Հրանդ Տինքի սպաննութիւնէն ի վեր երեք տարիներ անցան: Սպանութեան պատուիրատուները ազատ կը գործեն:
Դատարանները կը զբաղին պատուիրատուներու կեղտոտ գործերը տեսնող քանի մը թշուառ յանցագործի հետ: Պետութիւնը՝ կուսակալով, հրամանատարով, քաղաքագէտով, դատաւոր ու դատախազով լծուած է իր պաշտօնեաներուն հարցաքննութեան արգելք ըլլալու: Մամուլի գործիչները, որոնք իրենց զրպարտական խորագիրներով այս ոճիրին հասնող ճամբան սարքեցին, փոխանակ զղջման ազդանշաններ ցուցաբերելու, աներեսաբար կը շարունակեն իրենց գործը: Ոճիրին տեղի տուողներ կամ անտեսողներ, ոճրագործը պատրաստողներ, պաշտօններ շնորհողներ, ոճրագործը դրօշակի առջեւ նկարողներ, այդ նկարը մամուլին սպասարկողներ, բոլորն ալ խնայուեցան պետութեան կողմէ: Բոլորն ալ կը շարունակեն մնալ պետական պաշտօնի մէջ:
Հրանդին համար արդարութիւնը զլացող պետութիւնը նոր աստիճաններ ու տիտղոսներ շնորհեց իրենց:
Այս բոլորը նկատի ունենալով հարցնենք՝ Ո՞վ է Հրանդի ոճրագործը:
Ու պատասխանենք.՝ Հրանդը սպաննուեցաւ համատեղ գործող «պաշտօնական» կամքի մը միջոցաւ: Այդ կամքի հեղինակները դաժան, վախկոտ ու խաբեբայ են: Համարձակութիւն չունին հրապարակաւ ներկայանալու: Յիշեցէք խորունկ պետութեան քարանձաւներուն մէջ յայտնաբերուած «վանդակի ծրագիր»ը:
Յիշեցէք որ այդ փաստաթուղթերուն մէջ Հրանդի սպանութիւնը կը յիշուէր իբրեւ «գործողութիւն»:
Անոնք կը ջանան մեզ՝ Հրանդի ընկերներն ալ, արդարութիւն տենչացողներս ալ ներգրաւել իրենց խաւարին: Կ՛ուզեն որ ուժասպառ մնանք դատարաններու փոշոտ թղթածրարներուն մէջ, ցանցրանանք դատի նիստերուն ներկայ ըլլալէ, յուսալքուինք արդարութիւն տենչալէ: Ո’չ, ո’չ և բացարցակապէս ո’չ:
Որովհետեւ գիտենք թէ մինչեւ Հրանդ Տինքի սպաննութեան ետեւի պետական ներդրումը յստակօրէն չյայտնաբերուի, մինչեւ ոճրագործներուն օժանդակող, անոնց արարքները անտեսող, տեղեկագիրները քօղարկող, ոճրագործները հերոսացնող ոստիկանապետներէ, զինուորականներէ, կուսակալներէ, հարձաքննութիւնը խոչնդոտող դատաւորներէ հաշիւ չպահանչուի մեր ապագան ալ կը մնայ անապահով: Հրանդը՝ ամէն բանէ առաջ, պատուաբեր եղբայրութեան մը երազը կտակեց մեզի:
Պատուաբեր եղբայրութեան համար, Հդանդի համար, արդարութեան համար 19 Յունուարին կը մէկտեղուինք իր ինկած տեղը: Եթէ կ՛ուզէք արդար ու եղբայրական ապագայ մը վայելել, միացէք մեզի:
19 Յունուարին Հրանդի համար, արդարութեան համար
14.30 ին ԱԿՕՍ ի մուտքին Հրանդի Ընկերները
www.hranticinadaleticin.com