Մամուլին եւ Հանրային կարծիքին
Երկու հարիւրէն աւելի հայ մտաւորականներ, ձերբակալուելով իրենց տուներէն, բռնի գաղթի ենթարկուելուն, եւ Իթթիհատ վէ Թերաքքի կուսակցութեան զինեալ թեւ Թէշքիլաթ-ը Մահսուսայի կողմէ ծրագրուած կերպով սպաննուելուն պատճառով, 24 Ապրիլ 1915-ը կը խորհրդանշէ Հայոց Ցեղասպանութեան սկզբնաւորումը: Սակայն 24 Ապրիլ 1915-ը, այս հողերուն վրայ հայերուն դէմ կազմակերպուած յարձակման ոչ առաջինն էր եւ ոչ վերջինը: Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ-ի հրամանով կազմակերպուած Համիտիէ Խումբերու իրագործած 1894-96 ջարդերը եւ 1908-ի Երկրորդ Սահմանադրութեան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք իրագործուած 1909-ի Ատանայի կոտորածները, անկասկած նախադէպն էին ցեղասպանութեան: 24 Ապրիլ 1915-ին յաջորդող ժամանակաշրջանին Օսմանեան աշխարհագրութիւնը հայաթափ եղաւ պետութեան հետեւողականութեան ներքոյ իրականացած գաղթերով եւ ջարդերով, ծրագրուած եւ համակարգուած ձեւով: Մինչ հայերու նիւթական ունեցուածքը բռնագրաւուած է, ոչնչացուած է ամբողջ մշակութային ժառանգութիւնը: Կասկած չկայ, թէ մտադրուած էր ազգային վերնախաւի համար դրամագլուխ գոյացնել հայերու ցեղասպանութեամբ: Այս ընթացքին իրենց բաժին ինկած ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ենթական եղան Անատոլիայի այլ Քրիստոնեայ ժողովուրդները: Սէյֆօ, այսինքն Ասորի-Սիւրեանի Ցեղասպանութիւնը եւ Պոնտոսի Ցեղասպանութիւնը պէտք է այս կապակցութեամբ որակաւորել:
Ցեղասպանութեան ոճիրի մը վերջին հանգրուանը, եւ ոճիրին շարունակականութեան ամէնէն կարեւոր փաստը, ցեղասպանութեան ժխտումն է: Փաստօրէն, իր գոյութիւնը եւ դրամագլուխը այս մարդկութեան դէմ ոճիրին վրայ հիմնած Թրքական Հանրապետութիւնը, մտադիր է շարունակել իր ոչնչացումի, ժխտումի եւ ձուլումի քաղաքականութիւնները: Հիմնուած նոր հանրապետութեան մէջ, չեղեալ նկատուած են ամէն տեսակի ազգային եւ կրօնական զանազանութիւնները, աշխատանք տարուած է միատարրացնելու համար: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայերուն վերադարձը իրենց տուները, արգիլուած են Հանրապետութեան հիմնադիր խորհրդարանի կողմէ ընդունուած օրէնքներով:
Հայաթափութեան կողքին, ժխտումի եւ ձուլումի քաղաքականութիւններով տարածաշրջանի ժողովուրդները թրքացումի ենթակայ դարձան: Պաշտօնական եւ անպաշտօն քաղաքականութիւններով արգիլուեցան մայրենի լեզուները: Այս արգելքներուն զուգահեռ գործադրուեցան «Հայրենակի՛ց թրքերէն խօսիր»-ի նման քաղաքականութիւններ, «լռելեան քաղաքներ» ստեղծուեցան, որոնք չեն խօսիր իրենց մայրենի լեզուն: Իսկ ցեղասպանութեան ամէնէն կարեւոր պատճառներէն մէկը, «Դրամագլուխի իսլամացումը-թրքացումը», կարծես բնական քաղաքականութիւն մը ըլլայ, հանրապետութեան պատմութեան ողջ ընթացքին, 1936-ի Յայտարարի, Ունեւորութեան տուրքի, 6-7 Սեպտեմբերի ջարդի, «Հիմնարկներու օրէնքը»-ի նման զանազան գործադրութիւններով իրականացած է: Միւս կողմէն, հայկական տեղանունները փոխուելով, գերեզմաններ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ ոչնչացուած են: Հայ ժողովուրդի պատմական գոյութիւնը նպատակադրուած է մոռացութեան ենթարկել շրջանի ժողովուրդներու, եւ նոյնիսկ ինքն հայ ժողովուրդին մօտ: Ջարդերուն, կողոպուտին եւ աւերածութեան յաջորդող այս ձուլումի քաղաքականութիւնը, որ կը կոչուի Սպիտակ ցեղասպանութիւն, կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Ոչ թէ բարեխղճութիւն, այլ արդարութիւն կը պահանջենք
Անցնող տարիներու Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած ցեղասպանութեան ոգեկոչումները խիստ կարեւոր քայլեր են, Թուրքիոյ ժողովուրդներու մօտ
զգացականութիւն եւ միատեղ պայքարի զգացումը սերմանելու առումով: Սակայն այս ոգեկոչումները կը վերածուին սեփական խիղճը գոհացնելու ժամանցի: Մենք ոչ թէ բարեխղճութիւն, այլ արդարութիւն կը պահանջենք: Հետեւաբար, հարկաւոր է առերեսուիլ ներառեալ ցեղասպանութիւնը, պետութեան իր գոյութիւնը վրան հիմնած բոլոր հակամարդկային ոճիրները: Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝
-Ապրուածին ցեղասպանութիւն ըլլալը ընդունիլ եւ ներողութիւն խնդրել,
-Սփիւռքահայերուն, որոնց արմատները այս հողերէն կու գան, առանց նախապայմանի քաղաքացիութիւն տալ,
-Սահմանը միակողմանի ձեւով Թուրքիոյ կողմէ փակուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանը առանց նախապայմանի բանալ,
-Ցեղասպանութեան գործադիրներուն մեղադրուիլը մամուլի եւ դասագիրքերու մէջ, մեղադրուիլը անոնց որոնք տակաւին կը շարունակեն մերժումը, եւ հրաժարիլ անոնց հետ ամէն տեսակի համագործակցութենէ,
-Հայ ժողովուրդին պատկանող բոլոր դպրոցներու, հիւանդանոցներու եւ եկեղեցիներու նման հանրային կառոյցներու վերանորոգութիւնը եւ վերադարձուիլը,
-Թուրքիոյ վերնախաւի, 1915-էն ետք կուտակուած դրամագլուխի հաշուեյարդարը եւ ցեղասպանութեան զոհերուն պատճառուած վնասաց հատուցումը,
-Ցեղասպանութեան ժխտման համար հիմնուած կազմակերպութիւններուն լուծարումը եւ ժխտման քաղաքականութեան համար ծախսուած պիւտճէն հանրային առերեսման համար ծախսուիլը,
-Թուրքիոյ բոլոր ժողովուրդներուն հաւաքական իրաւունքներու ճանաչումը եւ ժողովուրդներուն միատեղ ապրելու համար հարկաւոր պայմաններու
ապահովումը,
Մեր արդարացի պահանջներն են:
Այս պահանջներու լոյսին տակ միակամ պայքարը, այսօր ապրուած նման ցեղասպանութիւններու, ջարդերու, յարձակումներու չկրկնուելուն գրաւականն է: Անցեալի մեղքերուն հետ չառերեսուիլ, ցեղասպանութիւններուն եւ ջարդերուն վրայ փակելը, նոյն ժամանակ արգելք կանգնիլ է խաղաղութեամբ լեզուն ապագայի մը կերտման:
Ակնյայտ է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին, ժողովուրդները միատեղ եւ միակամ պայքար պէտք է տանին, դար մը եւս անարդարութեան մէջ չապրելու համար: Կոչ կ’ուղղենք բոլոր ժողովուրդներուն մեր կողքին կանգնիլ զօրաւորներուն դէմ այս արդարութեան
պայքարին մէջ:
Այս հողերը մէկ ցեղասպանութեան եւս չեն դիմանար: Այլեւս բաւարար է:
NOR ZARTONK / ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ