Agos
Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ եւ համայնքային հաստատութիւններու միացեալ հարթակի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու 18 Յունուար Չորեքշաբթի օր Անգարայի Նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Թերթիս ըրած բացատրութիւններուն մէջ Շիրինօղլու այս հանդիպումը նկարագրեց պատրիարքական ընտրութիւններուն չկատարուելու գործին մէջ անձին ուղուած մեղադրանքները կանխելու համար։ Շիրինօղլուի բացատրութիւններով նախագահը այս նիւթին անելի մատնուելու պատասխանատուութիւնը բեռցուցած է համայնքին։ «Ուզեցինք որ ձեր կամքով կանոնագիր մը պատրաստուի, բայց դուք չէք կրցած համաձայնութիւն մը գոյացնել», ըսած է նախագահը։ Միւս կողմէ համայնքային իրաւաբաններ յաճախ կը կրկնեն նոյն պնդումը ըստ որու ընտրութեան համար բաւարար է միայն կամք պարզել եւ թուական ճշդել։ Այս մասին համայնքի փաստաբանները քանիցս յայտարարութիւններով հանդէս եկած էին մեր թերթին միջոցաւ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի եկած է նաեւ նախորդ շաբաթ խորհրդարանի մէջ Կարօ Փայլանի ուղղեալ անարգանքը։ Պետրոս Շիրինօղլու այս նիւթը օրակարգի բերելով յայտնած է թէ պատահածը խիստ անհանգստութիւն պատճառած է հայ ժողովուրդի 99 տոկոսին։ Անշուշտ բաւական վիճելի պնդում մըն է այս քանի որ թրքահայ հասարակութեան մէջ բնաւ քիչ չեն Փայլանի խօսքերուն ձայնակցողները։
Թրքահայ իրողութեան մէջ խիստ հակասական երեւոյթներ են պետական հալածանքէ խուսափելով ազգային արժանապատուութիւն համարուած նիւթերը խօսելէ խուսափողներուն եւ ընդհակառակը պահանջատիրական արդար ընդվզումով ազգային իրաւունք պաշտապանողներուն առկայութիւնը։ Այս դրուածքին մէջ անշուշտ որ բոլորովին անհիմն է Պարոն Շիրինօղլուի ներկայացուցած 99 տոկոսի վարկածը։ Արդարեւ «մտքի հարթակ» շարժումի անդամներէն իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ ալ կը հաստատէ այս համոզումը եւ կ՚ըսէ թէ այս նիւթը հանրապետութեան նախագահին փոխանցելիք նիւթ մը չէր։ «Ընտրութեան գործընթացը ինքնին անկախ դրութիւն մըն է որուն համար անտեղի է հանրապետութեան նախագահին դիմել։ Պէտք է նախ աղերսագիր մը յանձնուէր կուսակալութեան եւ ապա ընթացքը արագացնելու համար միջնորդութիւն պահանջել։ Հիմա որ տակաւին դիմում մը չէ ներկայացուած, բոլորովին անտեղի է հանրապետութեան նախագահի հետ այս նիւթին քննարկումը։ Վերջապէս այժմ ստացուած պատասխանն ալ բաւական մտահոգիչ է։ Ի՞նչ տեսակ կապ մը ունին Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը եւ սահմանադրութեան համար կայանալիք հանրաքուէն։ Յանկարծ եթէ ժխտական ըլլայ այս ի՞նչ տեսակ իմաստներ պիտի ունենայ պատրիարքի ընտրութեան խնդրին մէջ։ Ներկայ վիճակով մինչեւ հանրաքուէի աւարտը որեւէ դիմում կատարել կարելի պիտի չըլլայ։ Այս ալ կը նշանակէ թէ ընտրութիւնը մնացած է մի ուրիշ գարնան», ըսաւ Սեպուհ Ասլանկիլ։