Agos
Pakrat Estukyan
Լիբանանի մայրաքաղաքը հայ իրականութեան, յատկապէս գրական արտայայտութիւններուն մէջ, Պոլսոյ հետ կը բաժնէ «երազային» մակդիրը։ Թերեւս որոշ գրողներ Փարիզի նկատմամբ ալ նոյն մերձեցումը ունենային։ Բայց գոնէ մեր ընկալումին մէջ միշտ կար այդ «երազային Պէյրութ» կոչումը։ Եւ ահա «Միջին Արեւելքի Օդային Գիծերու» ինքնաթիռը 9 Ապրիլ, Հինգշաբթի ցերեկուայ ժամերուն կը հաւաքէր իր անիւները Եշիլգիւղի օդակայանի վազքուղիէն դէպի պարապութիւն, մօտ մէկուկէս ժամուայ թռիչքով մեզ հասցնելու համար այդ երազային քաղաքը։
«Նոր Զարթօնք» հարթակի հիմնադիրներէն Սայաթ Թէքիրի հետ հրաւիրուած ենք Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ, մեր լիբանանահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն Պոլսոյ այժմու համայնապատկերը փոխանցելու համար։ Բաւական երկար տարիներ շարունակուող մեկուսացում մը կար երկու գաղութներուն միջեւ, որ վերջին տարիներուն զգալիօրէն շրջուած է։ Թափ ստացած են փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց հետեւանքով թէ Պէյրութի, թէ Պոլսոյ մէջ հետաքրքրութիւնը մեծցած է մէկզմիւսի նկատմամբ։ Այդ հետաքրքրութեան առաջին արգասիքը եղաւ Պոլսոյ Վարդանանց երգչախումբի լիբանանեան հիւրահամերգը։ Այս հանդիպումը, շնորհիւ Վարդանանցի կատարողական բարձր կարողութեան, ա՛լ աւելի հրահրեց պոլսահայութեան շուրջ ծաւալող համակրանքը։ Սա վերջին տարիներուն եթէ ոչ հաստատութիւններու գծով, գէտ անհատական, բարեկամական կապերով մենք ալ առիթը ունեցած էինք Լիբանանէն ժամանած երիտասարդներու հետ շփուելու։ Տպաւորուած էինք այդ տղոց պատրաստուածութենէն։ Տեղեակ էին իրենց մայրենիին, կը գիտակցէին ազգին պատմութեան, բայց նաեւ հաղորդակից էին համաշխարհային նոր ընկալումներուն։ Կասկած չկայ որ անոնց Պոլսոյ նկատմամբ ուշադրութեան աճին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էին 2013 Մայիսի Թաքսիմեան ցոյցերը եւ այդ շարժումին մէջ հայ երիտասարդութեան գործոն եւ հայեցի ներկայութիւնը։ Ահա այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ է, որ մեծ յուզումով կ՚անցնէինք այդ կարճ օդային ճանապարհը, մեզ հրաւիրողներու հետ հանդիպելու անհամբերութեամբ։
Օդակայանէն դուրս գալով դէմհանդիման մնացինք իրենց բարեկամները դիմաւորելու եկած բազմութեան մը հետ։ Ոմանք դիմաւորելու եկած էին օտար մը, որուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար անձանուն մը, կամ ընկերութեան անուն մը կրող թուղթեր կը պարզէին։ Այս բազմութեան մէջ նկատեցինք զոյգ մը «հայու աչեր»ու ջերմութիւնը։ Չէինք սխալած, Զաւարեանի երիտասարդ սաներն էին, որոնք մեզ իսկոյն տարին իրենց համար խիստ հարազատ վայր մը՝ «Հայկազեան Համալսարան»։
Համալսարանաը հարստութիւն է
Հայկազեան Համալսարնի մէջ մեր առաջին այցելավայրը եղաւ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի վարիչ՝ Անդրանիկ Տագէսեանի գրասենեակը։ Մեր առաջին հանդիպումն է այս, բայց կը ողջագուրուինք կարօտակէզ հարազատներու նման։ Տագէսեան բացատրութիւններ կը փոխանցէ իր իսկ պաշտօնավարած ԲՈՒՀ-ի պատմութեան եւ այժմու յատկութիւններուն մասին։ Իրարու հարեւանութեամբ հինգ անջատ շէնքերէ բաղկացող կառոյց մըն է Հայկազեան Համալսարանը, ուր երկրի զանազան ազգութիւններուն պատկանող 900 աշակերտներ կ՚ուսանին։ Իսկ մենք ալ մեր կարգին տեղեկութիւններ կը փոխանցենք Իսթանպուլի կրթական համակարգէն, քաղաքիս հայ դպրոցներուն դիմագրաւած բարդութիւններէն եւ ձեռքբերած յաջողութիւններէն։ Կը խօսինք անցեալի ու ներկայի մասին։ Անցեալն ալ կը բաժնենք երկու հատուածի՝ նախաեղեռնեան եւ յետեղեռնեան շրջաններու սահմանումով։ Կը համաձայնինք երկու օր ետք Այնճարի մէջ կրկին մէկտեղուելու խոստումով եւ կը հեռանանք Անդրանիկ Տագէսեանի գրասենեակէն դէպի Հայկազեանի գրադարանները։
Գրադարանը աւելի մեծ հարստութիւն է
Եթէ համալսարանը քաղաքի մը աչքի լոյսն է, կասկած չկայ որ գրադարանն ալ համալսարանի մը աչքին լոյսն է։ Հայկազեանի հայագիտական բաժնի գրադարանին մէջ տեսնելով պատմական հնագոյն հատորներ, կը տարուինք այս խորհուրդներով։ Հաճելի անակնկալ մըն էր նկատել, որ գրադարանը կը կրէ մեր այնքան ժողովրդականացած սիրերգակ բանաստեղծին՝ Տէրեանի անունը։ Կամ առաջին հերթին մենք այդպէս կարծել կը սիրենք, քանի որ չենք անդրադարձած որ այս Տէրեանը ոչ թէ մեր սիրելի Վահան Տէրեանն է, այլ գրադարանի գլխաւոր նուիրատու մի Տէրեան։
Գրադարանի պատասխանատու Վերա Կոստանեան մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ հայագիտական բաժնի գրադարանի մասին։ Կը խոստանանք «Ակօս»ի կազմուած հատորները ուղղարկելու։ «Ընդերցելու համար չէ որ կ՚ուզենք։ Մենք ձեր այնքան յաջող Անտրոյիտ կիրարկումին շնորհիւ օրըստօրի կը հետեւինք թերթին։ Ճիշդ է որ թրքերէն չեմ կրնար կարդալ, բայց հայերէն եւ անգլերէն տարբերակը բաւարար է ինծի համար» կ՚ըսէ Տիկին Վերա Կոստանեան։
Կ՚իջնենք ներքեւի յարկը, ուր տեղադրուած է համալսարանի ակադեմական «Պարսումեան» գրադարանը։ Այստեղ կը տիրէ լեզուներու զանազանութիւնը։ Իրենց գիտական
նիւթերէն զատ՝ գիրքերը նաեւ բաժնուած են ըստ լեզուներու։ Այստեղ ալ մեզ կը դիմաւորէ Տիկին Սոնիա Սիսլիեան, որ պատասխանատուն է ակադեմական գրադարանի։ Երկու գրադարաններու մէջ ալ մեզ խիստ հետաքրքրող նմոյշներ կային, որոնցմէ բաժնուելու կը դժուարանայինք։ Բայց մեզի ուղեկցող երիտասարդները ժամանակի բերմամբ մտահոգութիւններ ունին։ Նախքան պանդոկ տեղաւորուիլ, անոնք նախատեսած են Համազգայինի վարչական շրջանակներու հետ հանդիպում մը եւս։
Անուննե՜ր, անուննե՜ր, անուննե՜ր
Մեր երիտասարդ հիւրընկալներու հետ հանդիպման առաջին պահէն իսկ բարի նախանձով կը լսենք անոնց անթերի եւ առինքնող արեւմտահայերէնը։ Մեր հիացումը կը կրկնապատկուի՝ իրենց անուններուն ծանօթանալով եւս։ Շաղիկն էր օդակայանի մէջ մեզ դիմաւորող հայու աչքերով աղջիկը։ «Մայրս Մեծարենցի քերթուածէն ներշնչուելով դրած է անունս» կ՚ըսէ Աքասիան։ Կարինը լրջութեան մէջ շողշողուն մանկամարդուհի մըն է։ Հապա Արեւի՞կը։ Եթէ այսքան կանխաւ համոզուինք որ մեր ժողովուրդը շատ բաներ պիտի վայելէ այս երիտասարդներու շնորհիւ, չեմ գիտեր որ արդեօք ծանր բեռ մը դրած կ՚ըլլանք այս երիտասարդներու ուսերուն։ Շուտով կը ծանօթանանք նաեւ Արազին հետ։ Կրկին հարազատութեան զգացում մը։ Եւ դեռ կան տղաքը։ Խաչիկը, Պերճը, Սագօն, Հրակը եւ դեռ տասնեակներով Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներ։ Երազային Պէյրութը իրենց շնորհիւ ալ աւելի կը շեշտուի մեր զգացումներուն մէջ։
Համազգային այցելել կը նշանակէ նաեւ լիբանանահայութեան ընկերաքաղաքական կեանքի տաճարը այցելել։
ՀՅԴ-ի մշակութային գործունէութիւնը, «Ազդակ» օրաթերթը, «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանը, «Փիւնիկ» սրահը, Համազգայինի գրախանութը մէկտեղուած են Շաղզոյան կեդրոնին մէջ, որ լոկ իր կառոյցով իսկ հմայիչ է հայ անհատի համար։
Այստեղ մեր երիտասարդ հիւրընկալները հանդիպում մը ծրագրած էին Համազգայինի վարչականներուն հետ։ Ուրախութեամբ տեսանք որ զանազան նիւթերու շուրջ մեր համոզումները կը համընկնէին։ Կ՚արժէր անգամ մը եւս վերատեսութեան ենթարկել դաշնակցութեան մասին մեր նախապաշարումները։ Խօսակցութիւններէն կը պարզուի թէ մեր կանխակարծութիւնը բոլորովին ալ անհիմն չէ, բայց միւս կողմէ կայ շատ կարեւոր մտային յեղաշրջման երեւոյթ մը։ Ի վերջոյ հայ ժողովուրդի օրակարգին վրայ կան համահայկական բնոյթով բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք կը պահանջեն գերկուսակցական մերձեցում։
Այս հանգրուանին անգամ մը եւս յիշեցինք պոլսահայութեան գէթ ազգամիջեան պառակտումներէ խուսափելու միտումով կուսակցութիւնները ատող մտայնութիւնը։ «Իրարու եկեղեցի անգամ չեն երթար։ Բարեբախտաբար մեր երկրին մէջ արգիլուած են ազգային կուսակցութիւնները» կ՚ըսէին մեզ նախորդող սերունդի մարդիկ։ Եթէ յիշենք սփիւռքի եղբայրասպան տարիները, կրնանք որոշ չափով իրաւացի գտնել այդ համոզումը։ Սակայն հարկ է նշել որ նման առիթի մը բացակայութիւնը տեղի տուած է քաղաքական մտքի թերաճութեան։ Յարգելով բացառութիւնները կրնանք ըսել որ պոլսահայութեան ընկերային կեանքը ձեւաւորողը միջակ խանութպանի մը տեսլադաշտով սահմանուած է։ Բնականաբար այդ սահմանափակութենէն դժուար թէ ծագի ժամանակի հետ ձեւափոխուող, բազմատեսակ խնդիրները ընկալող եւ մեկնաբանող միտքեր։ Պարտինք նշել երեւոյթ մը եւս։ Սոյն ցամքածութեան եւ միջակութեան մէջ բաժին ունի նաեւ արտագաղթ կոչուած ախտը։ Ախտ մը՝ որ կը սպառնայ նաեւ լիբանանահայութեան։ Պոլսոյ նման Պէյրութի հայութիւնն ալ բռնած է Արեւմտեան երկիրներու ճամբան, որ կը տանի ուծացման։
Վայելել պոլսահայու մտերմութիւնը
Մեր սիրելի հիւրընկալները բծախնդրութեամբ մշակած էին այս քանի մը օրուան այցելութեան նախագիծը։ Չէին ուզած որ բացթողում մը ըլլայ եւ մենք, այդ երկու-երեք օրերու ընթացքին, կարելի չափով շատ մարդկանց հետ հանդիպինք։ Անշուշտ որ ամէն մի նոր ծանօթութիւն նոր յայտնութիւն մըն էր մեզի համար։ Իսկ արտակարգօրէն հաճելի եղաւ տիար Գրիգոր Կէօքճեանի հետ մեր հանդիպումը։ «1955 թուի 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերէն ետք հայրս որոշեց Թուրքիայէն հեռանալ։ Սկիզբը անցման կէտ մը պիտի ըլլար Լիբանանը դէպի Գանատա նպատակադրած մեր ուղեւորութեան մէջ։ Ապա Գանատայի բարեկամներէն եկած նամակները տեսնելով հրաժարեցանք այդ միտքէն եւ դարձանք լիբանանահայ»։ Այս նախադասութիւններով կը բացատրէ պարոն Գրիգոր իր պէյրութահայ դառնալու ոդիսականը։ Եթէ Այնթապցին, Մարաշցին, Ուրֆացին, Տիյարպէքիրցին կամ Ատանացին իրենց տեղական սովորութիւնները պահած են այս գաղթավայրի մէջ, ինք ալ կատարեալ կերպով պահած է պոլսահայու յատուկ վարքն ու կենցաղը։ Իրեն կ՚ընկերակցի ազնուափայլ ուսուցչուհի մը, տիկին Վերա, որ միջոց մը առաջ այցելած է Իսթանպուլ եւ խոր տպաւորութիւններ ունեցած մեր քաղաքէն եւ յատկապէս ալ քաղաքի հայութենէն։ Օննոյի ճաշարանը մէկտեղուած ենք։ Մեզի մատուցող միջին տարիքով կինը կը զգուշացնէ ըսելով, թէ իրականութեան մէջ Գուրգէնի ճաշարանն ենք, իսկ Օննօն Գուրգէնի լուսահոգի հայրն է։ Հոս եւս ժամանակը կը դաւաճանէ մեզ, ընդհատելով մեր այդքան հաճելի զրոյցը։ Տեղ ունինք հասնելու։
Խօսիլ սրուած հետաքրքրութեան մէջ
Վերադարձած ենք Համազգայինի «Փիւնիկ» սրահը։ Ընդարձակ սրահ մըն է այս, որ կը հիւրընկալէ մօտաւորապէս 150 հետաքրքիր լիբանանահայեր, որոնք եկած են մեզմէ լսելու Պոլսոյ մասին։ Սայաթի հետ կը դասաւորենք մեր արծարծելիք նիւթերը եւ հեզութեամբ կը սահի մեր փոխնիփոխ զեկոյցները։ Զեկոյցի աւարտին ժողովավար Խաչիկ կը դժուարանայ հարցումներու տարափը դասաւորելու։ Քանի մը անգամ կը հարկադրուի «վերջին երկու հարցումները» ըսելու, միշտ ունենալով յաւելեալ եւս երկու հարցումներ։
Ամօթով մնացինք
Թորոս Թորանեանին
Այդ օր մեզ լսելու եկողներուն մէջ է նաեւ շատ սիրելի ու հարազատ դէմք մը՝ Թորոս Թարանեանը։ Կարօտով կը գրկենք զիրար։ 87 ամեայ այս երիտասարդը տխուր օրեր է որ կ՚ապրի այս շրջանին։ Ան վերջերս կորսնցուց իր 60 տարուայ սիրածը՝ Արմինէն եւ զրկուեցաւ հարազատ քաղաքէն՝ Հալէպէն։ «Փախստականի դիրքի մէջ եմ այստեղ։ Աղջկանս քով կը մնամ եւ չեմ կրնար Պէյրութէն դուրս ելլել» կ՚ըսէ ան։ Ամօթով ենք իր հանդէպ։ Պէտք էր մենք զինք այցելէինք։ Բայց Թորանեան չկարեւորէր նման թերացումը։ Ան ալ մեզ կը դիտէ իբրեւ հարազատ եւ ամէն ջանք կը վատնէ, որպէսզի յաջորդ օր կրկին միասին ըլլանք։ Կը յաջողի ալ։ Շաբաթ օրն է եւ մենք վերադարձած ենք Այնճարէ։ Հիւրանոցի մէջ կ՚այցելէ մեզ։ Թուղթեր նամակներ բերած է իր հետ։ Պատուէրներ ունի։ Եւ այդ գիշեր մինչեւ ուշ ժամեր բոլորս միատեղ կ՚ապրինք Թորոս Թորանեանի մտերմութիւնը։ Նոյն ժամերուն մեզ կ՚այցելէ նաեւ վաղեմի բարեկամ մը, ԱՌՉԿ-ի ներկայացուցիչ Ալեքսան Քէօշկերեան։
«Կ՚երածդ, խմածդ քեզի մնայ, տեսածդ պատմէ» կ՚ըսեն։ Ես ալ այդպէս ընել կը փորձեմ եւ կ՚ափսոսամ որ զանց առած եմ տեսածներուս իսկ կարեւոր մասը։ Բայց ոչինչ, այնքան խոր տպաւորուած եմ որ իմ տեսած չափով Պէյրութէն եւ իմ ճանչցած չափով պէյրութահայէն, վստահ եմ ապագային մի գուցէ ուրիշ խորագիրներու ներքեւ այս էջերու վրայ կ՚արտայայտուիմ այդ ոգեւորութեան դրսեւորումներով։