«Նման Յարձակումներու Աւելիով Կը Զօրացնեն Մեր Պայքարը»

[ A+ ] /[ A- ]

07.08.15-1761chambar

Արեւելք

«Արեւելք» քիչ առաջ   յաջողեցաւ կապ հաստատել   Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք»  միութեան համաներկայացուցիչ Սայաթ Թէքիրին հետ: Թէքիր    ըսաւ,  որ  երէկ   «Քէմբ Արմէն»ի վրայ     տեղի ունեցած յարձակումէն  ետք        վիրաւորուած  2 անձերը     բնականոն  վիճակի  մէջ են եւ վերադարձած են իրենց  աշխատանքնետուն: Թէքիր  նշեց, որ  երէկ գիշերուան  դէպքէն ետք մեծ թիւով   տեղացի (յատկապէս ձախակողմեան) աքթիւիսթներ  զօրակցութիւն յայտնած են իրենց:

«Այս  պահուն   թուրք, քիւրտ եւ   տարբեր ազգութիւններէ   աքթիւիսթներ կը գտնուին «Քէմբ Արմէն»ի մէջ», ըսաւ  Սայաթ Թէքիր յաւելելով, որ այսօր երեկոյեան իրենք կը պատրաստուին  մամլոյ ասուլիս մը   տալ:   Պոլսահայ  աքթիւիսթը  ըսաւ, որ Թուրքիա  ապրելով   իրենք   վարժ են նման յարձակումներու եւ այսպիսի դէպքեր աւելիով կը զօրացնեն իրենց   պայքարը:

Ան   «Արեւելք»ի    ամպիոնէն  Սփիւռքի եւ  Հայաստանի հայութեան  դիմելով ըսաւ «մենք հայութեան զօրակցութեան կարիքն ունինք յատկապէս  այս հանգրուանին»  հաւաստելով, որ  իրենք մտադիր են  ամէն գնով այս պայքարը շարունակել:

Յիշեցնենք, որ  Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ եղող  «Քէմբ Արմէն»ի դիմադրութիւնը  երէկ թեւակոխած էր  իր  100-րդ օրը: Անածանօթներ  յարձակած էին     «Քէմբ Արմէն»ի շուրջ պահակութիւն  ընող տղոց դէմ: Բիրերով կատարուած յարձակումին հետեւանքով  2 անձեր վիրաւորուած էին: