Հրանդ Տինք Վարժարանը դարձեալ յաղթական

[ A+ ] /[ A- ]

Համավարակի պայմաններուն մէջ, ինչպէս երկրի բո­լոր դպրոց­նե­րը Հրանդ Տինք Վար­ժա­րանն ալ որոշ դժո­ւարու­թիւննե­րով աւար­տեց 2020-2021 ուսման տա­րին 15 շրջա­նաւարտնե­րով։ Այս տա­րուայ շրջա­նաւարտնե­րու հան­դէսն ալ կա­յացաւ սահ­մա­նափա­կումնե­րով՝ միայն աշա­կեր­տութեան եւ ու­սուցիչ­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ։ Ինչպէս ծա­նօթ է Հրանդ Տինք վար­ժա­րանի աշա­կերտնե­րը աւար­տա­կան դա­սարա­նին հաս­նե­լով իրենց վկա­յակա­նը կը ստա­նան ուսման վեր­ջին երեք ամիս­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ բո­լորե­լէ ետք յանձնած քննու­թիւնով։ Դպրո­ցի վար­չութիւ­նը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կ՚ապ­րի տես­նե­լով իր սա­ներու յա­ջողու­թիւնը այդ քննու­թեան ըն­թացքին։

Այս տա­րի աւար­տա­կան դա­սարա­նի առա­ջինը հան­դի­սացող աշա­կեր­տուհին՝ Ալ­վարդ Աւա­գեան իր զգա­ցումնե­րը կ՚ար­տա­յայ­տէ հե­տեւեալ տո­ղերով.

«Հրանդ Տին­քի անո­ւան վար­ժա­րան, իմ մեծ ու ջերմ ըն­տա­նիք…

Ման­կա­պար­տէզն աւար­տե­լով՝ նոյն յար­կի տակ շա­րու­նա­կեցի ու­սումս։ Այստեղ ստա­ցել եմ բա­զում գի­տելիք­ներ, այստեղ եմ ստա­ցել ու­սուցիչ­նե­րիս խրատ­նե­րը, գո­վասանքնե­րը։ Այստեղ են ան­ցել իմ ու­րախ ու տխուր օրե­րը։ Այնքան շատ յի­շողու­թիւններ կան, ան­մո­ռանա­լի ու լու­սա­ւոր օրեր։ Այնպի­սի ու­սուցիչ­ներ եմ ու­նե­ցել, որոնց հնա­րաւոր չէ մո­ռանալ, ով­քեր բա­ցի առար­կա­յական դա­սը, տո­ւել են նաեւ կեան­քի դա­սեր՝ հա­մեմո­ւած իրենց խոր­հուրդնե­րով եւ փոր­ձով, բա­ցի ու­սուցի­չը եղել են նաեւ հո­գատար ըն­կեր, որի հա­մար երախ­տա­պարտ եմ եւ շնոր­հա­կալ։ Ես հպարտ եմ, որ սո­վորել եմ Հրանդ Տին­քի անո­ւան վար­ժա­րանում։

Իս­թանպու­լում թող­նե­լով իմ դպրո­ցը, ման­կութիւնս, պա­տանե­կու­թիւնս, սրտումս փայ­փա­յելով թանկ յու­շեր՝ մեկ­նե­ցի իմ հայ­րե­նիք՝ Հա­յաս­տան, երա­զանքնե­րիս ետեւից»։

Արտատպուած՝ Ակօսէն