Սելտա Աքսոյ*
Խորապէս ցնցուեցայ իմ սիրելի բարեկամ Տողան Աքհանլըի յանկարծական մահով։ Աքհանլը թէեւ միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ, բայց ես պատրաստ չէի իր մահուան գոյժը լսելու։ Այդ պատճառաւ ալ 31 Հոկտեմբեր 2021-էն այս կողմ հազիւ հիմա իմ վրայ ուժ կը գտնեմ անոր մասին արտայայտուելու։ Այս պահուն կը հաւատամ թէ Աքհանլը ֆիզիքապէս մեզմէ հեռացած է, բայց իր գործերը եւ թողած աւանդը շատ երկար ժամանակ մեզ հետ կը մնայ։
Տողան Աքհանլը ծնած էր 18 Մարտ 1957-ին Արթվինի Շաւշատ գաւառը։ Նախակրթարանը աւարտելէ ետք իր աւագ եղբօր ընկերակցութեամբ կը տեղափոխուի Իսթանպուլ։ Կ՚ուսանի Գարատենիզ Թեքնիկ Համալսարանի պատմութեան եւ մանկավարժութեան բաժինները։ 1975-ին դեռ հազիւ 18 տարեկան պատանի մըն էր, կ՚ենթարկուի ոստիկանական հետապնդումի։ Գաղտնի ոստիկանները անոր թերթած պարբերականին կողքին վրայ կարմիր աստղ մը նկատելով կասկածներ սեւեռած են եւ այդ կասկածները ապացուցելու համար ալ կ՚ուզեն տանջանքներով բացայայտումներ լսել իր բերնէն։ Իրականութեան մէջ այդ կասկածով եւ կասկածին հետեւող տանջանքներով ոստիկանները իրենք են որ Տողան Աքհանլըն կ՚ուղղեն դէպն ձախակողմեան գաղափարախօսութիւններ։
12 Սեպտեմբերի զինուորական ֆաշիստ յեղափոխութենէն ետք Աքհանլը եւ կինը Այշէ կը ձերբակալուին։ Այշէ իր մէկուկէս տարուայ որդւոյն հետ կը հարկադրուի բանտ մտնելու։ Մեթրիսի զինուորական արգելանոցին մէջ Երկուուկէս տարի տեւող այդ բանտարկութենէն ետք, երբ ազատ կ՚արձակուին Աքհանլըի ընտանիքը կ՚ապաստանին Գերմանիա։ 1998-ին Թուրքիա կը ջնջէ իր քաղաքացիութիւնը եւ 2001-ին ալ կը ստանայ Գերմանական քաղաքացիութիւն։
Աքհանլը այդ հանգրուանին կը ծանօթանայ նաեւ հայոց ցեղասպանութեան նիւթին։ Նոյն տարիներու կը սկսի անոր գրական գործունէութիւնը։ Իրերայաջորդ կը հրատարակէ երեք վէպեր։ Չորրորդ վէպը նիւթ կ՚ունենայ Երկրորդ Համամշխարհային պատերազմի տարիներուն հրեայ փախստականներով լեցուն Սթրումա նաւու ողբերգութիւնը։ Այդ նաւը Ռումիաիայէն 791 հրեայ փախստականներով կը հասնի Պոլիս։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը մերժեն նաւուն քարափ մտնելը։ Ամիսներ շարունակ նաւը կը ստիպուի Իսթանպուլի նաւահանգիստը սպասելու։ Վերջին վճիռով մը պետութիւնը նաւուն կը պարտադրէ դէպի Սեւ Ծով հեռանալ եւ 24 Փետրուար 1942 թուականին Շիլէ գիւղի մերձակայ ափերուն Խորհրդային Միութեան ընդծովեայ մը կը ռմբակոծէ խաղաղ բնակիչներով լեցուն նաւը։ Սթրումայի դէպքը Թուրքիոյ պետութեան ցեղասպան աւանդութեան օրինակներէն մէկը ըլլալով կ՚անցնի պատմութեան էջերուն։
Տողան Աքհանլը Գերմանիոյ մէջ կը ծաւալէ հասարակական գործունէութիւն։ Թուրքիա-Գերմանիա Մարդու Իրաւունքներու Միութիւն, Թուրքիա-Գերմանիա Մշակութային Ֆորում, Ցեղապաշտութեան Դէմ Քէօլնեան Կոչ, Բռնութեան Դէմ Հասարակութիւն եւ նման հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ զանազան պաշտօններ կը ստանձնէ։ Թարգմանութիւններ կ՚ընէ Գերմաներէնէ թրքերէնի եւ ռատիօ հաղորդումներով կը ներկայացնէ գրական յայտագիրներ։
Հայոց Ցեղասպանութեան Հետազօտման Միջազգային Կեդրոնի մէջ եւս աշխատութիւններ կը ծաւալէ։ Հիմնադիրներէն կ՚ըլլայ Քէօլնի մէջ Ռաֆայէլ Լեմքինի անուան գրադարանին։ Աքհանլը 10 Օգոստոս 2010 թուականին հիւանդ հայրը վերջին անգամ տեսնելու նպատակով Թուրքիա կ՚երթայ եւ օդակայանին մէջ կը ձերբակալուի։ Այդ ձերբակալումով իսկոյն շարժման կ՚անցնին իր ալ անդամակցած Գրողներու Միջազգային (Փեն) Միութիւնը, Գերմանական Փենը, Գերման Գրողներու Միութիւնը եւ Միջազգային Ներման Կազմակերպութենէն, Պերլինի Գեղարուեստի Ակադեմիայէն, Դեմոկրատիկ Իրաւապաշտպաններու Միութենէն, Կանանչներու Կուսակցութենէն, Աւստուրիոյ Գրողներու Միութենէն զանազան գործիչներ դատապարտեցին Թուրքիոյ Պետութեան այս որոշումը եւ սկսան ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ դէմ։ Այդ ճնշումը տուաւ ակնկալուած արդիւնքը եւ Տողան Աքհանլը 2010- Դեկտեմբերին ազատ արձակուեցաւ։ Սակայն մինչ այդ արդէն մահացած էր իր սիրելի հայրը, խոր սուգի մատնելով իր որդին։
Տողան Աքհանլըի հետ իմ ծանօթութիւնն ալ ազատ արձակումէն ետք Քէօլնի մէջ կայացաւ։ Իր ձերբակալութեան շրջանին Անգլիոյ մէջ զանազան արշաւներ կազմակերպելով զօրակցած էինք իրեն առանց իր հետ անձամբ ծանօթանալու։ Առիթ ունեցայ իրեն պարզելու ձերբակալութեան շրջանին մօտէն հետեւած եմ, մտահոգուած եմ իր համար եւ շատ ուրախ եմ զինք ազատութեան մէջ տեսնելով։ Տողան Աքհանլը շատ հանդարտ բնաւորութիւնով, խօսակիցն ալ հանդարտեցնող կազմ մը ունէր։ Հետաքրքրական դրուագներ պատմեց ձերբակալութեան օրերէն։ Անոնց մէջ երկու դէպք ինծի ալ տպաւորած է, որոնցմէ առաջինը զիրեն տանջանքներ կիրարկող ոստիկանին հետ միասին երգելու պահն է։ Թէեւ շատեր չեն գիտեր, բայց Տողան Աքհանլը երաժշտական հակումներ ունէր եւ նուագարաններ կրնար սարքել։ Զինք տանջող ոստիկանը գործադրած տանջանքներէն յոգնելով պահ մը կ՚ընդհատէ իր չար գործը եւ կը սկսի երգ մը մռմռալ։ Այդ երգը ծանօթ է նաեւ Տողանին ու ինք ալ կը ձայնակցի։ Զինք տանջող ոստիկանի հետ այդ ներդաշնակ երգեցողութիւնը կ՚աւարտի այդ վերջինին յոգնութիւնը թօթափելով ու վերսկսի տանջանքի գործադրութեան։
Երկրորդ դրուագը Թեքիրտաղի Արգելանոցին մէջ Դաշնակցային Գերմանիոյ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոսուհիին այցելութիւնն է։ Հիւպատոսուհին նախ այցելած է բանտի տնօրէնը եւ անոր յայտնած թէ Տողան Աքհանլը իրենց համար շատ կարեւոր անձնաւորութիւն մըն է եւ յառաջիկային ալ մերթ ընդ մերթ պիտի այցելէ զիրեն։ Աւելի ետք հիւպատոսուհին ու Աքհանլը գլուխ գլուխի կը զրուցեն եւ հիւպատոսուհին կը պատմէ թէ իր երկիրը մօտէն կը հետաքրքրուի Աքհանլըի հետ եւ ինք ալ պիտի շարունակէ ուշադրութեամբ հետեւիլ բոլոր զարգացումներուն։ Երբ հիւպատոսուհին հրաժեշտ կ՚առնէ բանտի տնօրէնը հետաքրքրութեամբ կը հարցնէ Աքհանլըին թէ ինք ո՞վ է։ «Ի՞նչ կ՚ընես որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը այսքան մօտէն կը հետաքրքրուի քեզի հետ»։ Շատ պարզ ու կտրուկ է Աքհանլըի պատասխանը. «Ես Գերմանիոյ քաղաքացի եմ»։ Իր քաղաքացիներուն դէմ այսքան դաժան վերաբերմունք ցուցաբերող պետութեան մը բանտի տնօրէնը պարզապէս շանթահարուած է նման պատասխան մը լսելով։
Նշեմ որ Տողան Աքհանլըի Թեքիրտաղի արգելանոցը գտնուած օրերուն արտասահմանէն ստացած առաջին նամակը ուղղարկուած է Երեւանէն, բարեկամէ մը, որ մեծ ուրախութիւն պատճառած է Տողանին։
Դատական նիստերու ընթացքին զօրակցութեան համար Իսթանպուլ եկողներու մէջ կը գտնուէր նաեւ Նոպելի Գրականութեան Մրձանակի դափնեկիր, Գերմանացի անուանի գրող Կիւնթեր Կրաս։ Ան դատարանի մուտքին լրագրողներուն կը յայտնէ թէ անհիմն են Աքհանլըի ուղղուած բոլոր մեղադրանքները։ «Ես գիտեմ որ Տողանը անմեղ է եւ ան իմ ընկերն է, ես կ՚երաշխաւորեմ իր անմեղութեան»։
Թուրքիոյ պետութեան Տողան Աքհանլըի դէմ հալածանքը շարունակուեցաւ աւելի ետք ալ։ Երբ ան արձակուրդի համար կը գտնուէր Սպանիայ, սպանական ոստիկանութիւնը գործադրելով Թուրքիոյ «Ինթերփոլ»ի միջոցաւ կայացուցած որոշումը, բերման կ՚ենթարկէ զինք դարձեալ Թուրքիա ուղղարկելու համար։ Գերմանիոյ պետութիւնը եւ միջազգային հանրաութիւնը անգամ մը եւս ահազանգ հնչեցուցին եւ կանխեցին այդ որոշումը։
Քէօլն, ճաշարանի մը մէջ կայացած այս առաջին հանդիպումէն ետք ես զինք հրաւիրեցի Լոնտոն։ Ընդառաջեց իմ այդ հրաւէրին եւ այցելեց իմ ապրած քաղաքը, ուր ես առիթը ունեցայ ամբողջ շաբաթ մը իր հետ Լոնտոնի բոլոր տեսարժան վայրերը այցելելու։
Ինչպէս այս գրութեան մէջ ալ յայտնի կը դառնայ Տողան Աքհանլըի կեանքի ուղին ունեցաւ երկու երեսակ։ Մէկը երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ ընդմիշտ իրեն հետեւող Թուրքիոյ հալածանքն էր, իսկ երկրորդը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ դրսեւորած անզիջող պայքարը։ Վերջին անգամ մահէն երկու օր առաջ 29 Հոկտեմբերին գրած էր ինծի ու կը շնորհաւորէր ծնունդս։ «Աշխարհի բոլոր լեզուներով ծնունդդ շնորհաւոր սիրելի Սերլտա։ Երջանիկ բազում տարիներու մաղթանքով…» ըսած էր այդ գրառումին մէջ։
Հազիւ երկու օր անց 31 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամերուն ընկերային ցանցերով լսեցի մահուան գոյժը։ Քարացած մնացի, անհաւատալի թուեց։ Մինչեւ լուսածագ յիշատակներով տուայտեցայ։ Այս պահուն ուրախ եմ որ կեանքը ինծի պարգեւեց Տողան Աքհանլըի հետ ծանօթացած ըլլալու բացառիկ երջանկութիւնը։ Վստահ եմ որ ժամանակի անհունին մէջ մեր ճանապարհները կրկին անգամ կը խաչաձեւուին։
9 Փետրուար 2022 Լոնտոն
* Ծնած է 29 Հոկտեմբեր 1969-ին Մարաշի Էլպիստան գաւառը։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ վերջ գաղթած է Իսթանպուլ։ Պաշտօնավարած է Ելմտական Նախարարութեան Հարկերու Գրասենեակին մէջ։ 1998-ին քաղաքական պատճառներով պաշտօնազրկուած է եւ յաջորդ տարի ալ դստեր հետ գաղթած Անգլիա։ 2007-ին աւարտած է Լոնտոնի Համալսարանի Քաղաքական Գիտութիւններու Բաժինը։
Արտատպուած՝ Ակօսէն