Մամլոյ Հաղորդագրութիւն՝Սպաննուած Հայ Զինուոր Սեւակ Պալըքճըի Դատի Առնչութեամբ

[ A+ ] /[ A- ]

Սեւակ Շահին Պալըքճը Հայոց ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին՝ 24 Ապրիլ 2011 ին, Պաթմանի Քոզլուք գաւառակին մէջ ստիպողական զինծառայութեան ընթացքին սպաննուեցաւ իր զինակից Քըվանչ Աղաօղլուի զէնքէն արձակուող փամփուշտով «անզգուշութեամբ»:

Յետ ոճրագործութեան,զինեալ պաշտօնեաներու կողմէ պատրաստուած արձանագրութեան մէջ պնդուեցաւ,թէ Սեւակը ոչ թէ դիտմամբ,այլ պատահաբար սպաննուած է երբ կը կատակէին: Բայց ոճրագործներու սուտը ի յայտ եկաւ: Վկաներէն Հալիլ Էքշի փոխելով իր յայտարարութիւնը նշեց,որ Աղաօղլուն զէնքը լեցնելով կրակեց Սեւակին: Ան աւելցուց նաեւ թէ,Աղաօղլուի ազգականները իրմէ պահանջեցին վկայութիւն տալ ի նպաստ Աղաօղլուի:

Բայց կասկածելին եւ անոր ներկայացուցած մտածելակերպը դեռ չի դատապարտուեցաւ: Ինչպէս 1915ին՝ այսօր եւս Հայ մը սպաննել օրինական է եւ ոճրագործները չեն պատժուիր: Ազգայնամոլութիւնը,տարբեր տոհմիկ հաւաքականութիւններու դէմ իշխանութեան կողմէ միշտ կը խրախուսուի: