«… Պոլսահայն Ալ, Միւս Բոլոր Հայերուն Նման, Կը Յիշէ Եւ Կը Պահանջէ…»

[ A+ ] /[ A- ]

pakrat

«Զաւարեանական Էջ» Յանձնախումբ
Ազդակ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հակիրճ կերպով կրնա՞ք ներկայացնել պոլսահայ գաղութը (քանակական իրավիճակ, կառոյցներ, դժուարութիւններ…):

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ.– Պոլսահայ գաղութը կը հաշուէ մօտաւորապէս եօթանասուն հազար հոգի: Պոլսահայ ըսելով` կը հասկնանք այն անձը, որ կը պատկանի հայ համայնքին, ընդհանրապէս կը կրէ հայկական անուն եւ քրիստոնեայ է` մկրտուած հայ առաքելական, կաթողիկէ կամ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Բայց մեր քաղաքին մէջ կան նաեւ որոշ թիւով հայեր, որոնք Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրինաւոր քաղաքացիները չեն համարուիր, այլ` Հայաստանի քաղաքացիներ. անոնք Թուրքիա եկած են աշխատելու համար, բայց փախստական կարգավիճակի մէջ կը գտնուին, քանի որ իբրեւ զբօսաշրջիկ իրենց կեցութեան արտօնեալ ժամկէտը աւարտած է:

Անոնց թիւին մասին ալ յստակ պատկերացում մը չունինք: Կրնայ տասը-տասնհինգ հազարէն մինչեւ երեսուն հազարի հասնիլ: Վերջապէս կան նաեւ ծպտեալ հայերը: Անոնք թրքական անուն կը կրեն եւ անձագիրին մէջ իբրեւ իսլամ արձանագրուած են, սակայն իրենք զիրենք հայ կը համարեն: Անոնք իսլամ կրօնին հետ բնաւ կապ չունին, մզկիթ չեն երթար եւ իսլամներուն տօները չեն նշեր: Սակայն այս հայերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քրիստոնէութեան հետ ալ կապ չունի, բայց իր ինքնութիւնը կը պահէ, բացի պետութեան կողմէ ճնշումներուն ժամանակ:

Պոլսահայ գաղութը կազմակերպուած գաղութ մըն է: Պոլսոյ մէջ ունինք երեսուներեք եկեղեցիներ, բոլորն ալ` գործօն: Անոնցմէ տասը-տասնհինգ հատը տարին միայն քանի մը անգամ կը բացուին, յատուկ առիթներու, պարզապէս որովհետեւ այդտեղ գացողներուն թիւը շատ քիչ է: Ճիշդ է, որ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ամէն կիրակի պատարագ չ՛ըլլար, բայց բոլոր եկեղեցիներն ալ նշանակուած քահանաներ ունին եւ ընտրութիւններ կը կատարեն: Պոլսոյ մէջ կան նաեւ տասնվեց դպրոցներ, որոնցմէ հինգը մինչեւ աւարտական դասարան են, իսկ տասնմէկը` մինչեւ ութերորդ դասարան: Այս տասնվեց դպրոցները ունին մօտաւոր երեք հազար աշակերտ: Այս աշակետութիւնը Պոլսոյ աշակերտութեան մէկ երրորդն է: Պոլսահայ աշակերտութեան երկու երրորդը կը յաճախէ ոչ հայկական վարժարան: Հարուստ դասակարգի պատկանողները իրենց զաւակները կը ղրկեն անձնական դպրոցներ, իսկ աղքատ դասակարգի պատկանողները` պետական դպրոց, որ անվճար է:

Պոլսոյ մէջ գործօն է նաեւ հայ մամուլը: Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնեն երկու օրաթերթեր, մէկ շաբաթաթերթ, մէկ երկշաբաթաթերթ եւ երկու ամսաթերթ: Օրաթերթերը ընդհանրապէս ոչ քաղաքական նիւթեր կ՛արծարծեն: Շաբաթաթերթը «Ակօս»-ն է, որ ընդդիմադիր կեցուածք կ՛որդեգրէ: Միւսներէն կը տարբերի իր լեզուով, որովհետեւ հիմնականին մէջ թրքերէնով լոյս տեսնող թերթ մըն է, սակայն կան նաեւ հայերէն էջեր: Երկշաբաթաթերթը ընդհանրապէս նկարազարդ թերթ մըն է եւ կը ներկայացնէ երկու շաբթուան անցուդարձերը, յատկապէս` հարուստ դասակարգին մօտ (հարսանիքներ, մկրտութիւններ…): Գրութենէ աւելի նկար կայ. կարելի է ըսել, թէ խիստ անմակարդակ թերթ մըն է: Այն, ինչ կը վերաբերի ամսաթերթերուն, անոնցմէ մէկը Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին պաշտօնաթերթն է, հայերէնով, իսկ միւսը «Փարոս»-ն է, որ աւելի ժամանցի համար ստեղծուած թերթ մըն է:

Պոլսոյ մէջ ունինք «Ատաս» հրատարակչատունը, որ կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած է: Ան հայ գրականութիւնը կը թարգմանէ թրքերէնի, թրքերէն ընթերցողներուն համար, որոնք երկրին մեծամասնութիւնը կը կազմեն: Այս մէկը թոյլ կու տայ անոնց` ծանօթանալու մեր մշակոյթին, ներշնչուելու եւ ազդուելու անկէ: Իսկ վարչական գետնի վրայ, պոլսահայութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ կրօնական համայնք մը: Այդ պատճառով ալ պոլսահայութեան ներկայացուցիչն է Պոլսոյ պատրիարքը, որ ներկայիս հիւանդ է, եւ որուն տեղ նշանակուած է զինք փոխարինող մը: Ասկէ բացի, ունինք թաղական խորհուրդներ. ամէն թաղի բնակիչ կ՛ընտրէ իր թաղի եկեղեցւոյ վարչութիւնը, որ կը կոչուի թաղական խորհուրդ: Սակայն պէտք է նշել, որ երբեմն թեկնածուի պակաս կ՛ըլլայ եւ այս պարագային թաղական խորհուրդ մը կը նշանակուի:

Ունինք նաեւ մեծ հաստատութիւններ, որոնցմէ գլխաւորն է Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը, որ ամէնէն մեծ թիւով կալուածները ունի: Այդտեղ ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ ուրիշ ազգի պատկանող անձեր կը բուժուին: Իր կառոյցին մէջ հիւանդանոցը ունի նաեւ ծերանոց մը, որ միայն հայերու համար է: Հինգ հաստատութիւններուն վարչութիւնը կ՛ընտրուի ամբողջ պոլսահայութեան կողմէ եւ կը կոչուի հոգաբարձութիւն: Հիւանդանոցին կողքին միւս հաստատութիւններն են` Կեդրոնական ազգային վարժարանը, «Գարակէօզեան» որբանոցը, Ս. Խաչ դպրեվանք վարժարանը եւ «Գալֆայեան» որբանոցը: Այս հաստատութիւններուն կողքին, մենք ունինք որոշ հիմնարկներ, օրինակ` թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը, որ կը զբաղի մեր կրթական խնդիրներով, դասագիրքերուն տպագրութեամբ, ուսուցիչներուն իրաւունքներով եւ այլն: Ասոր կողքին կայ նաեւ առողջապահութեան եւ կրթութեան հիմնարկը, որ համեմատաբար աւելի նոր է եւ հիմնուած բարերարներու նախաձեռնութեամբ: Կան նաեւ սանուց միութիւններ կոչուած հաստատութինները, որոնք կազմուած են դպրոցներէ աւարտած աշակերտներու կողմէ (շրջանաւարտից միութիւններ):

Վերջին տարիներուն ունեցանք նաեւ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւն մը` «Հայճար» անունով, ինչպէս նաեւ` հայրենակցական միութիւններ, օրինակ` Տէրսիմի հայրենակցական միութիւնը եւ Սեբաստացիներու հայրենակցական միութիւնը: Պոլսոյ մէջ ունինք նաեւ «Նոր զարթօնք» շարժումը եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը, որ ստեղծուեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, իր հարազատներուն կողմէ: Այս հիմնարկը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ հաղորդակցութեան մէջ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ, ինչպէս նաեւ միջազգային գետնի վրայ գումարեց գիտաժողովներ, որոնց մասնակցեցան սփիւռքէն, Հայաստանէն, Թուրքիայէն եւ միջազգային գիտնականներ, ներկայացուցիչներ եւ բանախօսներ: Իսկ պոլսահայութեան տնտեսական վիճակը տարուէ տարի կը դժուարանայ, որովհետեւ աւանդական արհեստներու փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ միայն հարուստներն են, որոնք չեն տուժեր: Ընդհանրապէս մարդիկ կ՛աշխատին հացի համար եւ այդքան ալ չեն հետաքրքրուած ընկերային կեանքով, մանաւանդ` տնտեսական դժուարութիւններու պարագային:

Հ.- Որքանո՞վ պոլսահայ գաղութը կապի մէջ է Հայաստանի հետ: Արեւմտահայաստանի եւ թաքուն հայերուն հետ յարաբերութիւններ կա՞ն:

Բ. Է.–Պոլսահայ գաղութին կապերը Հայաստանի հետ, այս վերջինին անկախացումով իմաստ գտաւ: Նախքան անկախացումը, քաղաքական պատճառներով, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հայերը շատ քիչ կը յարաբերէին: Հազիւ ազգականներ կրնային իրարու այցելել: Իսկ հիմա ամէն շաբաթ երկու թռիչք կայ Պոլիսէն Երեւան. այնպէս որ, անհատական գետնի վրայ յարաբերութիւնները շատ լաւ են: Սակայն կազմակերպական գետնի վրայ կարելի չէ նոյն բանը ըսել: Պոլիսէն ոչ մէկ հաստատութիւն ուղղակի կապի մէջ է Երեւանէն հաստատութեան մը հետ: Ինչպէս գիտենք, Հայաստանի մէջ չորս տարին անգամ մը տեղի կ’ունենան համահայկական խաղերը, որոնց ամէնէն մեծ թիւով մասնակցողներուն մէջ են պոլսահայերը: Վերջին համահայկական խաղին սասունցիները բաւական մեծ թիւով մասնակցեցան: Ուրեմն մարմնամարզական գետնի վրայ յարաբերութիւններ կան, որովհետեւ պոլսահայութիւնը երկու մարմնամարզական ակումբ ունի: Ասկէ անդին, ուրիշ յարաբերութիւններ չկան. օրինակ` կրթական նախարարութիւններուն կամ դպրոցական հաստատութիւններուն միջեւ կապեր չկան: Պոլսոյ կապը Հայաստանի հետ աւելի սփիւռքի նախարարութեան միջոցով կ՛ըլլայ:

Գալով Արեւմտահայաստանին` արդէն այդտեղ կը գործեն հայրենակցական միութիւնները: Օրինակի համար, Տէրսիմի հայոց հայրենակցական միութիւնը մեծ խթան եղաւ, որպէսզի ամէն տարի Տէրսիմի մէջ կազմակերպուած փառատօնին Հայաստանէն պարախումբեր գան: Այս պարախումբերը այդտեղ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն: Տէրսիմի հայրենակցական միութիւնը նախ հիմնուած է Պոլսոյ մէջ, ուր կան մեծ թիւով տէրսիմցի հայեր, որոնց համար միութիւնը կազմակերպական մեծ աշխատանք կը տանի (զաւակ մկրտելու, հայկական դպրոց ղրկելու ուղեցոյց). այս տարի է, որ Տէրսիմի մէջ ալ միութիւն մը հիմնուեցաւ: Կարելի է նշել նաեւ Տիգրանակերտի պարագան: Տիգրանակերտի մէջ հայրենակցական միութիւն մը գոյութիւն չունի, սակայն հոն կը գտնուի մեր պատրիարքարանին պատկանող եկեղեցի մը` Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որուն շուրջ կը բնակին մեծ թիւով ծպտեալ հայեր: Այս հայերը կը փորձեն վերադառնալ իրենց ինքնութեան:

Հ.- Որքա՞ն կարեւոր է պոլսահայութեան դերը Հայոց ցեղասպանութեան կամ հայկական հարցին աշխատանքներուն մէջ:

Բ. Է.- Նախ պէտք է հաստատենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը համահայկական աղէտ մըն է, եւ համայն աշխարհի հայութիւնը նոյնքան տուժած է այս աղէտին պատճառով: Պոլսահայութիւնն ալ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւն մըն է: Սխալ է հաստատելը, որ Պոլսոյ մէջ ցեղասպանութիւն կամ աքսոր չէ եղած, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը նոյնինքն Պոլիսէն սկսած է: Պոլսահայ ըսելով` նախկին պոլսեցիներուն չենք ակնարկեր, այլ` Ցեղասպանութենէն ետք Պոլիս ապաստանողներուն, ինչպէս որ ուրիշներ եկած են Լիբանան կամ Սուրիա: Այսօր Պոլիսն ալ համայն հայութեան նման պահանջատէր է:

Պոլիսը մէկ բանով կը տարբերի միւս գաղութներէն, որովհետեւ պոլսահայը թուրք բարեկամներ ունի, ինչ որ Պէյրութէն կամ ուրիշ գաղութէ դիտուած` անընդունելի է: Բայց իրականութիւնը այն է, որ հարցը ժողովուրդին հետ չէ, թուրք իշխանութիւններն են յանցաւորները: Թուրքիան իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, սկսելով Օսմանեան կայսրութենէն, ունեցած է անմարդկային եւ դաժան կառավարութիւններ: Ուրեմն պոլսահայուն եւ միւս բոլոր հայերուն տարբերութիւնը այն է, որ պոլսահայը թրքատեաց չէ: Բայց պոլսահայն ալ միւս բոլոր հայերուն պէս իր մորթին վրայ զգացած է ջարդին հետեւանքները: Մարդիկ կը պահանջեն մեզմէ մոռնալ այս ամէնը եւ մտածել ապագային մասին: Սակայն կարելի չէ մտածել ապագային մասին` առանց մեր անմեղ զոհերուն յիշատակը, մեր սկզբունքներուն համաձայն, հողին յանձնելու: Ուրեմն պոլսահայն ալ միւս բոլոր հայերուն նման կը յիշէ եւ կը պահանջէ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք գաղութին ապագան:

Բ. Է.- Թերեւս եթէ այս հարցումը հարիւր-երկու հարիւր տարի առաջ հարցուէր, ոմանք յոռետես պատասխան կ՛ունենային: Գաղութին ապագային նկատմամբ իրողութիւնները չեն փոխուած: Միշտ աւագները չեն հաւնիր այսօրուան երիտասարդները, եւ քանի մը տասնեակ տարիներ ետք այսօրուան երիտասարդութիւնը չի հաւնիր յաջորդ սերունդը: Կը յիշեմ` իմ երիտասարդութեանս ժամանակ ալ մեզ չէին հաւներ, հետեւաբար յոռետես ըլլալու պատճառ չունինք: Բայց միաժամանակ մտահոգեցուցիչ երեւոյթներ կան:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն արեւմտահայերէնը դատեց կորուստի մատնուող լեզուներուն շարքին: Երանի ամբողջ հայութիւնը խօսի նոյն հայերէն լեզուն: Նշենք, որ հարիւր տարի առաջ ունէինք ութսունէն աւելի բարբառներ, որոնք այսօր չկան: Այն բարբառները, որոնք շատ չէին գործածուեր, ժամանակի ընթացքին անհետացան: Մենք պէտք է ընդունինք, որ արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը տարբեր լեզուներ չեն, այլ` նոյն լեզուին տարբեր ճիւղաւորումները: Հետեւաբար մեր լեզուին կորուստը, մեր բանաստեղծներուն հետզհետէ անհասկնալի դառնալը զգացական գետնի վրայ շատ ցաւալի է: Սակայն խնդիրին մեծ մասը կը լուծուի, եթէ մեր բջիջային հեռախօսներուն կամ մեր համակարգիչներուն վրայ հայերէն գրենք եւ կարդանք:

Հ.- Ի՞նչ են Լիբանանի եւ պոլսահայութեան միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Բ. Է.- Ինչպէս արդէն ըսինք, Պոլսոյ եւ միւս գաղութներուն միջեւ կազմակերպական գետնի վրայ յարաբերութիւններ չկան: Այս իրողութեան հիմնական պատճառը այն է, որ պոլսահայը գրեթէ ինքնամփոփ կեանք մը կ’ապրէր, հակառակ անոր որ ազգականական կապեր ամէն տեղ կային: Լիբանան ազգական ունեցող բաւական պոլսահայեր կան: Բայց կը կարծեմ, թէ ներկայիս այս կացութիւնը պիտի բարեփոխուի եւ գաղութները պիտի կարենան իրարու աւելի ծանօթանալ, ինչպէս որ հիմա ես, դուն եւ Սայաթը կրցանք իրարու ծանօթանալ: