ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԲԵՄՆԻ ԵՈԶՂԱԴԷՆ

[ A+ ] /[ A- ]

Աւան­­դութիւններ յօ­­դուա­­ծաշար­­քի այս շա­­բաթո­­ւայ կան­­գառն է եր­­բեմնի հա­­յաշատ Եոզ­­ղադ քա­­ղաքը, որուն մա­­սին յօ­­դուա­­ծաշար­­քի հա­­մակար­­գող Պես­­սէ Քա­­պաք խօ­­սափո­­ղը ուղղած է Անդրա­­նիկ Տե­­միրի։ Այժմ կը լսենք իր պատ­­մութիւ­­նը։

1931-ին ծնած եմ Եոզ­­­ղադ քա­­­ղաքը հօրս ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը Սե­­­­բաս­­­­տիոյ Ու­­­­լաշ գա­­­­ւառէն եկած ու Եոզ­­­­ղա­­­­­­­­­­­­­­­դի Աք­­­­տաղ Մա­­­­տենի Քիւրքչիւ գիւ­­­­ղը հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տուած են։ Եր­­­­կար տա­­­­րիներ առաջ Ու­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­շի մէջ ապ­­­­րած է Գա­­­­րակա­­­­ւուր անու­­­­նով անձ մը։ Հայրս կ՚ըսէր թէ մեր գեր­­­­դաստա­­­­նը իր­­­­մէ սե­­­­րած է։ Մեծ հայրս ու­­­­թը եղ­­­­բայր եղած են։ Յո­­­­վակիմ մեծ հայրս ու­­­­թը տա­­­­րի վա­­­­րած է նաեւ գիւ­­­­ղա­­­­­­­­­­­­­­­պետի պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նը։ Մե­­­­րոնք բա­­­­ցի հո­­­­ղագոր­­­­ծութե­­­­նէ ու անաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­պահու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ դար­­­­բին էին նաեւ։ Այդ է պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռը, որ մա­­­­կանուննե­­­­րու նոր օրէն­­­­քի հաս­­­­տատման տա­­­­րինե­­­­րուն Գա­­­­րակա­­­­ւուր ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­նը փո­­­­խեցին Տե­­­­միրի։

1915-ին Յո­­­­վակիմ Պապս զի­­­­նուոր էր։ Ճիշդ ալ գար­­­­նան ամիս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն աւար­­­­տած էր բա­­­­նակի ծա­­­­ռայու­­­­թեան պա­րտա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւնը ու կը վե­­­­րադառ­­­­նար հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի օճա­­­­խը։ Սա­­­­կայն ափ­­­­սոս չէ կրցած յա­­­­ջողիլ եւ մեր գիւ­­­­ղի մօ­­­­տակայ­­­­քը սպա­­­­նուած է։

Հայրս երեք ան­­­­գամ մա­­­­զապուրծ փրկո­­­­ւած էր մա­­­­հէն։ Առա­­­­ջինը սպան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար հա­­­­ւաքո­­­­ւած խումբին մէջ հրա­­­­մանա­­­­տարը կը խնա­­­­յէ շուրջ 15 ան­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­փահաս երա­­­­խաներ, որոնցմէ մէկն ալ հայրս է։ Յա­­­­ջոր­­­­դին եր­­­­կու ան­­­­գամ եւս կը ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կալո­­­­ւի, բայց մեծ մայրս առա­­­­ջինին եր­­­­կու ոչ­­­­խար, երկրոր­­­­դին 50 փե­­­­թակ կա­­­­շառք տա­­­­լով կը փրկէ հայրս։

Մեծ մայրս թէեւ հայս փրկած էր, բայց չէր կրցած փրկել ինքզինք։ Աւե­­­­լի ետք թուրք մը եկած է եւ հօր­­­­աքոյրս վերցնե­­­­լով տա­­­­րած։ Հօրա­­­­քոյրս աղա­­­­չած է որ եր­­­­կու եղ­­­­բայրներն ալ հե­­­­տը տա­­­­նի, ըսե­­­­լով որ գո­­­­նէ ասոնք ալ թող ազա­­­­տին։ Մար­­­­դը խղճա­­­­ցած եւ հայրս ու հօ­­­­րեղ­­­­բայրս ալ հե­­­­տը տա­­­­րած է։ Ան­­­­շուշտ հե­­­­տը տա­­­­րած է նաեւ տան բո­­­­լոր ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցուած­­­­քը եւ անա­­­­սուննե­­­­րը։ Հօ­­­­րաքոյրս այդ մար­­­­դուն չոր­­­­րորդ կի­­­­նը եղած է եւ միշտ նա­­­­խատին­­­­քի են­­­­թարկուած՝ «Կա­­­­ւուր կե­­­­լին» կո­­­­չու­­­­մով։

Մօրս մայ­­­­րը Սան­­­­դիկ Կե­­­­սարիոյ Թա­­­­լաս գա­­­­ւառէն հարս եկած է Եոզ­­­­ղադ։ Ամու­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­նը Անդրա­­­­նիկ եւ Քա­­­­տիմ անուն եր­­­­կու որ­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­ները եւ բո­­­­լոր ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը սպա­­­­նուած են։ Սան­­­­դիկ փրկո­­­­ւած է այդ սպան­­­­դէն եւ յա­­­­ջողած է Եոզ­­­­ղա­­­­­­­­­­­­­­­դի Աղա Պու­­­­ճաք գիւ­­­­ղը հաս­­­­նիլ։ Հոն սո­­­­վորա­­­­կան գոր­­­­ծեր ընե­­­­լով կը ճա­­­­րէ ապ­­­­րուստը։ Իր դուստրե­­­­րէն մէ­­­­կը թուրքե­­­­րը առած են, բայց մնա­­­­ցած բո­­­­լորը յա­­­­ջողած է ամուսնաց­­­­նել հա­­­­յերու հետ։ Այդ աղ­­­­ջիկնե­­­­րէն մէ­­­­կը ամուսնա­­­­ցած է տա­­­­րածաշրջա­­­­նի մե­­­­ծահա­­­­րուստնե­­­­րէն հա­­­­մարո­­­­ւող Շահ Իս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­յիլին ապաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նած որ­­­­բի մը հետ։ Այդպէ­­­­սով ամ­­­­բողջ ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը կը մտնեն Շահ Իս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­յիլի պաշտպա­­­­նու­­­­թեան, որ ան­­­­ցեալին ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է հայ գոր­­­­ծընկեր մը Ադա­­­­մեան անու­­­­նով։ Սան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­կի մնա­­­­ցած հինգ դուստրե­­­­րէն կրտսե­­­­րագոյնն ալ կ՚ամուսնաց­­­­նեն հօրս հետ։ Այդ ամուսնու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն նախ կը ծնի քոյրս։ Զիս կը կո­­­­չեն սպա­­­­նուած քե­­­­ռիիս անու­­­­նով Անդրա­­­­նիկ։ Ինձմէ վերջ կը ծնին եր­­­­կու քոյ­­­­րերս։

1938-ին ես դեռ հա­­­­զիւ եօթը տա­­­­րեկան էի պե­­­­տական պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նեաներ խու­­­­ժե­­­­­­­­­­­­­­­ցին մեր տուն եւ պա­­­­հան­­­­ջե­­­­­­­­­­­­­­­ցին տան սե­­­­փակա­­­­նու­­­­թիւնը վկա­­­­յող փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­թուղթ մը։ Չու­­­­նէինք նման փաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­թուղթ, քա­­­­նի որ շատ եր­­­­կար տա­­­­րիներ կ՚ապ­­­­րէինք այն տան մէջ, որ կա­­­­ռու­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր իմ նախ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­ներու կող­­­­մէ։ Այդ մէ­­­­կը պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաբա­­­­նելով գրա­­­­ւեցին տու­­­­նը եւ տրա­­­­մադ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­ցին Յու­­­­նաստա­­­­նէ կամ Ռու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նիայէ եկած գաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Այդ գիւ­­­­ղին մէջ մենք հա­­­­յերս շուրջ տա­­­­սը ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք էինք։ Բո­­­­լորին ալ տու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը մօ­­­­տաւո­­­­րապէս եր­­­­կու ժա­­­­մուայ ըն­­­­թացքին գրա­­­­ւեցին։ Նո­­­­յեմ­­­­բեր ամիս էր, այ­­­­սինքն ցուղտ ձմեռ։ Այն ինչ որ կրնա­­­­յինք առ­­­­նել մեզ հետ առինք ու լքե­­­­ցինք տու­­­­նը։ Այսպէ­­­­սով ան­­­­գամ մըն ալ ապաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նեցանք շրջա­­­­կայ թուրք կամ ալե­­­­ւի ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Բուռ մը հա­­­­ցի հա­­­­մար ծա­­­­ռայե­­­­ցինք իրենց։ Անոնցմէ մէկ մասն ալ գաղ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­ցին Իս­­­­թանպուլ։ Հայրս ալ մեզ Յով­­­­հաննէս հօ­­­­րեղ­­­­բօրս հետ ղրկեց Իս­­­­թանպուլ եւ ինք մի­­­­ջոց մը եւս մնաց հոն գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րը դա­­­­սաւո­­­­րելու հա­­­­մար։ Ու­­­­րեմն հօ­­­­րեղ­­­­բօրս հետ միասին եկանք Իս­­­­թանպու­­­­լի Օր­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­գիւղ թա­­­­ղամա­­­­սը, ուր կը գոր­­­­ծէր գաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կայան մը, ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալով մեզ նման 40 կամ 50 ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք­­­­ներ, բո­­­­լորն ալ Եոզ­­­­ղա­­­­­­­­­­­­­­­դէն եկած։

Այդ տա­­­­րինե­­­­րուն շուրջ 200 կը հա­­­­շուէր գաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կայա­­­­նի բնակ­­­­չութիւ­­­­նը։ Մե­­­­զի տրա­­­­մադ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած սե­­­­նեակին մէջ եր­­­­կու ըըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիք կը բնա­­­­կէինք։ Ըն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­մէնը 14 հո­­­­գի։ Այդ նոյն սե­­­­նեակին մէջ ճաշ կ՚եփէինք, կը ճա­­­­շէինք ու կը ննջէինք։ Մօ­­­­րաք­­­­րոջս ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքը եւս Պրունքշլա­­­­յէն Իս­­­­թանպուլ եկան։ Տեղ­­­­ւոյն հա­­­­յերը 80 տո­­­­կոսով Պո­­­­լիս եկած էր։ Իսկ մնա­­­­ցած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ցրո­­­­ւած էին շրջա­­­­կայ գիւ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­րուն։ Եկող­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը բնա­­­­կեցուեցան նաեւ Սա­­­­մաթիոյ գաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կայա­­­­նը։ Այժմ Սա­­­­հակեան եր­­­­կորդա­­­­կան վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րանի գտնո­­­­ւած տա­­­­րած­­­­քը այդ ժա­­­­մանակ տրա­­­­մադ­­­­րո­­­­­­­­­­­ւած էր գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն։ Հոն եւս սե­­­նեակննե­­­րը վա­­­րագոյրնե­­­րով բաժ­­­նո­­­­­­­ւած էին եւ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­ներ կը կիսէին նոյն տա­­­րած­­­քը։

Այդպէսով մենք վե­­­րագ­­­տանք մօ­­­րաք­­­րոջս ըն­­­տա­­­­­­­նիքը։ Մայրս եւ քոյրս քա­­­նի մը օր ետք ամա­­­սեացի Պետ­­­րոս Էֆեն­­­տիի ծխա­­­խոտի գոր­­­ծա­­­­­­­րանը աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի սկսան։ Տա­­­րի մը անց հայրս ալ միացաւ մեզ։ Աշ­­­խա­­­­­­­տանք գտաւ դարբնո­­­ցի մը մէջ։ Այդպէ­­­սով կա­­­յարա­­­նէն ելանք եւ տուն մը վար­­­ձե­­­­­­­ցինք։ Ես կը յա­­­ճախէի Օր­­­թա­­­­­­­գիւ­­­ղի Թարգման­­­չաց Վար­­­ժա­­­­­­­րանը։ Աշա­­­կեր­­­տութեան գրե­­­թէ կէ­­­սը մեզ նման գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­ներ էին։

Ար­­­դէն վրայ հա­­­սած էր Երկրորդ Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մը, որ իր հետ բե­­­րաւ նաեւ տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամ։ Ոչ ցո­­­րեն կա­­­րելի էր գտնել, ոչ ձա­­­ւար։ Հայրս որոշեց վերադառնալ գիւղ, ուր ամէն ինչ աւելի աժան էր։ Նկա­­­տեցինք որ գիւ­­­ղա­­­­­­­ցիներն ալ ու­­­րա­­­­­­­խացան մեր ետ­­­դարձով, քա­­­նի որ խիստ կա­­­րիք կար դար­­­բի­­­­­­­նի։ Երբ վե­­­րադար­­­ձանք Եոզ­­­ղադ տե­­­սանք որ Պալ­­­քա­­­­­­­նեան թե­­­րակ­­­զիէն եկած գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը բնակ­­­եցո­­­­­­­ւած էին բո­­­լոր գիւ­­­ղե­­­­­­­րուն։ Քել­­­լեր գիւ­­­ղի մէջ ալ­­­պա­­­­­­­նացի­­­ներ կը բնա­­­կէին։ Անոնցմէ մէ­­­կը նպա­­­րավա­­­ճառի խա­­­նութ բա­­­ցած էր։ Բա­­­ներ մը առ­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար մտայ խա­­­նու­­­թը եւ նպա­­­րավա­­­ճառը գիր­­­քէ մը էջ փրցնե­­­լով առած­­­ներս փաթ­­­թեց անոր մէջ։ Տե­­­սայ որ հա­­­յերէն գի­­­րեր կան։ Հար­­­ցուցի որ ուրկէ՞ գտած է այդ գիր­­­քը։ «Եթէ կ՚ու­­­զես քեզ կու տամ» առա­­­ջար­­­կեց։ Իս­­­կոյն թղթա­­­տեցի։ Մեր վար­­­ժա­­­­­­­րանի ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րու նկար­­­նե­­­­­­­րը տե­­­սայ։ Այ­­­սօր անոնցմէ միայն Մի­­­նաս Էֆեն­­­տիի անու­­­նը կը յի­­­շեմ։ Մէյմն ալ տա­­­ղասաց Յով­­­հաննէսի ոտա­­­նաւոր­­­նե­­­­­­­րը։ Մեր բնա­­­կած գիւ­­­ղի մէջ ալե­­­ւիներ եւս կ՚եր­­­գէին անոր տա­­­ղերը։ Այդ ժա­­­մանակ ալե­­­ւինե­­­րու եւ մեր Քել­­­լեր գիւ­­­ղը հա­­­րեւան տա­­­րածքներ էին իրար­­­մէ մէկ ժամ հե­­­ռաւո­­­րու­­­թամբ։ Գիւ­­­ղա­­­­­­­ցինե­­­րը կը ճանչնա­­­յին զի­­­րար։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս խա­­­նութպանն ալ Յու­­­նաստա­­­նէն գաղ­­­թած ալ­­­պա­­­­­­­նացի մըն էր։ Իր թոյլտո­­­ւու­­­թեամբ մօտ տա­­­սը գիր­­­քեր վեր­­­ցուցի այդ սնտու­­­կէն։ Գիւ­­­ղա­­­­­­­ցինե­­­րէն ով որ տե­­­սաւ մէ­­­կական հատ վեր­­­ցուց։ Իմ թէ մօ­­­րենա­­­կան կողմս եւ թէ հօ­­­րենա­­­կան հա­­­յախօս չէին։ Միայն հա­­­յերէն կ՚աղօ­­­թէին։ Սա­­­մաթիոյ մէջ Եոզ­­­ղա­­­­­­­դի գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու թի­­­ւը հա­­­սած էր 100 ըն­­­տա­­­­­­­նիքի։ Ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս հա­­­յախօս չէին։ Կորսնցու­­­ցած էինք մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուն, բայց կը պա­­­հէինք կրօ­­­նական բո­­­լոր աւան­­­դութիւննե­­­րը եւ սո­­­վորու­­­թիւննե­­­րը։ Կը հնա­­­զան­­­դէին պահ­­­քի կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րուն։ Կը յար­­­գո­­­­­­­ւէր նաեւ տօ­­­նական սե­­­ղանի աւան­­­դութիւ­­­նը ան­­­շուշտ որոշ հա­­­մետու­­­թեան մէջ։ Եկած էինք այնպի­­­սի գա­­­ւառէ մը, ուր ան­­­ցեալին ու­­­նե­­­­­­­ցած էր աւե­­­լի քան 40 եկե­­­ղեցի­­­ներ։ Մեր օրե­­­րուն այդ եկե­­­ղեցի­­­ներէն շա­­­տեր աւե­­­րուած իսկ ըլ­­­լան անոցն փլա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րը կ՚ար­­­ժա­­­­­­­նանա­­­յին մեծ յար­­­գանքի։ Մար­­­դիկ մո­­­մեր կը վա­­­ռէին փլած պա­­­տերու քա­­­րերուն վրայ։

Ան­­­շուշտ որ Զատ­­­կին հաւ­­­կիթ կը ներ­­­կէինք եւ ու­­­նէինք Զատ­­­կի յա­­­տուկ կա­­­թան։ Փուռ չու­­­նե­­­­­­­նալ­­­նուս կա­­­թան կը պատ­­­րաստէինք թո­­­նիրը ծած­­­կող եր­­­կա­­­­­­­թի մը վրայ։ Խմո­­­րը դնե­­­լէ ետք վրան կը ծած­­­կէինք երկրորդ եր­­­կա­­­­­­­թով մը, որուն վրայ կը լեց­­­նէինք կրակ։ Այդ եր­­­կու եր­­­կաթնե­­­րու մի­­­ջեւ եփած կա­­­թային քաղցրու­­­թիւնը չեմ մոռ­­­նար։

Տօ­­­նական օրե­­­րուն մա­­­քուր զգեստներ կը հա­­­գուէինք, կը լոգ­­­նա­­­­­­­յինք կը սափ­­­րո­­­­­­­ւէինք։ Բայց տօ­­­նը չէինք կրնար ապ­­­րել։ Հո­­­գեւո­­­րական չու­­­նէինք, անոր փո­­­խարէն ու­­­նէինք հա­­­յերէ­­­նով գրա­­­ճանաչ մար­­­դիկ։ Օրի­­­նակի հա­­­մար այժմ Ին­­­ճիրլի թա­­­ղը բնա­­­կող Տա­­­ւիթին ­­­հայրը Յով­­­հաննէս, որ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ առաջ սար­­­կա­­­­­­­ւագ եղած է։ Ան կը պսա­­­կէր, ան կը մկրտէր։ Նաեւ Եոզ­­­ղա­­­­­­­դի մէջ կար Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­տուր անուն մէ­­­կը, որ Ալ­­­լահվեր­­­տի կը կո­­­չէին ու ինք եւս մկրտու­­­թիւններ եւ պսակ­­­ներ կը կա­­­տարէր։ Աւե­­­լի ետք Կե­­­սարիոյ քա­­­հանան սկսած էր շրջա­­­կայ գիւ­­­ղե­­­­­­­րը այ­­­ցե­­­­­­­լել։ Մեր նա­­­խորդ սե­­­րունդը եր­­­բեք հո­­­գեւո­­­րական չէր տե­­­սած։ Նոյ­­­նիսկ պա­­­տահած է դէպ­­­քեր, ուր թա­­­ղումնե­­­րու ըն­­­թացքին դի­­­մենք տեղ­­­ւոյն իս­­­լամ կամ ալե­­­ւի հո­­­գեւո­­­րական­­­նե­­­­­­­րուն։ Կը յի­­­շեմ դէպք մը, ուր միայ­­­նակ մարդ մը ճիշդ մեզ նման տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամէն ազա­­­տուե­­­լու հա­­­մար վե­­­րադար­­­ձած էր Եոզ­­­ղադ ըն­­­տա­­­­­­­նիքը թո­­­ղելով Իս­­­թանպուլ։ Այստեղ աշ­­­խա­­­­­­­տելով կը հո­­­գար իր ըն­­­տա­­­­­­­նիքի կա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րը։ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­ցաւ ու մա­­­հացաւ մեր գիւ­­­ղը։ Հայրս ալե­­­ւի հո­­­գեւո­­­րակա­­­նէ մը խնդրեց որ աղօ­­­թէ իր հո­­­գիին հա­­­մար եւ ապա հո­­­ղին յանձնենք։

1943-ի գար­­­նան ամիս­­­ներն էին։ Խեղ­­­ճը թա­­­ղեցինք ալե­­­ւինե­­­րու գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատա­­­նը։ Նոյն տա­­­րուայ ամառ ամիս­­­նե­­­­­­­րուն կորսնցու­­­ցինք նաեւ մեծ մայրս Սան­­­դի­­­­­­­կը։ ալե­­­ւի կա­­­նայք եկան ննջե­­­ցեալը լո­­­ւացին, ապա պա­­­տան­­­քով պա­­­տեցին եւ թա­­­ղու­­­մը կա­­­տարե­­­ցինք ալե­­­ւինե­­­րու գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նատա­­­նը։

Հետզհե­­­տէ շատ­­­ցած էին վե­­­րադար­­­ձողնե­­­րը։ Կրկին հա­­­մայնքի մը վե­­­րածուեցանք։ Կը յի­­­շեմ ան­­­գամ մը գիւ­­­ղի մէջ հար­­­սա­­­­­­­նիք մը կար եւ փե­­­սային հայ­­­րը Աւե­­­տարան կար­­­դա­­­­­­­լով պսա­­­կեց իր որ­­­դին։ Աւե­­­լի վերջ այդ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի հետ խնա­­­մի ալ եղանք։ Տա­­­կաւին այդ ժա­­­մանակ ին­­­ծի հար­­­ցուցած էր թէ «Տէ­­­րու­­­նա­­­­­­­կան Աղօթք»ը գի­­­տե՞մ։ Մայրս սոր­­­վե­­­­­­­ցու­­­ցած էր «Այո» պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեցի։ Այն ատեն ին­­­ծի պար­­­զեց պսա­­­կադ­­­րութեան գաղտնի­­­քը. «Հար­­­սը, Փե­­­սան թող ձեռք ձեռ­­­քի տան դուն ալ անոնց գլխուն վե­­­րեւ երեք ան­­­գամ Հայր Մեր կար­­­դայ, այսքա­­­նը բա­­­ւարար է ար­­­դէն»։

Յա­­­ճախ իրար կ՚այ­­­ցե­­­­­­­լէինք եւ «արա­­­փաշը» կ՚ու­­­տէինք։ Արա­­­փաշըն տա­­­րածո­­­ւած սո­­­վորու­­­թիւն մըն է Եոզ­­­ղադ, Կե­­­սարիա եւ Սե­­­բաս­­­տիա շրջա­­­կայ­­­քը։

Մեր մօտ կար նաեւ «դրսի սե­նեակ»ի սո­­­վորու­­­թիւն մը։ Դրսի սե­­­նեակը հիւ­­­րե­­­­­­­րու յա­­­տուկ էր, որոնք ամէն ազ­­­գութե­­­նէ, կամ ամէն կրօն­­­քէ կրնա­­­յին ըլ­­­լալ։

1960-ական տա­­­րեթի­­­ւերուն վերստին սկսաւ դէ­­­պի Իս­­­թանպուլ գաղ­­­թը։ 1967-ին մենք ալ մեր ար­­­տե­­­­­­­րու բո­­­լոր բեր­­­քը վա­­­ճառե­­­ցինք, անա­­­սուննե­­­րը ծա­­­խեցինք ու վերջնա­­­կանա­­­պէս գաղ­­­թե­­­­­­­ցինք Իս­­­թանպուլ։

Արտատպուած՝ Ակօսէն