2008 – ին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Բ.ի հիւանդութեամբ սկսող «Պատրիարքի խնդիր»ը զանազան յետին ու խորամանկ հաշիւներով հասաւ այս օրերուս: Անցնող» տարիներու ընթացքին առաւելապէս մաշած ու պատուազրկուած կառոյցը եղաւ պատրիարքարանը: Սոյն պատուազրկութեան մէջ ուշագրաւ է ամէն առթիւ Պատրիարքարանի պատիւը բարձր պահելու մասին ճառող համայնքային վարիչներու եւ հոգեւորականներու ունեցած դերակատարութիւնը:
Արամ Աթէշեան փոխանորդի դիմակով 9 տարիներ շարունակ անօրէն կերպով գրաւած է Աթոռը: Ան իր գահը ապահոված է կառավարութեան, պետութեան եւ համայնքի հարուստ հիմնարկներու վարիչներուն աջակցութեամբ: Թէ պատրիարքի եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու վարչութեանց ընտրութիւններուն ձգձգման ետին այս կեղտոտ յարաբերութիւններն են որ որոշիչ եղան:
Այս միջոցին համայնքային կալուածներու շինութեան գործերուն կառավարութեան բարեկամ շինարար ընկերութիւններուն փոխանցման կասկածելի երեւոյթները զգուշօրէն քօղարկուած են հասարակութեան ուշադրութենէն: Որքան ատեն որ թափանցիկութիւն չի տիրեր, հաստատութիւններու վարիչները պիտի մնան կասկածի տակ: Արդարեւ այս կեղտոտ յարաբերութիւններէն եկած նեխոտած ժահը պատճառ դարձաւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Սահակ Եպիսկիպոս Մաշալեանին բաւական ուշացած հրաժարման: Իր հետ միասին Կրօնական Ժողովի բոլոր անդամներն ալ պարտին ժողովուրդին բացատրել թէ ինչո՞ւ այսքան երկար ժամանակ լուռ մնացած են:
16 Փետրուար 2017-ի ՎԱՏԻՓ-ի ժողովը
Սահակ Մաշալեանի հրաժարումէն եւ «Ակօս»ին տուած յայտարարութենէն ետք ՎԱՏԻՓ կ՚որոշէ 16 Փետրուարին Մայր եկեղեցւոյ «Գազազ Արթին Ամիրա» սրահին մէջ ժողովով մը խնդիրը քննարկել: Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութիւններու հիմնարկներուն ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Հանրապետական Կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սէլինա Տողան եւ համայնքային հաստատութիւններու նախագահներ կամ ներկայացուցիչներուն մասնակցած ժողովին փութացած էին աւելի քան 150 անձեր, որոնց կարգին «Նոր Զարթօնք» շարժումի անդամներ:
Նախ յայտարարուած էր թէ ժողովը բակ է հասարակութեան: Ապա կայացած բողոքներու հետեւանքով ապահովուեցաւ հասարակութեան մասնակցութիւնը: Այդ միջոցին լսուեցաւ թէ Սահակ Մաշալեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Մելքոն Գարաքէօսէ, Վազգէն Պարըն, Արամ Աթէշեան, Էրօլ Էրկան եւ խումբ մը անցեր գաղտնաբար ժողով մը գումարած են: Այս մասին բանավէճերը կը շարունակուէին երբ վերոնշեալները եկան ՎԱՏԻՓ-ի ժողովին եւ առարկութիւնները անտեսելով խօսափողը վերցուցին եւ սկսան պարտադրական ոճով ընթերցել իրենց կողմէ պատրաստուած պայմանագիրը: Վերեւ նշուած այս չարագործներու խմբակը, ճգնաժամի ծաւալումով գոյանալիք բացայայտումները կանխելու միտումով դիմած են այս ճամբուն: Ինը տարիներու ընթացքին գործը այս փուլին բերողները հիմա յանկարծակի ընտրութիւնով մը արդարանալ կը ջանան: Մինչդեռ խնդիրը երկար ժամանակէ ի վեր լոկ ընտրութեան հարց մը ըլլալէ դադրած, մտայնութեան եւ դրութեան խնդրի մը վերածուած է: Խնդիրը այդ պայմանագիրը ստորագրողներուն բոլորն ալ հարուստ այրեր ըլլալն է: Այս առումով լուծումն ալ ընտրութենէ աւելի մտայնութեան եւ համակարգի փոփոխութեամբ պիտի ապահովուի:
Պատրիարքական Աթոռի Մասին
1863 թուակիր հայոց սահմանադրութեան համաձայն երկու հանգրուանի քուէարկութեամբ ընտրուած պատրիարքը հասարակութեան հոգեւոր առաջնորդն էր: Ժամանակի ընթացքին ազգային ժողովի եւ անոր յանձնախումբերուն պետութեան կողմէ վերացումով պատրիարքը թէ հոգեւոր եւ թէ աշխարհական ներկայացուցիչի իրաւասութիւններով օժտուած իշխանութեան մը վերածուեցաւ: Հոգեւոր դիմագծին պատճառաւ ամէն տեսակ հարցադրումէ եւ քննադատութենէ զերծ Աթոռը նման պատասխանատուութիւններու տակ դնել, քաղաքական պաշտօններ բեռցնելը թէ այդ հոգեւոր առաջնորդին եւ թէ հասարակութեան դէմ անիրաւութիւն է:
Մենք այսօր թէ Աթոռին եւ թէ աթոռակալին զանազան խմբակներու կողմէ շահագործման ականատես կ՚ըլլանք: Կը տեսնենք թէ հասարակութեան մէջ որոշ դիրք մը ապահոված ունեւորներ աթոռին ուժէն օգտուելով կը պահեն սթաթուսը եւ իրենց զեղծարարութիւնները կը քօղարկեն անոր ետին:Մինչ ուրիշներ ալ դարձեալ Աթոռին իշխանութենէն օգտուելով կ՚երազեն հասարակութեան մէջ գագաթէն սկսող փոփոխութիւն մը ապահովել:
Առաջին խմբակը պատմական նմանութեամբ միջնադարեան Եւրոպայի աւետապետական հողատէրերու եւ հոգեւորականներու համագործակցութեան մերօրեայ ցոլացումն է: Այս խմբակը իր դասակարգային դրութեան պատշաճող ընթացք ունի: Երկրորդ խմբակը չարաչար կը սխալի: Պատրիարքական աթոռին քաղաքացման առանց առարկելու, իրաւասնութիւնը սահմանելու համար առանց պայքարելու, լոկ բարեփոխումներ ակնկալուած աթոռակալի մը յոյս վերագրելը ի զուր է: Հայ հասարակութեան մօտ անցեալին մէջ հանդիպած ենք նման օրինակներու: Աթոռակալը ով ուզէ ըլլայ, անզօր է պետութեան եւ դրամատէրերու դիմաց: Քանզի աթոռի ուժը հոգեւոր է, իսկ ակնկալուած բարեփոխումները աշխարհական: Անշուշտ որ դրամական հաշիւներէ հեռու մնացած, բարոյական արժանիքներով օժտուած, աշխատունակ պատրիարքի մը գոյութիւնը բարիք է հասարակութեան: Սակայն ընկերային պայքարի ցանցերու բացակայութեան, հիմնական բարեփոխումներու իրականացումէն հեռու պայմաններու մէջ աւելին ակնկալել սխալ է:
Ի՞նչ Ընել
ՎԱՏԻՓ-ի ժողովին պարտադրուած պայմանագիրը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի ժողովուրդին համար: Բակ դռներու ետին վաճառականներու յատուկ սակարկութիւնով կարելի չէ հասարակութեան այս արմատացած խնդրին լուծում մը բերել: Այս մտայնութիւնը հասարակութիւնը կ՚առաջնորդէ դէպի ուծացում:
Այլեւս բոլոր խնդիրները ժողովուրդին մասնակցութեամբ կայացած թափանցիկ ժողովներու մէջ քննարկուելու են: Համայնքային բոլոր հաստատութիւնները պարտին թափանցիկ գործել ժողովուրդին ընդառաջ:
Հաստատութիւններու վարչութիւնները ինը տարի է որ անփոփոխ են: Պատրիարքական աթոռի վարկազրկման յօժարող հոգեւորականներու կարգին հասարակութեան սեփականութիւնը համարուող կալուածներէն անհատական շահ ապահովողներն ալ դաւաճան են եւ պէտք է իսկոյն հրաժարին:
Լուծում՝ բազմակողմանի գործունէութիւն, բազմակողմանի ներկայացուցչութիւն
Յստակ է որ Թուրքիոյ հայերը ներկայացուցչութեան խնդիր մը ունին: Պատրիարքարանը հրաժարելու է քաղաքական եւ աշխարհիկ ներկայացուցչութիւն մը ըլլալէ: Այսպէսով աւելի կ՚ամրանայ անոր հոգեւոր հեղինակութիւնը: Ներկայացուցչութեան խնդիրը կը ծագի հայկական հաստատութիւններուն դուրսի աշխարհին նկատմամբ անհաղորդ մնալէն: Ներկայ դրութեան մէջ հայկական հաստատութիւնները բակ դռներու ետին կը ղեկավարուին ունեւոր այրերու կողմէ:
Առողջ ներկայացուցչութեան մը համար անհրաժեշտ է բոլոր հաստատութիւններու թափանցիկ ղեկավարումը: Առանց կիներու եւ երիտասարդներու մասնակցութեան, կարելի չէ իրաւ ներկայացուցչութիւն մը ապահովել: Բազմակողմանի գործունէութիւնը եւ բազմակողմանի ներկայացուցչութիւնը միայն իր հասարակութեան եւ Թուրքիոյ խնդիրներու մասին գաղափարներ յղանալով, իրաւունք պաշտպանելով կարելի է: Հասարակական կազմակերպութիւնները, թաղային խորհուրդները, հայրենակցական կամ սանուց միութիւնները պարտին այս սկզբունքով վերակազմուիլ:
Թուրքիոյ հայերը թէ պետութեան դէմ գրաւուած իրաւունքներուն եւ թէ աւելի արդար երկրի մը համար պահանջատէր ըլլալու են: Հայոց միակ փրկութիւնը կախեալ է պայքարի կամքէն: Պարապի վատնելու ժամանակ չունինք: Յիշենք Քամփ Արմէնի դիմադրութիւնը եւ այդ ոգիով պայքարինք մեր կամքը յափշտակող համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն կամ Պատրիարքարանի ապագան խաթարողներուն դէմ:
Նոր Զարթօնք