Հացաթուլի 58.րդ Օրուան Առթիւ Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

[ A+ ] /[ A- ]

Մամուլին և հասարակութեան

Ամենահիմնական մարդկային իրաւունքներէն համարուող մայրենի լեզուով ինքնապաշտպանութեան համար իրենց միակ միջոցով, մարմնով ու կեանքով պայքարողներուն կը յայտարարենք մեր զորակցութիւնը:

Մենք՝ որպէս թուրքիացի հայեր, մայրենի լեզուով ուսման և կեանքի բոլոր ընթացքներուն մէջ մայրենիէն օգտուելու իրաւունքը հացի ու ջրի նման ամենակենսական և անձեռնմխելի սրբութիւն կը համարենք գերմանաբնակ թուրթ քաղթականներէն մինջեւ Չինաստանի Սինճան շրջանի Ոյկուրներուն, բոլորին, բոլորին համար: Կը մերժենք ամէն տեսակ մեկուսացման պատժամիջոցները:

Իբրեւ թէ ժողովրդավարութեան ջատագովը ներկայացող ԱՔՓ կուսակցութիւնը չի վարանիր երկիրը եղբայրասպան պատերազմի մը շէմին տանելէ: Կը մերժէ հաշտութեան միջոցները և իրեն ենթակայ մամուլի միջոցաւ կը հրահրէ վայրաք ազգայնամոլութիւնը: Այս պայմաններու տակ օր ըստ օրէ կ’աւելնան այլ ազգութիւններու դէմ հաւաքական յարձակումները և լինճի փորձերը: Նմանապէս հացաթուլի դիմողներուն հետ զորակցել միտող բոլոր մամլոյ յայտարարութիւնները կ’ենդարկուին ոստիկաններու բիրտ յարձակումին: Այս բոլրին դէմ մենք խաղաղապաշտներս կաղաղակենք լիաթոք՝, կը մերժենք հացաթուլի պայմաններու տակ մէկ հոգիի իսկ մահանալը: Չենք հանդուրժեր «մանուկը ոճրագործի վերածող խաւար»ին մէկ կեանք իսկ խլելուն:

Հացաթուլի պատճառաւ սովամահութիւններ պատահելէն առաջ կուզենք իրենց պահանջներուն դիմագրաւումը և խաղաղ լուծում: Կ’ուզենք որ դշնամութեան փոխարեն եղբայրութիւն տիրէ երկրէ ներս:

Հացաթուլի 58.րդ օրին, որպէս խումբ մը թուրքիացի հայեր, կը զորակցինք սոյն մարդկային իրաւանց պայքարին և համայն աշխարհին կը յայտարաենք մեր զորակցութիւնը: