Նոր Զարթօնք. Արաքսի Արեւմտեան Ափը Ձեր Կողքին Է

[ A+ ] /[ A- ]

Հայաստանի մէջ կայացող վերջին օրերու ցոյցերը, Հայաստանի ժողովրդավարութեան համար բոլորին յոյս կու տայ։ Իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը լրանալուն պատճառով համակարգային փոփոխութիւն ապա պաշտօնի փոփոխութիւն կատարելով, նախագահութենէն վարչապետութիւն անցնող Սերժ Սարգսեանի դէմ բողոքը ձիւնակոյտի պէս կը շարունակէ ծաւալիլ։

Սարգսեանին ուղղուած մեղադրութիւններու կարգին են՝ շուրջիններուն հետ միասին երկիրը օլիկարխային ձեւով վարել, փտածութիւն, կաշառակերութիւն, ընտրութիւններ կեղծել, անձնական շահեր հետապնդել։ Մինչ Սարգսեանը կը շարունակէ իշխել որպէս վարչապետ, Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը օրէ օր կը տկարանայ։

Իրականութեան մէջ այս ընթացքը միայն Հայաստանով սահմանուած չէ։ Վերջին տարիներուն, Ռուսիա, Թուրքիա եւ Հունգարիայի մէջ, ընտրական ճանապարհով եկած իշխանութիւնները, մենատիրական եւ ոչ թափանցիկ բռնատիրութեան վերածուած են։ Բռնապետներուն համար պատերազմը դարձած է ճգնաժամերէն ազատելու միջոց։ Անոնք կը փորձեն իրենց իշխանութիւնը պաշտպանել արիւնով, վախով եւ միլիոնաւոր աղքատներու ուղարկելով դէպի մահ։ Երկրորդ գաղութատիրական բաժանումի պատերազմը ցոյց տուած է թէ բռնատիրութիւնները եւ գաղութատիրութիւնները ինչ աստիճաններու ցաւ կրնան պատճառել համայն մարդկութեան։

Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնները վերջին տարիներուն կը մնան համեստ, ղեկավարները ով որ ըլլան։ Այլեւս ժամանակն է որ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը ժողովրդավարութեան համար ստոյգ եւ արմատական քայլեր ձեռնարկէ։ Ընդդիմութիւնը պէտք է ոչ միայն փտածութեան եւ կաշառային համակարգին դէմ պայքարի, այլ ընդհանրապէս դէմ կենայ Հայաստանի մէջ իշխող օլիկարխային նէօ-լիպերալ համակարգին դէմ։ Սարգսեանը ըլլայ կամ ուրիշը, անկախ ղեկավարի ինքնութենէն, եթէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւն պիտի կառուցուի, միայն կարելի պիտի ըլլայ այս տեսանկիւնէ տարուած պայքարի մը արդիւնքով։

Հայաստանի խնդիրը Ռուսիոյ եւ կամ արեւմտեան գաղութատիրական ուժերէն որեւէ մէկուն կապուելու խնդիրը չէ, այլ ազատութեան խնդիր է։ Նէօ-լիպերալ քաղաքականութիւններով հանապազօրեայ հացը փոքրացող, փտածութեան պատճառով բարեկեցութեան մակարդակը նուազող, ազդեցիկ ընդդիմութեան բացակայութեան պատճառով անյոյս մնացած հայ ժողովուրդը, կը շարունակէ հեռանալ Հայաստանէն։

Երկրի մը մէջ եթէ չկայ արդարութիւն, չըլլար նաեւ հասարակական հանգիստ եւ բարեկեցութիւն։ Խաղաղ երկիր մը դառնալու համար, Հայաստանին հարկաւոր է ժողովրդավարութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ թափանցիկութիւն։ Ընդդիմութեան եւ ժողովուրդին այս արդար պահանջները կը հաւատանք որ կենսական են։

Այսօր, մենք Արաքս գետին արեւմտեան ափին, որպէս Նոր Զարթօնք, մենք մեզ կը նկատենք այս պայքարին մասնիկը, կը յայտարարենք որ կողքին ենք արդարութիւն պահանջող հաստատակամ ցուցարարներուն, երիտասարդներուն, կիներուն, LGBT-ներուն, աղքատներուն եւ բոլոր մեր ժողովուրդին։ Կ՚ողջունենք իրենց շարժումը, որ որոշիչ դեր պիտի խաղայ Հայաստանի ճակատագիրին համար։

Փողոց Պայքար Ազատութիւն
Nor Zartonk / Նոր Զարթօնք

21.04.2018