Asbarez
Պոլսահայերուն կողմէ հիմնադրուած «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ կազմակերպած է բողոքի ցոյց մը՝ 2011 թուականի Ապրիլի 24ին թրքական բանակին մէջ հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըի սպանութեան դէմ: Այս մասին տեղեկացուցած է պոլսահայ «Ակօս» պարբերականը:
«Նոր Զարթօնք»ը կոչ ուղղած է՝ «Թող ձերբակալուի Սեւակի մարդասպանը, թող դատապարտուի նման մտածելակերպը» վերնագիրով: Հրապարակման մէջ՝ յիշեցնելով Սեւակի սպանութեան մանրամասները, գրուած է. «Սպանութենէն անցած է մէկ տարի եւ չորս ամիս, սակայն կասկածելին տակաւին ազատութեան մէջ է: Կոչ կ՛ուղղենք ողջ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք դէմ են ուժի գործածութեան եւ խիղճ ունին, ըլլալու Սեւակի ընտանիքի կողքին եւ այս դատական գործը դարձնելու իրենցը»: Կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է բոլորին՝ 5 Սեպտեմբերին՝ ժամը 19.00ին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ «համախմբուելու՝ յանուն արդարութեան»:
Նշենք, որ 2011 թուականի Ապրիլ 24ին թրքական ծառայողական զօրամասին մէջ սպաննուած էր հայ զինուոր Սեւակ Պալըքչըն: Ըստ պաշտօնական վարկածին, ան սպաննուած էր իր ծառայակից ընկերոջ կողմէ՝ անզգուշօրէն: Սակայն հետագային թրքական լրատուամիջոցները տարածեցին լուրեր այն մասին, որ Պալըքչըն սպաննած Քըւանչ Աղաօղլուն կապ ունի ազգայնական ուժերուն հետ: Այդուհանդերձ, ռազմական դատարանը 2011 թուականի 1 Օգոստոսին որոշած էր երեք ամսուան բանտարկութենէ ետք ազատ արձակել ոճրագործը՝ յանգելով այն եզրակացութեան, թէ հայ զինուորը «անզգուշօրէն» սպաննած Աղաօղլուն փախչելու որեւէ առիթ չունի, թէպէտ դատական գործը տակաւին փակուած չէ: