Սայաթ Թէքիր. ««Արմէն Ճամբար»ի Հարցով Մենք Հասանք Մեր Նպատակին»

[ A+ ] /[ A- ]

3786

Արեւելք

«Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Գամբ Արմէն»ը պիտի վերանորոգուի սակայն, տակաւին պարզ չէ, անոր օգտագործման եղանակը»,- «Արեւելք»ին ըսաւ «Նոր Զարթօնք» շարժումի պատասխանատու Սայաթ Թէքիր: Ան նաեւ նշեց, որ համայնքի Պատուելիին հետ խորհրդակցած են, եւ ըստ նախնական որոշումի մը աշխարհի բոլոր հայերուն համար այնտեղ կառոյց մը պիտի վերահաստատեն, անշուշտ տակաւին նիւթական մանրամասնութիւնները յայտնի չեն:

Թէքիր նաեւ նշեց, որ «Գամբ Արմէն»ի նորոգման աշխատանքները կրնայ հոգալ թրքական պետութիւնը: «Առաջարկներ կան, որ պետութիւնը վերակառուցէ շէնքը, կայ նաեւ այլ առաջարկ, որ մենք դրամահաւաք ընենք»: Պարզելով «Գամբ Արմէն»ի պաշտպանութեան համար «Նոր Զարթօնք»ի ծաւալած գործունէութիւնը, ան աւելցուց. «Մենք այս նախաձեռնութիւնը քաղաքական կեցուածքի մը համար ըրինք , որպէսզի մեր կալուածները չառնեն, առաւել ուրիշ կալուածներ ալ ետ տան: Մեր կեցուա­ծքը քաղաքական կեցուածք է եւ յաջողեցանք մեր նպատակին մէջ»: Թէքիր նաեւ նկատել տուաւ, որ «Արմէն Ճամբար»ը կը պատկանի Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ համայնքն է, որ շէնքին կապակցութեամբ վերջնական որոշում պիտի կայացնէ:

Սայաթ Թէքիր անդրադառնալով նաեւ Թուրքիոյ մէջ անցնող 1 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն եւ իր կարծիքը տալով քաղաքական ներկայ գործընթացներուն մասին, յայտնեց, թէ HDP կուսակցութիւնը կրնայ գործակցութիւն սկսիլ իշխանութիւններուն հետ եւ կառավարութիւն մտնել. «Թերեւս կարելի է միասնական կառավարութիւն մը ստեղծել, բայց դժուար է, որովհետեւ HDP-ն միայն քիւրտերու կուսակցութիւնը չէ, այլ անոր մէջ կան տարբեր խմբակցութիւններ եւ փոքրամասնութիւն ներկայացնող հոսանքներ, որոնց համար շատ խորթ է իշխանութիւններուն հետ գործակցութեան մը գաղափարը»: Աւարտին Թէքիր մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին վերաբերեալ մասնաւորաբար նշելով, որ երկրին մէջ մարդկային իրաւանց հարցերը մեծ նահանջ կ’ապրին: Նշենք, որ Սայաթ Թէքիր մեր հարցերուն պատասխանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, ուր ան կը գտնուի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հրաւէրով (ANCA)` տեղի գաղութներուն հետ հանդիպումներ ունենալու նպատակով: