19 Ocak 2012 Basın Açıklamasının Ermenicesi

[ A+ ] /[ A- ]

Հրանդին բացած ճամբէն յառաջացող, անոր գաղափարներն պայքարը բաժնող բարեկամներ՝ ողջո՛յն բոլորիդ։

Այսօր կ’աւարտի Հրանդ Տինքի սպանութեան հինգերորդ տարին։ ։ Մենք պիտի չարտօնենք, որ Հրանդի սպանութիւնը հասարակական մոռացութեան զոհը դառնայ։ Բայց սա պէտք է լաւ գիտցուի Որպէս վկայ սերունդները, պիտի հրապարակենք այս քաղաքական ոճիրի գլխաւոր հեղինակները եւ անպայման հաշիւը պիտի պահանջենք։

Մենք գիտենք սպաննողները որոնք են: Րաքէլ Տինքը դեռ առաջին օրէն այս խօսքերով նշած եր ոճրագործեներուն ՝մասին „Երախայեն ոճրագործ սարքող ոճրագործի հեղինակութիւններ “ : Այն ոճրագործի հեղինակութիւնները ՝ այսինքըն այն ազգամոլ , ոճրագործ քափիթալիստ մտայնութիւնը դեռ կը շարունակէ սպաննութիւն գործելու: Միշտ արիւնոտ ձերքով կը բռնուի և միշտ կ‘ուրանայ իր ոճրագործութիւնը: Բայց մենք հաշիւը պիտի հարցնենք բոլոր ոճրագործութիւններեն:

Ուղուր Քայմազի տարիքեն ավելի կապարով , Ճէյլան Էօնքօլի անհայտ ու չճարւող փանփուշով , Մէթին Կէօքթէփէն, Էնկին Չէպէրը, Ալատտին Գարատաղը, Այտըն Էրտէմը, Շէրզան Քուրտը , Ֆէսդուս Օքէյ, Մէթին Լոքումճու եւ Ճէմիլ Քըրպայըրը դեռ շատ շատերը ոստիկանական բրտութեամբ ու տանջանքով սպաննող, հազարաւորները հսկողութեան տակ կորսնցնող պետութիւնը եւ անոր անմիջական գործընկերներ են հաշիւ պիտի պահանջենք:

Նոյն ոճրագործի հեղինակութիւններն են Պուրսայի մէջ 19 հանքափորներու կամ Թուզլայի նաւաշինական գործարաններու մէջ հարիւրաւոր բանուորներու, իբրեւ թէ «գործի արկած» պատրուակի տակ սպանութիւնը։ Համալսարաններու ու Լիսէներու մէջ իրաւունքները պաշտպանողներուն դեմը ելաւ: Երբեմն ճոփով , քացով , երբեմն ալ կապար ըլլալով մէջտեղ ելավ այս մտայնութիւնը : Գործարաններու , Փարլէմէնթի , փողոցներու , դպրոցներու մէջ տարբեր ձեւով մէջտեղ ելան : Հաշիւը պիտի պահանջենք:

Վերադառնանք վեց տարի առաջուան, Հրանդին սպանութեան նախորդող շրջանը։ Օրուան ԱՔՓ-ական Ներքին Գործոց Նախարար Ճէմիլ Չիչէք հայկական ցեղասպանութեան մասին բանախօսութիւն քազմակերպողներու դէմ ուր որ է մահուան վճիռ արձակեց Խորհրդարանի ամպիոնէն։ Երբ մէկ կողմէ 301-րդ յօդուածով Հրանդ Տինքին դատ կը բացուէր, միւս կողմէ գրգռիչ մամուլն ու լրագրողները «Ո՞վ է աս հայը» կամ, «Լռեցուցէ՛ք սա հայը»ու նման վերտառութիւններով ցեղապաշտութիւն կը քարոզէին։ Հաշիւը պիտի պահանջենք:

Իսթանպուլի Կուսակալութեան շէնքին մէջ անգամ մը եւս կը կրկնուէր իշխող դասակարգերու պատմական բեմադրութիւնը։ Այդ շրջանի հակահայդուկային ԺԻԹԷՄ կազմակերպութեան հիմնադիր՝ Վէլի Քիւչիւք երբ Հրանդի դատավարութեան կը հետեւէր, երկու գաղտնի գործակալներ ալ Փոխկուսակալի սենեակին մէջ կը զգուշացնէին Հրանդ Տինքը՝ կարգ մը չարամիտներու հաւանական անբաղձալի արարքներու մասին։ Բայց Հրանդը, այդ բոլորը մեզի փոխանցելով յայտնած եղաւ, որ պիտի չնահանջէ ճնշումներու դիմաց։ 5 տարի տեւող դատի ընթացքին ոչ մէկ պետական ծարայող չդատուաւ: Հաշիւը պիտի պահանջենք:

«Գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ» եւ «Յետ այսու Հրանդ Տինք թիրախն է մեր բարկութեան ու ատելութեան» գոռում-գոչումներով «Ակօս»ի շէնքին առջեւ եկած էին։ Անոնց աչքերէն կը ժայթքէին արիւն, ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն, որոնք անծանօթ չէին մեզի։ Այդ ամբոխը Ատանայի կոտորածէն, 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերէն, Սվազէն, Մարաշէն, Պէյազիտի հրապարակէն ծանօթ էր մեզի։ Հաշիւը պիտի պահանջենք:

19 Յունուար 2007-ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստոցին վրայ արտադրուած 17-ամեայ ոճրագործը բեմ բարձրացաւ եւ կատարեց իր դերը, հնազանդ մնալով աւանդութեան՝ ու դիպուկ կրակեց Հրանդին։ Յետոյ, այդ շրջանի Ապահովութեան Տնօրէն՝ Ճէլալէտտին Ճէրրահ յայտնեց, թէ՝ դէպքը քաղաքական եւ կազմակերպչական բնոյթ մը չունի եւ աւելցուց, թէ՝ «պարզ ազգայնական զգացումներու դրդումով գործուած ոճիր մըն է»։ Հաշիւը պիտի պահանջենք:

Հարիւր տարի առաջ Հայերուն կոտորողներ հիմայ ալ նոյնպէս Քուրտերուն նոյնը կը կիրարեն : Ուլուտէրէի մէջ պարզ ժողովուրդին կ‘սպաններ զինւորային օդանաւների իսկ վարչապերի միջին արեւելքին մարդու իրաւոնքներու քարոզ կուտար: Երկիրը էմփէրյալիսթ պատերազմի խաղալիքի վերածելու համար մեծ չանքով կաշխատի : Իսկ միւս կողմէ Շաբաթամայերը կը շարունակեն որոնել իրենց բարեկամներուն: Հաշիւը պիտի պահանջենք :

Այսօր Հրանդի դատը ծածկելու կաշխատին հակարակ կողմեն մարդու իրաւոնքները պաշտպամողները , լրագրողները , ուսանողները և այլ կերպ մտածողները բանտերը լեցուցած են : Ահմէթ Շըք, Նէտիմ Շէնէր , Րակըփ Զարաքօղլու և Պիւշրա Էրսանլը միքանիսն են : 5 տարուայ ընթացքին կարաւարութեան գտնւող ԱՔՓ-ի կառավարութեան կողմէ արգիլուեցան արդար դատավարութեան մը տանող հարցաքննութիւնները։ Պետութեան բրտութիւնը այսօր եւս անվարան կը կիրարկուի աշակերտութեան, բանուոր դասակարգի, յեղափոխականներու եւ իգական սերունդի դէմ ։Հաշիւը կը պահանջենք :

Այս սպանդներու հեղինակները, մեր խօսքը ձեզի է. Ձեր այդ ցեղապաշտ, ոճրագործ վարչակարքը չկրցաւ մեզ ճզմել ու անձնիլ։ Մենք մեր տարբերութիւններով, մայրենի լեզուներով, մշակոյթներով ներկայ ենք ու կանգ։ Մեր հարցը պետական հաստոցէն ելած, այդ ոճրագործին հետ չէ, այլ ուղղակի ձեզի հետ, ձեր բրտութիւնները արտադրող վարչակարքը փլցնելով այդ վարժ ոճրագործներէն մարդիկ ստեղծելու հետ է։

Մենք, այս երկրի ժողովուրդներ ըլլալով՝ անգամ մը եւս կը յայտնենք, որ մեր տեսլականն է ամէն տեսակի կեղեքման եւ իշխելու միջոցները ոչնչացած Աշխարհ մը։ Հաշի՛ւը պիտի պահանջենք ձեր սպաննած ամէն մէկ բանուորին, կնոջ, ուսանողին, յեղաբոխականին, անմեղին։ Հաշի՛ւը պիտի պահանջենք Հրանդին…

Այժմ՝ Հրանդին չափ քաջ ըլլալու պահն է։
Այժմ՝ ի գին մեր կեանքի, ժողովուրդներու եղբայրութիւնը փառաբանելու պահն է։
Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս Հայ ենք։
Կեցցէ՛, ժողովուրդներու եղբայրութիւնը։

AKADER, DÖB, Demokratik Haklar Federasyonu, EHP, Emek ve Özgürlük Cephesi, EMEP, ESP, Halkların Demokratik Kongresi, Kaldıraç, Nor Radyo, Nor Zartonk, Militan, ÖDP, Öğrenci Muhalefeti, Proleter Devrimci Duruş, SDP, SGD, Sosyalist Umut, TÖP, Yeniyol, YGD