Արցախը Հայաստան կապող միակ ճամբան Ատրպէյճանի կողմէ փակուած է:
Դեկտեմբերի 12-ին` ժամը 10:30-ին, խումբ մը ատրպէյճանցիներ, խախտելով Հայաստանի, Ռուսաստանի և Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած 2020թ. նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, փակեցին Լաչինի միջանցքը: Հայաստան-Արցախ կապը մինչեւ այժմ վերականգնուած չէ։ Ճամբան փակող ատրպէյճանցիները իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս «բնապահպանական ակտիվիստներ», սակայն շուրջ երկու ամիս է ի վեր գործողութիւններու հետեւանքով պարէնի, կազի, դեղի և ելեկտրականութեան ծանր պայմաններու մէջ յայտնուեցան Արցախի մօտ 120 000 հայ բնակիչներ: Բացայայտ է, որ «կեցցէ Ատրպէյճան» վանկարկող այս «բնապահպանները» ուղղորդուած են Ատրպէյճանի պաշտօնական մարմիններու կողմէ: Ամեն տեսակ ազատական շարժումները ճնշող Ալիեւ անշուշտ բնապահպանական մտահոգութիւններ չունի, անոր նպատակի Արցախը հայաթափելն է:
Արցախ կարիք ունի մարդկային օգնութեան: Առանձին մի՜ թողուք Արձախի ժողովուրդը:
Nor Zartonk / Նոր Զարթօնք