Ցեղասպանութեան, ինքնութեան ու աշխարհագրութեան լոյսին տակ «Արաբներու 1915-ը»

[ A+ ] /[ A- ]

Բագրատ Էսդուգեան

«Արաբնե­րու 1915-ը» պատ­մա­բան Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լո­ւի կող­մէ մէկ­տե­ղուած ակա­դէմա­կան յօ­դուած­նե­րու հա­ւաքա­ծոյ մըն է, որ լոյս տե­սաւ 2021-ի Նո­յեմ­բեր ամ­սուն Իս­թանպու­լի մէջ։ «Իլե­թիշիմ» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն լոյս տե­սած հա­տորը նոր տես­լա­դաշտ մը կը պար­զէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան գրա­կանու­թեան մէջ։ «Նոր տես­լա­դաշտ» հաս­տա­տու­մով կ՚ակ­նարկենք թէ աշ­խարհագ­րա­կան եւ թէ ըն­կե­րա- հո­գեբա­նական առանձնա­յատ­կութեան։ Սո­վորա­բար երբ կը խօ­սինք հա­յոց ցե­ղաս­նա­նու­թեան մա­սին, ընդհան­րա­պէս նկա­տի կ՚ու­նե­նանք հա­յոց բարձրա­վան­դա­կին տե­ղի ու­նե­ցած կո­տորած­նե­րը եւ տե­ղահա­նու­թիւնը։ Աշ­խարհագ­րութիւ­նը քիչ մը եւս ըն­դարձա­կելով կը հաս­նինք Պոլ­սոյ, Անա­թոլիայի արե­ւելեան քա­ղաք­նե­րուն, Կա­պատով­կիոյ ու վեր­ջա­պէս Կի­լիկիոյ շրջան­նե­րուն։

Նման սահ­մա­նում մը կը բե­րենք նաեւ տա­րեթի­ւերուն։ Մերթ ընդ մերթ կը յի­շենք 1895 թո­ւակա­նը, ուր Հա­միտեան գունդեր ար­դէն իսկ կ՚աւե­րէին պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղե­րը ու քա­ղաք­նե­րը։ Նոյնպէս 1915 թո­ւականն ալ կը դի­տուի իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադրո­ւած ու աւար­տին հա­սած թո­ւական մը ըլ­լա­լով։ Առա­ւել ան­գամ հա­զիւ Ա. Աշ­խարհա­մար­տի տե­ւողու­թեան մէջ կը քննար­կենք եղե­լու­թիւննե­րը։

«Արաբ­նե­րուն 1915-ը» օրա­կար­գի կը բե­րէ մի­ջինա­րեւե­լեան արա­բաբ­նակ եր­կիրնե­րէ ներս ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծադրման եղա­նակ­նե­րը եւ անոնց հե­տեւանքնե­րը։ Յի­շենք որ այդ եր­կիրնե­րը նոյնպէս են­թա­կայ էին Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան եւ հա­զիւ Ա. Աշ­խարհա­մար­տի աւար­տով ապ­րե­ցան նաեւ Ֆրան­սա­կան կամ Անգլիական ման­դա­տի պայ­մաննե­րով։

Գիր­քի առանձնա­յատ­կութիւննե­րէն մէկն ալ վե­րապ­րողնե­րու մա­սին բե­րած ծա­նօթու­թիւններն է։ Դար­ձեալ ընդհա­նուր ակ­նարկով մը կը խօ­սինք 1,5 մի­լիոն զո­հուած­նե­րու մա­սին։ Այդ գի­տելի­քին կը յա­ջոր­դէ աշ­խարհի չորս ծա­գերուն սփռուած ու մին­չեւ օրս գո­յու­թիւնը պա­հելու եւ յա­րատե­ւելու մար­մա­ջին մատ­նո­ւած սփիւռքա­հայու­թեան մա­սին վկա­յու­թիւններ։ Սա­կայն կան նաեւ իրենց բնօր­րա­նին մէջ գո­յու­թիւնը ծպտեալ կեր­պով պա­հած կամ այ­լա­սերած տար­րեր։ Այս հա­տուածն ալ դի­տումնա­ւոր կեր­պով ան­տե­սուած էր հայ­կա­կան դա­սակա­նացած պատ­մագրու­թեան կող­մէ։

Ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է թէ, Հա­յաս­տա­նէն դի­տելով «հայ­կա­կան սփիւռք» կո­չու­մը առա­ջին հեր­թին կը յու­շէ ԱՄՆ-ի Կլեն­տէյլ կամ Լոս Ան­ճե­լես քա­ղաք­նե­րը։ Ապա կը մտա­բերո­ւի Արեւմտեան Եւ­րո­պայի՝ յատ­կա­պէս Փա­րիզի գա­ղութնե­րը։ Այս եր­կուքէն ետք կը յի­շուին լա­ւագոյնս կազ­մա­կեր­պո­ւած Պէյ­րութի ու Հա­լեպի հա­մայնքնե­րը։ Սա­կայն այս վեր­ջի­նի ան­կումէն ետք, որ­քան ալ բարձր ըլ­լան անոնց քա­ղաքա­կան ու մտա­ւորա­կան պա­շար­նե­րը, ան­տեսման ռազ­մա­վարու­թիւնը ալ աւե­լի զգա­լի դար­ձաւ։ Հա­պա Ղա­միշ­լիի, Արաբ­բունա­րի, Թել Ապեատի, Աֆ­րի­նի այ­սօր բո­լորո­վին նօս­րա­ցած հայ հա­մայնքնե­րը՞։

«Արաբ­նե­րու 1915-ը» այս ան­տե­սուած հա­մայնքնե­րու, անոնց պատ­մա­կան ան­ցեա­լին մա­սին վկա­յու­թիւններ կը բե­րէ։ Բա­ցի Եիղիթ Աքը­նի խմբագ­րած նե­րածա­կանէ, չորս բա­ժին­նե­րու մէջ կը հան­դի­պինք տա­սը յօ­դուած­նե­րու։ Գիր­քի առա­ջին բա­ժինը յատ­կա­ցուած է Փա­րիզի «Ըն­կե­րային Գի­տու­թիւննե­րու Բարձր Դպրո­ցի (EHESS)-ի դա­սախօս Հա­միդ Պո­զաս­լա­նի «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, 1912-1916, Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան հայ­րե­նիք ըն­կա­լու­մի մա­սին նշումներ» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծին։

Երկրորդ բաժ­նի մէջ կը հան­դի­պինք երեք յօ­դուած­նե­րու։ Նո­րա Արի­սեան «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը արա­բերէն թեր­թե­րու մէջ» խո­րագ­րով կը մեկ­նա­բանէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան արա­բական աշ­խարհի մէջ ըն­կալման եղա­նակ­նե­րը։ Նո­րա Արի­սեան 2016 թո­ւակա­նէն այս կողմ երես­փո­խան է Սու­րիոյ խորհրդա­րանին մէջ։

«Վա­խի քա­րոզ­չութիւ­նը, Պա­տավի ազ­նո­ւակա­նի մը գրի­չէն կար­դալ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծի հե­ղինակն է պատ­մա­բան Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լու։ Միացեալ Նա­հանգնե­րու Սթան­ֆորտ հա­մալ­սա­րանի մէջ տոք­թո­րական տե­սու­թիւնը պատ­րաստող Տաղ­լըօղ­լու իր այս յօ­դուա­ծով հայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան գրա­կանու­թեան կը բե­րէ ցարդ ան­յայտ մնա­ցած վկա­յու­թիւն մը։

Երկրորդ բաժ­նի եր­րորդ եւ վեր­ջին յօ­դուա­ծը կը կրէ Սա­մուէլ Տոլ­պիի ստո­րագ­րութիւ­նը եւ «Կայսրու­թեան ծայ­րա­մասի անա­պատը» խո­րագ­րին տակ կը մա­տու­ցէ այս ան­գամ ոչ թէ մարդկանց, այլ շրջա­պատի վկա­յու­թիւննե­րը։

Գիր­քի եր­րորդ բա­ժինը կ՚ընդգրկէ չորս յօ­դուած­ներ, որոնցմէ առա­ջինն է «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թացքին բռնի կեր­պով արաբ­նե­րու հետ ամուսնա­ցուած հայ կա­նանց ազատ­ման խնդի­րը», որ գրի առ­նո­ւած է Ան­նա Ալեք­սա­նեանի կող­մէ։ Նա­րինէ Մար­գա­րեան ու­սումնա­սիրած է «Ամիր Ֆայ­սալ Պին Հու­սէյնի հայ գաղ­թա­կան­նե­րու մա­սին քա­ղաքա­կանու­թիւնը 1918-1920 տա­րեթի­ւերուն» նիւ­թը։ Քեյթ Տեյ­ւիտ Ուա­թեր­փո­յի յօ­դուա­ծի խո­րագիրն է «Յի­շել աշ­խարհա­մար­տը, քա­ղաքա­ցիու­թեան փառ­քը եւ պահ­պա­նողա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւն»։ Բաժ­նի վեր­ջին յօ­դուա­ծին մէջ Վիք­թորյա Աբ­րա­համեան կ՚ու­սումնա­սիրէ Ֆրան­սա­կան ման­դա­տի շրջա­նին Սու­րիոյ մէջ ինքնու­թեան խնդի­րը։

«Արաբ­նե­րու 1915-ը» չո­րրորդ ու վեր­ջին բաժ­նի մէջ տեղ կու տայ եր­կու յօ­դուած­նե­րու։ «Մու­սա լե­րան հա­յոց դի­մադ­րութիւ­նը, 1939-ի գաղ­թը եւ արաբ­ներ» խո­րագ­րով Շու­լէ Ճան վե­րապ­րողնե­րու վկա­յու­թիւննե­րու լոյ­սին տակ կ՚ու­սումնա­սիրէ պատ­մութեան կա­րեւոր դրո­ւագ­նե­րէն մէ­կը։ Իսկ Ռա­շիտ Խա­լիտի այս խիստ ու­շագրաւ հա­տորը կ՚եզ­րա­փակէ «Ա. Աշ­խարհա­մար­տի չսպիացող վէր­քե­րը՝ Հա­յաս­տան, Քուրտիս­տան եւ Բա­ղես­տի­ն» յօ­դուա­ծով։

Էմ­րէ Ճան Տաղ­լըօղ­լու հե­ղինակ­նե­րը ծա­նօթաց­նող բա­ժինով մը կ՚աւար­տէ իր գիր­քը, որ կը խոս­տա­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան գրա­կանու­թեան նոր էջ մը աւե­լաց­նել եւ նոր որո­նումնե­րու ներշնջում պատ­ճա­ռել։

Արտատպուած՝ Ակօսէն