ՄԱՍԻՍ ՔԻՒՐՔՉԻՒԿԻԼ
21 Փետրուարը տարեդարձն է Միսաք Մանուշեանի եւ 21 ընկերներուն ֆաշիստներու կողմէ գնդակահարման։ Մանուշեանի խմբակը կազմուած էր զանազան ազգութիւններէ եկած գաղթականներէ, որոնց կարգին է նաեւ Արփէն Դաւիթեան։ Մեր բարեկամ Մասիս Քիւրքչիւկիլի այս մասին յօդուածը ակամայ ուշացաւ Մայրենի Լեզուի Օրուայ առթիւ գրութիւններու առատութեան պատճառաւ։
Միսաք Մանուշեանի գլխաւորած ու բոլորն ալ Ֆրանսայի Կոմունիստ Կուսակցութեան համակիր գաղթականներէ բաղկացող դիմադրական ջոկատը գնդակահարուած էր 21 Փետրուար 1944 թուին։ Անոնց սխրանքը անմահացնողն ալ իրենց թշնամիներուն կողմէ քարոզչութեան համար պատրաստուած «Կարմիր Որմազդ»ն էր։
Նացիներու կողմէ մահապատժի դատապարտուած ու գնդակահարուած 22 գործիչներու մէջ Արփէն Դաւիթեան իր կենսագրութեամբ կը տարբերուէր միւսներէն։ Ան անցեալին Կարմիր Բանակի սպայ եւ Կոմիսար մը եղած էր։ Խումբին միացած էր փախչելով Սիպեռեան աքսորավայրէն։
Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակին մէջ «Մի մոռնաք» կտակած խումբին ամենատարեցն էր Արմենակ Մանուկեան (Արփէն Դաւիթեան)։
Իր մասին տեղեկութիւնները կը փոխանձէ ինք եւս Մանուշեանի խումբին անդամակցած սպանական քաղաքացիական պատերազմին մասնակից եւ խումբի ձերբակալութենէն մազապուրծ ազատուած տիյարպեքիրցի Տիգրան Ոսկերիչեան։ Այդ վկայութիւններու համաձայն Արփէն Դաւիթեան ծնած է 1895-ին Զանգեզուր։ (Կեղծ ինքնութեան մէջ 1889-ին Ղարաբաղ, Շուշի)։ Հայրը որմադիր էր, ինք նախ մեքանիք եւ ապա գրաշար ըլլալով աշխատեցաւ Թիֆլիզ։ Նոյն ժամանակ յաջողեցաւ Թիֆլիզի Ներսէսեան վարժարանի մտից քննութիւնը։
1917-ին կ՚անդամակցի Պոլշեւիկ կուսակցութեան։ Յաջորդ տարի զինք կը տեսնենք Կարմիր Բանակի շարքերուն։ Ապա կը յայտնուի Պաքուի Գոմիւնը պաշտպանող Կարմիր Դիկնապահներու կազմին, ուր երեք անգամ կը վիրաւորուի։ Հոն կը ձերբակալուի անգլիացի ներու կողմէ, բայց կը յաջողի խոյս տալ ու Թեհրան անցնիլ։ Կը վերադառնայ Ատրպէյճան։ Հաւանական է որ մասնակցած ըլլայ 1920 Մայիսեան ապստամբութեան Հայաստանի մէջ։ Որպէս շարքային մասնակցած Կարմիր Բանակի մէջ կը ստանայ սպայի կոչում։ Պաքու, Շահումեանի անուան զինուորական վարժարանի դասընթացքներէն ետք կը դառնայ Կոմիսար։
1923-էն սկսեալ կը յաճախակէ Թիֆլիզի Անդրկովկասի Կոմունիստ Համալսարանի դասընթացքներուն։ Հոնկէ կը վտարուի «ձախակողմեան ընդդիմադիր եւ Թրոցքիստ» ըլլալու մեղադրանքով։ Ապա տարբեր պարտականութիւններով կ՚ուղարկուի Հայաստան։
1927-ին, երբ ինք խօսնակն էր ձախ ընդդիմութեան, կ՚արտաքսուի կուսակցութենէն եւ 1928-ին կը ձերբակալուի այլ հայ ընդդիմադիրներու հետ։ Քաղոստիկանութեան հսկողութեան մէջ նախ Երեւան, ապա Թիֆլիզ եւ վերջապէս Ղազախստան կ՚ուղարկուի։ 1931-ին կրկին կը ձերբակալուի տեղւոյն Պոլշեւիկ- Լենինիստներուն հետ եւ Սան Բեդերպուրկի նշանաւոր Բեդրոբաւլովսքի բանտը կը դրուի։ Երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուելով կը ղրկուի Վերխնէուրալսքի ճամբարը։ 1933-ին հոն կը մասնակցի 18 օրեայ հացադուլին։ Բանտարկութենէ ետք կ՚ուղարկուի աքսորի դէպի Ուզպեքստան։ 1934-ին կ՚որոշէ փախչիլ եւ Անտիճանի ճամբով կը փորձէ անցնիլ Իրան։ Կը ձերբակալուի սահմանին եւ կը մնայ Դապրիզ։
Դաւիթեան մինչ այդ արտերկիրներու հետ յարաբերութիւն չէր ունեցած։ Լսելով ռուսերուն Փարիզի մէջ հրատարակչական աշխատանքներու մասին, 1935-ին կապ կը հաստատէ Թրոցքիի որդւոյն՝ Լեւ Սետովի միջոցաւ եւ կ՚ուղարկէ 4 Օգոստոս թուակիր «Կոչ համաշխարհային բանուորներուն, Կոմունիստ Ընդդիմութիւնը Խորհրդային Միութեան Մէջ» խորագրեալ գրութիւնը։ Այդ յօդուածը առաջիններէն կը համարուի Խորհրդային Միութենէ ներս քաղբանտարկեալներու մասին։ 1935-ի Հոկտեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ «Նիւ Միլիթըն» կ՚արտատպէ յօդուածը։ Վիգտոր Սերկէ իր գիրքին մէջ մէջբերումներ կ՚ընէ անկէ։
Թրոցքի եւ Սետով զօրակցութեամբ կ՚ապահովեն Դաւիթեանի դէպի Եւրոպա ճամբորդելու ծախսը։ 1937-ի Մայիսին կանցնի նախ Մարսէյլ եւ ապա Փարիզ։ «Կոմունիստ Միութիւն»ը Արմենակ Մանուկեան կեղծանունով անձնագիր մը պատրաստեց ու սկսաւ աշխատիլ իբրեւ կողպարար, փականագործ։ Կը մնայ Մեզոն Ալֆորի մէջ բանուոր գործիչներ Ռոլան եւ Իւոն Ֆիլիթարի մօտ։ Ամառները կ՚անցնէ Թրոցքիի բարեկամներ եւ Ֆրանսայի յեղափոխական շրջանակներու կարկառուն դէմքերէն Ալֆրէտ- Մարգրիտ Ռոզմերներու Փերիկնիի տունը։
Երեսունական տարեթիւերու վերջերուն Դաւիթեան մեկուսացումէ ազատուելու մարմաջով կը մասնակցի հայ գաղթականներու՛ յատկապէս համայնավարներու միջավայրին։ Շուրջ մէկ տարի իբրեւ գործաւոր կ՚աշխատի Գերմանիա։ Նախ քան Գերմանիա մեկնիլ, յուշագրութիւնները կը յանձնէ Սերվուային, որ «Կարմիր Որմազդ»ի դէպքէն ետք կ՚ոչնչացնէ զանոնք։
Գերմանիայէն վերադարձին կապ կը հաստատէ Մանուշեանի հետ։ Մելինէ Մանուշեան կը պատմէ թէ Միսաք զինք ծանօթացուցած է «մեզի հետ է» ըսելով։ Նաեւ կ՚աւելցնէ «գիտէինք թէ հակաստալինեան է եւ փախած է Խորհրդային Միութենէն» ըսելով։ Ֆրանսայի Կոմունիստ Կուսակցութեան գաղթականաց աշխատուժի ուղղեալ աշխատանք ծաւալող MOI-ի հայկական խմբակին անդամակցող Դաւիթեան «Անտրէ» ծածկանունով պաշտօն կը ստանցնէ մեծ քաղաքներու մէջ գերմանական գրաւումին դէմ պայքարող Francs-Tireurs et Partisans (Անկախ դիպուկահարներ եւ կուսակցականներ) կազմակերպութեան մէջ։
Խումբի ընկերները զուրկ էին զինուորական կրթութենէ, իսկ Դաւիթեան իբրեւ Կարմիր Բանակի սպայ, նաեւ օժտուած էր քաղաքական գիտելիքներով։ 1943-ի Օգոստոսէն սկսեալ կը մասնակցի բազմաթիւ գործողութիւններու, որոնցմէ մէկն է 28 Օգոստոսին Պուլոյն- Պիլանքուրտի «Ռենօ»ի գործարանէն ելլող գերմանացի զինուորներու բեռնատար ինքնաշարժին դէմ կատարուած նռնակով յարձակումը։
5 Հոկտեմբերին կը վիրաւորուի Սեն Միշէլի գործողութեան մը ընթացքին։ Տիրան Ոսկերիչեան զինք կը տանի հայ բժիշկի մը մօտ։ Ապա Մելինէ Մանուշեանի քրոջ՝ Արմենուհի Ասատուրեանի մօտ կը բոլորէ ապագինման շրջանը։ Այդ օրերուն է որ Արփեն Դաւիթեան Մելինէին կը պատմէ իր Թրոցքիստ անցեալին մասին։ Արդարեւ Ոսկերիչեան ալ Պէյրութի մէջ հրատարակուած յուշերուն պիտի նշէր թէ տակաւին առաջին օրերէն իսկ գիտէին անոր քաղաքական հակումները։
Միւս կողմէ պնդումի մը համաձայն 1943-ի Օգոստոսին Մանուշեանի խումբին Թրոցքիստ մը ըլլալուն մասին տեղեկութիւն մը փոխանցուած է ՖԿԿ-ին։ Պարզ է որ շփոթը յառաջացած է Մանուշեան եւ Մանուկեամն ազգանուններու նմանութենէն։
Նոյեմբեր 1943-ին կը ձերբակալուի Պալվիլ փողոցի բնակարանին մէջ։
Հարց կը տրուի թէ լեհ, իտալացի, հունկարացի, ռումինիացի, սպանացի, հայ, հրեայ եւ ֆրանսացիներէ բաղկացող Մանուշեանի խմբակը այդ սահմանփակ պայմաններու մէջ որ դրդապտճառով իրենց կեանքը նուիրած են ֆաշիզմի դէմ պայքարին։ Անիմաստ է Արակոնի «Ֆրանսայի համար» պատասխանը։ Անոնք կողք կողքի պայքարելու տանողը համաշխարհային արժէքներու նկատմամբ հաւատքն էր, այսինքն Էնթերնասիոնալիզմը։
Արտատպուած՝ Ակօսէն