Հաւասարութեան, ազատութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան համար միանա՛նք մայիսի 1ին

[ A+ ] /[ A- ]

Մենք կու գանք

Մենք՝ աշխատաւորներ, գործազուրկներ, բանուորներ, մտաւորականներ, ուսանողներ, երիտասարդներ, դիմադրողներ, ԼԿՊԹ-ներ, փոքրամասնութիւններ եւ մեծամասնութիւններ… մենք կու գանք:

15 տարիէ ի վեր երկիրը ազգայնամոլութեամբ, պահպանողականութեամբ եւ կեղծ ժողովրդականութեամբ մեր ընկերային իրաւունքները խլելով ղեկավարողներուն դէմ, մենք կու գանք:

Անօրինական համակարգ մը ստեղծողներու դէմ, մեր իւրացուած քուէներուն տէր կանգնելու, արդարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու համար կու գանք:

Դրամատիրական կեղեքիչ համակարգի եւ բռնակալութեան համակիրներուն դէմ մարդավայել աշխատանքի պայմանները եւ մարդավայել կեանքը պաշտպանելու համար կու գանք:

Բարձր տուրքերով եւ սեփականացումով մեր հացը խլողներուն դէմ կու գանք:

Աշխատանքային արկածներու/սպանութիւններու, մոպպինկի, ճկուն աշխատանքային ժամերու , աղքատութեան դէմ կու գանք:

Ցեղապաշտութեան, հակա-միասեռականութեան, սեռային եւ ամէն տեսակ խտրականութեան դէմ կու գանք:

Աւազակներու իշխանութիւնը քանդելու համար, Հոկտեմբերեան մեծ յեղափոխութեան ոգիով կու գանք:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս միասնութեան, պայքարի եւ զօրակցութեան համար կու գանք: Հաւասարութեան, ազատութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան համար մայիսի 1ին Պաքիրգիւղի շուկայի մէջ պիտի ըլլանք:

Կեցցէ՛ Մայիս 1


Հա՜, մենք ենք գալիս
Դարեւոր վշտի զրկանքի բովից,
Հալածանքների, գարշ ստրկութեան
Մոռացուած խաւից՝
Կրծքով փշրելու փառքը տիրողին,
Գահը բռնութեան, ստրուկի շղթան,
Նոր ուղի հարթել մեր նմաններին,
Արժանի կոչման, հաւասարութեան՝
Այդպէ՜ս ենք գալիս․․․։

(Բանուորները հեղինակ՝ Շուշանիկ Կուրղինյան, 1907 թ.)

NOR ZARTONK/ ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ