Մուսա Լերան հայերուն ինքնապաշտպանութեան, ֆրանսական նաւատորմի ծովայիններուն կողմէ անոնց փրկելու եւ հայ-ֆրանսական ընդհանուր յիշողութեան կարեւոր դրուագներ եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուած են ֆրանսական նաւատորմի ծովային սպայ, թարգմանիչ Շարլ-Տիրան Թէքէեանի յուշագրութեան հիման վրայ հրատարակուած` «Քառամեայ պատերազմը Արեւելքի մէջ, ֆրանսական-հայկական գործընկերութիւնը պատերազմի ընթացքին» երկլեզու` հայերէն-ֆրանսերէն գիրքին մէջ:
Ապրիլ 30-ին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացած վերոնշեալ հրատարակութեան շնորհահանդէսին ընթացքին, հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, բարձր գնահատելով ֆրանսական նաւատորմի ծովային սպայ, թարգմանիչ Շարլ-Տիրան Թէքէեանի յուշագրութեան վերահրատարակութեան մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները, շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին ֆրանսերէն եւ հայերէն տարբերակները հրատարակողներուն եւ աջակցողներուն:
«Գիրքին մէջ ականատեսի աչքերով կը ներկայացուին Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան եւ ֆրանսացի ծովայիններու օգնութեամբ փրկուած հայերուն մասին ուշագրաւ մանրամասնութիւններ», ըսաւ Մարութեան` աւելցնելով, որ գիրքը հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ գիտական հանրութեան համար:
Յուշագրութեան հրատարակման աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը:
Կարեւոր համարելով Ֆրանսայի հայազգի ծովային սպայի յուշագրութիւնը, շնորհանդէսին մասնակից Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթը գիրքը արժեւորեց հայ-ֆրանսական խոր արմատներ ունեցող յարաբերութիւններուն յիշողութիւնը ամրապնդելու եւ միասին առաջ ընթանալու տեսանկիւնէն:
Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեանի խօսքով, ականատեսի աչքերով Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութեան եւ հայութեան փրկագործութեան մասին պատմող յուշագրութիւնը նաեւ սկզբնաղբիւր է:
«Այստեղ ճշդուած են շարք մը դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնք ներկայացուած են շատ խոր մօտեցումով: Կան շատ հետաքրքրական փաստեր Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ-ֆրանսական գործակցութեան մասին», նշած է պատմաբանը` ըսելով, որ հակառակ Մուսա Լերան հերոսամարտը ընդհանրապէս ներկայացուած է քառասնօրեայ տեւողութեամբ, սակայն գիրքին մէջ թիւերով եւ փաստերով հիմնաւորուած է, թէ այն տեւած է աւելի քան 50 օր:
Հայ-ֆրանսական ընդհանուր յիշողութեան կարեւոր դրուագ պատմող այս գիրքը լոյս տեսած է նաեւ մուսալեռցիներու ժառանգներ Զոհրապ Թազեանի եւ Յակոբ Ճամպազեանի աջակցութեամբ:
Գիրքին մէջ 1919-ին լոյս տեսած իր յուշերուն մէջ ֆրանսական նաւատորմի ծովային սպայ, թարգմանիչ Շարլ-Տիրան Թէքէեան, որ յատուկ դեր խաղացած է փրկութեան այս գործողութեան մէջ, պատմած է Մուսա Լերան հայերուն փրկութեան մասին:
Արտատպուած՝ Հորիզոնէն