ նաեւ` մեզի նման փոքրամասնութիւններուն ձայնը հասցնել:
Յայտագիրները կ՛անդրադառնան նաեւ կիներու իրաւունքներուն, բնապահպանման եւ այլ նիւթերու: 2010-ին հիմնուեցաւ «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցական միութիւն»-ը, որ հայերէնի դասընթացքներ կը կազմակերպէ, հայերէն ժապաւէններ կը ցուցադրէ, ինչ որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ ոչ մէկ տեղ հայերէն ժապաւէն կը ցուցադրուի: Հրատարակած ենք նաեւ երեք գիրքեր` թրքերէն լեզուով, երկուքը ցեղասպանութեան մասին, իսկ միւսը` լեզուական նիւթով: Նպատակ ունինք թուրքերուն ծանօթացնել մեր մշակոյթը, մեր պատմութիւնը, ինչ որ մեզ կը տարբերէ ուրիշ հայկական միութիւններէ:
Եթէ մենք չխօսինք մեր դատին մասին, ուրիշներ պիտի խեղաթիւրեն մեր պատմութիւնը: «Նոր զարթօնք» շարժումը իր մասնակցութիւնը բերած է Հայ դատի, Ցեղասպանութեան, Հրանդ Տինքի սպանութեան ժամանակ կատարուած բոլոր ցոյցերուն, հրաւիրած է երեսփոխաններ եւ կրցած է գրաւել հասարակութեան ուշադրութիւնը: Այս շարժումով կ’ուզենք թուրք իշխանութիւններուն եւ նախագահին հասկցնել, որ ցեղասպանութեան հարցին լուծումը ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ Թուրքիոյ արդարութեան համար է: Եթէ հայերուն հարցը չլուծուի, քիւրտերուն հարցն ալ չի լուծուիր:
Յոյսով ենք, որ մօտ ատենէն «Նոր զարթօնք» շարժումը, որ ժողովրդավար կազմակերպութիւններուն մաս կը կազմէ, կուսակցութեան կը վերածուի, որպէսզի քաղաքական գետնի վրայ կամ սեմինարներու ժամանակ կարենանք մեր ձայնը հասցնել: