Որքան ալ անպատրաստից գտնուեցանք ըստ երեւոյթի առերեսուած ենք անխուսափելիին հետ։ Պահը ինքնադատութիւն եւ խոստովանանք կը պարտադրէ։ Պարտինք յիշել թէ մեր այսօր ապրած ցասումը 28 տարի առաջ ապրած էր նոյն ինքն Ատրպէյճան։ Տակաւին ազգային բանակներու իսկ գոյութիւն չունեցած տարիներուն բռնկող Արցախի պատերազմը աւարտած էր Ատրպէյճանի բացայայտ պարտութեամբ։ Մենք այդ յաղթանակը ողջունած էինք իբրեւ Արցախի հայութեան ինքորոշման իրաւունքի պարտադրումը։ Այդ պահուն մտքով իսկ չէինք անցուցած յարակից եօթը տարածքներէն աքսորուած բնակչութեան հոգեբանութիւնը։ Թէեւ առաջին օրէն իսկ հրապարակած էինք այդ տարածքներու վերադարձը, բայց երբեք նպատակ չէինք դրած այդ հաւանականութեան։ Կ՚արժէ վերյիշել մօտ անցեալը։ Այս մասին առաջին անգամ կարծիք յայտնող Լեւոն Տէր Պետրոսեան չէր կրցած իր դէմ հրահրուող «Արցախը մաս առ մաս թշնամուն պիտի յանձնէ» մեղադրանքին եւ ստիպուած մնացած էր հրաժարելու իր պաշտօնէն։
Նաեւ յիշենք թէ նոր ժամանակներու մեր երաժշտութիւնը կառուցեցինք այդ յաղթանակի ոգեշնչումով ստեղծուած ռազմատենչ երգերով։ Հասկնալի է իր պատմութեան մէջ բազում տարիներ յաղթանակի կարօտ մնացած ժողովուրդի մը այդ պապակը։ Սակայն երանի թէ ունենայինք խնդիրը քիչ մըն ալ եթէ ոչ բոլորովին հակառակորդին բայց գոնէ մարդասիրութեան մերձեցումով մեկնաբանող մտաւորականութիւն։ Անշուշտ որ կային այդպիսիներ թէ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի մէջ, սակայն անոնց վիճակուածը իրենց ժողովուրդներուն կողմէ հալածուիլ եղաւ։
Պարտութիւնը Ատրպէյճանին բերաւ ատելութիւն եւ թշնամանք հայութեան հանդէպ։ Ինչ ցաւալի է, որ յաղթանակն ալ մեզ նուիրեց նոյն զգացումները։ Թէեւ մենք չծնանք Ռամին Սաֆարովի նման կերպարներ, բայց նոյնն է վարակուեցանք համատարած ատելութենէն։
27 Սեպտեմբերին մեկնարկած պատերազմը անգամ մը եւս պարզեց թէ շատ աւելի արդիւնաւէտ է շինիչ բանակցութիւնները բաղդատմամբ որեւէ զինեալ բախումին։ Այստեղ պէտք է բանակցութիւն բառը ընկալել իր դրական իմաստով, այլ ոչ թէ ձգձգման ծառայող ի զուր թղթաբանութիւն։ Պարզուեցաւ որ ապարդիւն է միջազգային դերակատարներու վրայ դրուած յոյսերը։
Այսօր ունինք վիրաւոր Արցախ, վիրաւոր Հայաստան ու վիրաւոր սփիւռք։ Միայն մեզ ուրիշ ոչ ոքի, այլ միայն մեզ կը վերաբերի այդ վէրքերու սպիացումը։ Հայ ժողովուրդի առջեւ դրուած գլխաւոր հրամայական մըն է Հայաստանի վերելքը։ Պարտաւոր ենք բարգաւաճ Հայաստանը կառուցելու։ Ազգին վերելքը պայմանաւորուած է հայոց երկրի զարգացումով։ Մինչեւ օրս այդ զարգացումը խանգարող գլխաւոր ազդակն էր Արցախի հակամարտութեան խաղաղութիւնով պսակուած չըլլալու փաստը։ Եթէ ոչ այսօր, բայց մօտ ապագային պէտք է տիրանանք տարածքաշրջանային համերաշխութեան, որպէսզի ապահովենք սփիւռքեան ներդրումը եւ տիրանանք վերածաղկած Հայաստանին։ Այդ Հայաստանը պէտք է ձերբազատուած ըլլայ պատերազմի սպառնալիքէն եւ օլիկարխներու լուծէն։ Միայն ժողովրդավարութեան առկայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանին պայծառ ապագան։
Արտատպուած՝ Ակօսէն