Սիամանթօ
Հրանդի շիրիմին առջեւ լռութեամբ կենալ: Հրանդը այնտեղ չէ: Անոր գաղափարը կը թեւածէ ամէն տեղ: Հեռուներէն վերադարձող ոգիի մը պէս: Դառնալու բաժին մը մեզմէ: Խորքին մէջ ո՞վ սպաննեց Հրանդ Տինքը: Անոր սպաննութեան գործը քննող դատավարութիւնները կրնան երկարիլ, կրնան վաղը նոր բացայայտումներ ըլլալ եւ լրահոս պատմէ ոստիկաններու, շրջաններու կառավարիչներու եւ կուսակալներու ձերբակալման մասին: Երբ ընկերոջ մը հետ Գում Գաբուի մէջ գտնուող Պոլսոյ պատրիարքարանի նեղ թաղէն դուրս եկանք սաստիկ անձրեւ էր:
Տեսակ մը լարուած էինք: Մենք մեր ճակատագրին դիմաց: Տեսակ մը անզօր: Տեսակ մը տկար: Խորշանք մը կար ամէն քայլի: Անձրեւը կը լուար թաղերուն սալայատակները: Դիմացը արաբերէն գրուած ցուցանակներ կային: Հաւանաբար սուրիացիներ գաղթականներ եկած էին իրենց օրուան հացը ճարելու: Գետնին՝ ջուրի հոսանքները կը շատնային ու անձրեւը կը դառնար հեղեղ: Դեղին թաքսին կարելի եղաւ կանգնեցել եւ ծանր ու հինցած թրքերէնով վարորդին բացատրել մեր ճանապարհին ուղղութիւնը: Առանց անուն տալու պիտի հասնէինք հոն:
Թերեւս պիտի չուզէինք Հրանդի անունը տալ կամ յիշատակել «Ակօս»ը : Ընդհանուր շրջանին անունը տուինք ու նստանք: Խճողում, լարում, ու դուրսը ծանր փոթորիկ: Վարորդը անսպասելիօրէն կանգ կ’առնէր «Ակօս»ի դիմաց եւ կ’ըսէր՝ Հո՛ս, զարկին մարդուն: Տխուր հայացքով մը գլուխը կը շարժէր ու կը սպասէր, որ դուրս գանք ինքնաշարժէ: Հասած էինք Թաքսիմ: Հրանդի սպաննութեան վայրը: Ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ անդրադարձ: Պարզապէս Հրանդի թարմ վէրքը մեր մէջ կրելով կը հետեւէինք Պոլսոյ սրտի զարկերուն:
Քաղաքի պոլսոյ նեղ ու խոնաւ թաղերուն մէջ Հրանդի ոգին կար: Դժուար էր հասկնալ զինք: Նախ եւ առաջ թուրքերուն ըսելիք ունեցող, իր բառերը առանց ծամծելու ըսող, քաջօրէն դիմադրող: Դիմացի ընդդիմախօսին տեսակէտը յարգող, խիզախ գրիչն էր ան: Ըսելիք ունէր նաեւ սփիւռքահայութեան ու վստահ եմ, որ անոր խօսքին ամէնէն նուիրական մասը տակաւին չէ հասկցուած սփիւռքի մէջ: Իր նահատակութիւնը յաջորդող ամիսներուն սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ Հրանդը դարձաւ խորհրդանիշ: Այդ խորհրդանիշը տարբեր անկիւններէն դիտուեցաւ, անոր պատկերները դրուեցան ամենուրէք: Իր մտածումները հնչեցին բարձրաձայն: Բայցմիտքը մնաց անհասանելի: Սփիւռքի համար Հրանդի մօտեցումները ամբողջութեամբ մարսուելիք գաղափարներ չէին: Բոլորովին այլ պատմութիւն էր Հայաստանի պարագան: Հրանդի մահէն անմիջապէս ետք Հայաստանի ամէնէն հեռաւոր շրջաններուն մէջ բողոքի երթեր եկան:
Նորէն Հրանդի պատկերները թափօրներուն առջեւ դրուեցան ու անոր յիշատակին խունկ ու մոմ վառեցին: Հրանդի մահուան խորհուրդին մէջ ամէնէն երեւելին թրքատեացութեան մասին եղած շեշտն էր: Հարցում ո՞վ էր Հրանդը սպաննողը: Թո՞ւրքը: Ի՞նչու սպաննեց: Որովհետեւ հա՞յ էր: Եւ այս հարցումներու տարափին տակ անցնող հարիւր տարիներու երկաթեայ ծանրութիւնը: Սակայն արդեօ՞ք Հրանդ այդ ատելութեան համար մեռաւ: Հրանդ շատ լաւ գիտէր թուրքիան ու գիտէր նաեւ որ իր ըրածը հեշտ ճանապարհով պիտի չըլլար: Հրանդ գիտեր, որ իր խօսքը ընդունելի չէր ո՛չ թուրքին եւ ո՛չ ալ հայուն համար: Բայց վճռած էր անցնիլ գետին միւս ափը: Վճռած էր նետուիլ փրկուելու համար: Ու իր ցատկելէն ետք անոր համար ոչ մէկ կարեւորութիւն ունէր իր ճակատագիրը: Հայերուն վիրաւոր սրտին նայելով Հրանդ չխօսեցաւ ատելութեան մասին: Ու երբ թուրքերու աչքերուն մէջ նայեցաւ չխօսեցաւ ցեղասպանութիւնը բռնի կերպով ճանաչնալու մասին: Անոր խօսքը, ապրումը, կիրքը, բառը ունէին մէկ երանգ:
Մարդուն խօսքը մարդուն տալ: Ատոր համար էր Հրանդ: Ու յաջողեցաւ իր բառին արձագանքը ուղղարկել՝ երդիքէ երդիք, երկիրէ երկիր եւ սահմանէ սահման: Այսօր Հրանդի նահատակութեան 8-րդ տարելիցն է: 8 Տարիներ առաջ ուրիշ էր կացութիւնը եւ այսօր ուրիշ: Իր յօդուածներէն մէկուն մէջ Հրանդ մեծագոյն երազ կը համարէր, որ հայերը եւ թուրքերը միասնաբար նշեն հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը: Ու հակառակ անոր, որ մեծ ու ծանր հոսանքներ կը փչեն ամէն տեղէ եւ թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն հեռու մնալ պատմութեան հետ առերեսուելու կամքը դրեսեւորէ, այսօր հեռու չենք այդ օրէն: Հրանդ դարձեալ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ամօթ կը համարէր, որ հայերս աշխարհի կարեւոր տէրութիւններէն Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչումը մուրանք: Ան նաեւ կը զգուշացնէր, որ ցեղասպանութիւնը հեռու պահենք քաղաքական շահարկումներէ: Այս խօսքին համար վստահ եմ, որ մեզմէ շատեր պատրաստ էին զինք խաչը հանել: Հրանդի համար ցեղասպանութեան խնդրին էութիւնը անվիճարկելի էր ու ինք լաւ գիտեր այդ հողերուն մէջ աղաղակին զօրութիւնը: Այդ հզօր աղաղակը, բողոքի այդ մեծ ալիքը զինք հանգիստ կեանք վարող եւ ինքնամփոփ պոլսահայու իրավիճակէն դուրս նետեց ու դարձցուց հոսանք: Կը մնայ հարցումը: Ո՞վ սպաննեց Հրանդը ե ինչո՞ւ սպաննեց: 70 Միլիոն թուրքիոյ մէջ աղաւնիի վախով սրդողած այս գիրի զինուորը ի վերջոյ ինչ վնաս ունէր տալիք թուրքիոյ: Ո՞վ սպաննեց Հրանդը եւ ինչո՞ւ սպաննեց : Սպաննեց, որովհետեւ ուզեց սպաննել անոր ծրագիրը: Սպաննեց, որովհետեւ ուզեց սպաննել Հրանդի մարդկային տեսակը: Սպաննեց, որովհետեւ ուզեց լռեցնել անոր մէջ կուտակուած մէկ դարու աղմուկը ու փակել անոր անունը ցաւի կափարիչներով: Սակայն Հրանդ մնաց իր բարձրութեանը վրայ : Անզիջող, անպարտելի: Անոր սպաննութեան խարանը մեր բոլորին վզին է: Ի վերջոյ գործ կայ ընելիք ու հարցումը, որ կը տրուի անիմաստ կը դառնայ: Որովհետեւ Հրանդ չէ մեռած: Հրանդ կ’ապրի ու պիտի ապրի մեր մէջ: