Հասան Օճաք, 21 Մարտ 1995-ի երեկոյեան, Պայազըտ թաղի գործատեղիէն ելլելէ ետք հսկողութեան տակ առնուեցաւ՝ Իսթանպուլի Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժնի ոստիկաններուն կողմէ:
Ականատեսներու վկայութիւնով հանդերձ՝ ոստիկանութիւնը ուրացաւ հսկողութեան տակ առնուած ըլլալը: Ընտանիքը և Մարդկային Իրաւանց Միութիւնը բոլոր միջոցներուն դիմեցին՝ Հասանը գտնելու համար:
58 օրուան յամառ որոնումներէ ետք, Հասան Օճաքի տանջուած մարմինը գտան Ալթընշէհիրի անտէրներու գերեզմանատան մէջ: Այսպէսով, առաջին անգամ յայտնաբերուած եղաւ 90-ական տարիներուն ոստիկանութեան հսկողութեան տակ կորածներէն մէկուն դիակը:
Այդ յայտնութենէն ետք, Մարդկային Իրաւունքներու պատասխանատու պետնախարար Ալկան Հաճալօղլու հարկադրուեցաւ կառավարութեան անունով հասարակութենէն ներողութիւն խնդրելու:
Հասանի սպանութեան 18-րդ տարելիցին կ’ըսենք՝ «Կը ճանչնանք Հասանը կորսնցնողները և արդարութիւն կը պահանջենք»:
Այս 417-րդ մէկտեղումին ձեզ ալ կը հրաւիրենք յամառօրէն «Կալաթասարայը չեմ թողուր» ըսող Էմինէ Օճաճին ձայնակցելու:
23 Մարտ Շաբաթ, ժամը 12.00
Կալաթասարայի Հրապարակ
Մարդկային Իրաւանց Միութեան Իսթանպուլի Մասնաճիւղ
Անյայտ Կորածներու Յանձնախումբ