Կանխել՝ փանթուրքիզմի ծրագիրը իմաստուն ոճով, ոչ՝ ճակատումի

[ A+ ] /[ A- ]

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

Հայ-թուրք համակեցութիւնը կարելի է, երբ Թուրքիա հրաժարի Փանթուրքիզմէն։ Հայոց Պատմութեան երեք Հայաստաններէն միակ վերապրողը Ռուսահայաստանը եղաւ։

Անդրկովկասի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը խախտող մեծագոյն վտանգը Փանթուրքիզմի Ծրա-գիրն է։ Ըստ որուն, անհրաժեշտ է՝ Միացեալ Հայաստանը սրբել-հանել քարտէզէն ու Պատմութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ցամաքային անմիջական կապի ստեղծումը՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ, դէպի Կեդրոնական Ասիա տարածուելու ճամբան բանալու համար Թուրքիոյ առջեւ։

Իսկ այս Ծրագիրը յղացողները թուրքեր չէին, այլ՝ Արեւմուտքի դէպի Արեւելք ծաւալելու նպատակ ունեցող իմփերիալիստ տէրութիւններուն ծառայող Սիոնիզմը, որ նոյնպէս հրեաներու կրօնքին հետ ոչ մէկ կապ ունի։ Զուտ իմփերիալիստական քաղաքական Ծրագիր մըն է՝ մշակուած Միջին Արեւելքի համար։ Հեղինակաւոր հրեայ, հակասիոնական լեզուաբան Նոամ Չոմսքիի կարծիքով, սիոնական Իսրայէլը եւ փանթուրքական Թուրքիան՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի երկու օֆֆշոր ռազմակայան-ներն են. մէկը՝ Ռուսաստանի դէմ, Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանին համար, իսկ միւսը՝ Արաբ Աշխարհին դէմ, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին համար։ Եւ մենք կ՚աւելցնենք՝ թէ այս երկուքը եւ ԱՄՆ-ը, երեքով կը կազմեն անսուրբ երրորդութիւնը տարատնկեալ պետութիւններու, որոնց դաշինքը անքակտելի է։

Հետեւաբար, Թուրքիա առանձին չի կրնար կենսագործել Փանթուրքիզմի Ծրագիրը, առանց Արեւ-մուտքի իմփերիալիստական տէրութեան մը նեցուկին ու հովանաւորութեան եւ ֆինանսաւորումին։ Այսօր, Արեւմուտքը նահանջի մէջ է եւ Փութինի Ռուսաստանը կը փորձէ կանխել Փանթուրքիզմի Ծրագիրը, իմաստուն ոճով, եւ ոչ թէ ճակատումի (որ կորստաբեր է եւ երկարատեւ), Անդրկովկասի խաղաղութիւնը երաշխաւորելու համար։ Եւ այդ նպատակով՝ խաղաղ համակեցութիւն մը ստեղ-ծելու համար տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ։

Հայ-թուրք համակեցութիւնը կարելիութիւն մըն է, որովհետեւ՝ երկու դրացի ժողովուրդներու միջեւ թշնամանքը չի կրնար յաւիտեան տեւել (ինչպէս դիտարկած է լուսամիտ Վահան Թէքէ-եան)։ Նահատակ հերոս Հրանդ Տինք կը հաւատար, որ հայ-թուրք համակեցութիւնը հնարաւոր է՝ Թուրքիոյ վարչակարգին դեմոկրատականացումով։ Իսկ մենք համոզուած ենք, որ այս համակեցու-թիւնը կարելի է՝ գլխաւորաբար Թուրքիոյ վերջնական հրաժարումովը Փանթուրքիզմի Ծրագի-րէն։ Քանի որ, Թուրքիոյ վարչակարգը բռնատիրական է եւ Փանթուրքիզմը Թուրքիոյ բոլոր բնա-կիչներուն ծրագիրը չէ, այլ՝ կան հակա-փանթուրք թուրքեր, ինչպէս որ կան հակա-սիոնական հրեաներ։ Ուրեմն. երբ հակա-փանթուրք թուրքերը մեծամասնութիւն կազմեն եւ գրաւեն իշխանու-թիւնը Թուրքիոյ մէջ, Նոր Թուրքիան պիտի ճանչնայ Մեծ Եղեռնի երկու ոճիրները (ոչ միայն հայասպանութիւնը, այլեւ՝ Արեւմտահայաստանի հայաթափումն ու զաւթումը)։ Գալիք Նոր Թուրքիոյ յառաջապահ ուժերն էին՝ քիւրտ, թուրք, ալեւի եւ ամէն ազգի, որոնք մասնակցած էին Հրանդ Տինքի հարիւր հազարանոց թաղման թափօրին։ Սակայն, տակաւին մօտ չի թուիր ըլլալ Նոր Թուր-քիոյ գալուստը։ Իսկ Սուլթան Էրտողանի ետդարձը Փանթուրքիզմի սեւտայէն… գրեթէ անհաւա-նական է։ Քանի որ, ան բանակը մաքրագործած է քեմալական սպաներէն, իսկ դեմոկրատական ուժերը տակաւին միաւորուած չեն (նաեւ՝ նոյնքան դէմ են բանակի յեղաշրջումին)։

Բայց Սուլթան Էրտողան չի վայելեր ոչ-թուրք թուրքիացիներու զօրավիգը, ոչ ալ՝ թուրքերու։ Մե-կուսացած է նոյնիսկ իր AKP կուսակցութեան մէջ, որուն կարկառուն դէմքերը դուրս եկած են անկէ եւ կազմած իրենց տարբեր՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը։ Եւ իր երէկի վարչապետը՝ Տաւութօղլուն, հրապարակաւ պախարակեց զինք ըսելով. եթէ 2-րդ դարու Չար Մարդը Հիթլէրն էր, 21-րդ դարու Չար Մարդը Էրտողանն է։

Հետեւաբար. Փութին Էրտողանի եւ Թուրքիոյ դէմ չի վարեր ճակատումի քաղաքականութիւն, որ կրնայ զօրացնել Էրտողանը, եւ՝ Ռուսաստանին թշնամացնել Էրտողանի ընդդիմադիր ուժերու մէկ մասը։ Այլ, Փութին կը փորձէ, գործնական քայլերով, Էրտողանը հեռացնել Փանթուրքիզմի Ծրագրէն եւ այդ ծրագրի արեւմտեան հաւանական հովանաւորներէն (ՕԹԱՆ-էն)։ Փութինի այս գործնական ոճը կը յիշեցնէ 20-րդ դարու 50-ականներու Ճոնսընեան կոչուող այն ծրագիրը, որ կը միտէր Յորդանան գետի արաբեւիսրայէլեան միատեղ շահարկումով, հաշտեցնել երկու կողմերը, որ ձախողեցաւ, քանի որ Իսրայէլ պետութիւնը սիոնական էր եւ չէր կրնար հրաժարիլ Սիոնիզմի Ծրագրէն (ինչպէս է պարագան այսօր՝ Փանթուրքական Թուրքիոյ)։

Այլ խօսքով. Անդրկովկասի ժողովուրդներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը ինք-նին՝ ուղղակի արգելք մըն է Փանթուրքիզմի Ծրագրի գործադրութեան։ Իսկ խաղաղ համակե-ցութիւնը կ՚ենթադրէ շրջափակումներու վերացում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ բնականոնացում։ Ասիկա գոյութիւն ունէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, Սովետի օրով, երբ արգիլուած էր ազգամիջեան թշնամանքը, եւ քաջալերուած՝ ժողովուրդ-ներու եղբայրակցութիւնը։ Որովհետեւ՝ Սովետի արժեհամակարգին մէջ, «մարդը մարդուն եղբայր» նշանաբանը կը գործածուէր։ Սակայն, Սովետ Միութեան ինքնալուծարումով, երբ Հայաս-տան եւ Ազրպէյճան որդեգրեցին վայրի դրամատիրութեան համակարգն ու արժեհամակարգը, սկսաւ գործադրուիլ «մարդը մարդուն՝ գայլ» նշանաբանը, եւ Ազրպէյճանի մէջ շղթայազերծուեցաւ հայատեացութեան քարոզարշաւը, որ հասաւ այս երկրորդ պատերազմին, քանի որ Գ. Հանրապե-տութեան օլիգարխիկ համակարգին մէջ ալ տիրող նշանաբանը «մարդը մարդուն՝ գայլ»ն էր եւ Գորշ Գայլը յաղթեց… Թուրքիոյ նեցուկով աւելի զօրաւոր ըլլալուն համար։ Արտառոցը այն է, որ տկար Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը եւս կը դաւանէր «մարդը մարդուն՝ գայլ» նշանաբանը… ի վնաս սեփական ժողովուրդին, իր արտաքին ճակատին վրայ, յաչս թուրք-թաթար թշնամիներուն, մոռացութեան տալով «ծանիր զքեզ»ը։ Բայց, «հայուն չափը՝ չափազանցն է», ըսած է Դերենիկ Դեմիրջեան։

«Մարդը մարդուն՝ գայլ» նշանաբանը կը պատկանի բարբարոսային հասարակարգին (այսինքն՝ վայրի դրամատիրութեան, զոր Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը որակեց Արդի Ստրկատիրութիւն, Modern Slavery)։ Իսկ «մարդը մարդուն՝ եղբայր» նշանաբանը մարդկայնական հասարակարգին նշանաբանն է։ Ուրեմն. մերինին նման փոքր ժողովուրդները՝ առաջինները պիտի ըլլան, որդեգրող մարդկայնական հասարակարգ։

Խիստ ուշագրաւ եւ նշանակալից յայտարարութիւն մըն է Մարիա Զախարովայի այն խօսքը՝ Անդր-կովկասի դրացի ժողովուրդներուն միջեւ համակեցութեան շուրջ, թէ՝ «Պաքուի եւ Երեւանի համա-կեցումի համապատասխան ջանքերէն, եւ այլ երկիրներու ալ (այսինքն՝ Ռուսաստանի) օգնութենէն բացի՝ օգտակար կը նկատենք միջազգային իրաւասու կառոյցներու մասնակցութիւնը»։

Այլ խօսքով. Անդրկովկասի դրացի ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան խնդիրը կը դնէ Միջազ-գային Հանրային Իրաւունքի շրջագիծին մէջ…։ Այսինքն. Ռուսաստան, այս խնդրի լուծման համար պիտի կիրարկէ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի նորմերն ու սկզբունքները, որոնց յարգումը նախապայման մըն է համակեցութեան եւ բնականոնացումին։ Ասիկա՝ կամաւոր, նախաձեռնող եւ լիազօր հաշտարար կողմին (Ռուսաստանի) դրած նախապայմանն է երկու կողմերուն, անոնց դնելիք նախապայմաններէն առաջ… ինչ որ կը փարատէ ամէն տարակոյս՝ ան-պայմանադիր, կոյր համակեցութեան մը… Ս. Սարգսեանի Ցիւրիխեան փրոթոքոլներուն օրինա-կով։ Չմոռնանք, որ այս լիազօր հաշտարարը թիւ 1 պատնէշն է Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ…, թիւ 2-ը՝ Իրանն է, իսկ թիւ 3-ը՝ Հայաստան։

Խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունին նաեւ Լաւրովի կրկնած հետեւեալ երեք հաստատումները, թէ՝

1 – Ղարաբաղի կարգավիճակը ոչ փոխուած է եւ ոչ ալ վերջնական ճանաչում ստացած,

2 – Ատիկա պիտի որոշուի յետ բանակցութեանց Արցախի կարգավիճակին հետ միասին, եւ

3 – Թէ Ռուսաստան նպատակ չունի Ղարաբաղը առնելու Ռուսաստանի կազմին մէջ։

Այս հաստատումները կը հերքեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այն յոխորտանքները, թէ՝ Ղարաբաղը ան-ցեալ պատմութիւն դարձաւ։

Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ բացորոշ ընդդիմութիւն է նաեւ՝ Իրանի արտգործնախարար Մոհա-մետ Ժաւատ Զարիֆի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «Մեր կարմիր գիծը Հայաստանի Հանրապետու-թեան տարածքային ամբողջականութիւնն է», որ պատնէշ մըն է նաեւ Փանթուրքիզմի Ծրագրի առաջին իսկ քայլին դէմ, ՀՀ վերացման դէմ…։

Այս լոյսին տակ, խիստ նենգամիտ ծուղակ մըն է Էրտողանի առաջարկած «վեցեակ»ի կամ «3+3»ի ծրագիրը՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ, Անդր-կովկասի երեք դրացիներուն եւ անոնց շուրջ երեք մեծերուն միջեւ, կամ՝ երեք քրիստոնեայ եւ երեք իսլամ դրացիներու միջեւ։ Եթէ Էրտողան՝ իր ոչ միայն ներքին, այլեւ՝ արտաքին, միջազգային մեկու-սացումէն դուրս գալ կ՚ուզէ՝ շահելով, քրիստոնեայ երեքին եւ մէկ իսլամին բարեկամութիւնը։ Այդ մէկ իսլամը՝ Իրան, թիւ 2 պատնէշն է Փանթուրքիզմի ծրագրին, եւ՝ թշնամին ԱՄՆ-ի, ՕԹԱՆ-ի եւ Իսրա-յէլի։ Եւ հետեւաբար, ատիկա հեռացում մըն է թէ ԱՄՆ-էն, թէ ՕԹԱՆ-էն եւ թէ Իսրայէլէն, առանց որոնց նեցուկին, Թուրքիա չի կրնար առնել Փանթուրքիզմի ծրագրին առաջին քայլը։ Այդ վեցեակին երեքը թշնամի են Փանթուրքիզմին, իսկ Վրաստանի վարչապետը կը յայտարարէ, թէ՝ Վրաստան բա-րի դրացիական յարաբերութիւններ կ՚ուզէ ունենալ, հաւասարապէս, թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Փան-թուրքիզմի դէմ թիւ 3 պատնէշ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Եւ արդէն, նման վեցեակի գոյառումը ինքնին՝ մեծ պատնէշ մըն է Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ, որմէ Էրտողան տակաւին վերջ-նապէս չէ հրաժարած…։ Ուրեմն. ծածկամիտ ու նենգամիտ թակարդ մըն է Էրտողանի առաջարկը։

Ներկայիս, խօսքը կը վերաբերի Անդրկովկասեան երեք ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ համակեցութիւն ստեղծելու մասին, որովհետեւ Անդրկովկասի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը հետաքրքրէ Ռուսաստանը, որուն ռազմական անվտանգութեան հայեցակարգը՝ Անդրկովկասը կը նկատէ Ռուսաստանի անվտանգութեան գօտին, Կեդրոնական Ասիոյ հետ միասին, որուն պատճառով է՝ որ Ռուսաստան թշնամին է Փանթուրքիզմի Ծրագրին։

Եւ տակաւին. եթէ յաջողուի ստեղծումը Անդրկովկասեան ժողովուրդներուն, կամ՝ առնուազն Հայաս-տանի եւ Վրաստանի միջեւ, եւ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը բարձրացնէ Ջաւախքի հարցը եւ դիմէ Ռուսաստանի միջամտութեան Վրաստանի մօտ, եւ Ջաւախքը միացուի Հայաստանին, այդպի-սով անմիջական կապ հաստատելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Այդ պարագային, Ռուսաս-տան եւ Անդրկովկաս կը դառնան անխորտակելի հսկայական եւ անառիկ ամրոց մը Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ։

Սուլթան Էրտողանի հերթական փորձարկումի փուջիկը հիմա՝ ներքին ճակատի վրայ, Թուրքիոյ Սահմանադրութեան փոփոխութեան առաջարկն է. անկէ ջնջելու Թուրքիոյ պետութեան լայիք, ապակրօնական ըլլալուն վերաբերող յօդուածը, եւ զայն փոխարինելով նոր յօդուածով մը, որ կ՚ըսէ թէ՝ Թուրքիոյ պետական կրօնքը իսլամն է…։ Երկու տասնամեակներ, Էրտողան ամէն ինչ ըրաւ՝ Թուր-քիայէն վերացնելու համար Մուսթաֆա Քեմալի բոլոր հետքերը։ Հիմա՝ ան կը պատրաստուի 2023 թուին նշելու թուրք պետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը Քեմալի կողմէ՝ Լոզանի Դաշնագրով, եւ կ՚ուզէ այդ 100-ամեակին ջնջած ըլլալ նաեւ Քեմալէն մնացած վերջին հետքը՝ պետութեան ապա-կրօնութիւնը։ Սակայն, այս առաջարկը, ըստ քաջատեղեակ դէտերու եւ իրաւագէտներու, յաջողելու հաւանականութիւն չունի. ոչ միայն հանրային կարծիքին մօտ, այլեւ՝ խորհրդարանին մէջ, ուր վերջին ընտրութիւններուն AKP կորսնցուց մի քանի տասնեակ աթոռներ, եւ այսօր՝ իր դաշնակից MHP-ի հետ ունին միայն 336 աթոռ, որ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութիւնը չի ներկա-յացներ։ Բայց Էրտողան, այս փորձարկումի փուչիկը կ՚արձակէ՝ պարզապէս, հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը շեղեցնելու նպատակով իր երկակ մեկուսացումէն՝ ներքին եւ արտաքին ալ ճակատներու վրայ։ Եւ՝ յաչս Փութինի, արձանագրելու համար իրեն ի նպաստ կէտ մը, առաջարկելով խաղաղասիրական ծրագիր մը, որ կը գերազանցէ Փութինի համակեցութեան ծրագիրը… Էրտո-ղանեան մեծամտախտ։

Յետ պատերազմեան այս պահուն, եւ զինադադարի լոկ հնգամեայ միջնարարի քանի մը տարինե-րուն, կայ մեծ եւ անյետաձգելի մարտահրաւէր մը՝ հայկական կողմին համար։

1 – Համահայութենէն կը պահանջուի՝ իսկոյն եւ ի սպառ, դադրիլ մեր անելիքները ուրիշներէ սպասելու ապաւինողականութեան յոռի եւ անվայել սովորութենէն։

2 – Արեւելահայութենէն կը պահանջուի՝ անմիջապէս, Գ. Հանրապետութեան ապազգային ու ազգա-քանդ համակարգին փոխարէն որդեգրել ժողովրդահայրենասիրական համակարգով Դ. Հան-րապետութիւն, որուն արեւելումը պարտի ըլլալ ռուսական՝ արեւմտաթրքականին փոխա-րէն։ Եւ որուն առաջին քայլը՝ պարտի ըլլալ Արցախի Անկախ Հանրապետութեան ճանաչումը անյապաղ, հերքելու համար Ազրպէյճանի այն պնդումը, թէ՝ Հայաստան կ՚ուզէ Ղարաբաղը խլել Ազրպէյճանէն, որուն հիման վրայ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին կը հակադրէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը…։

3 – Արեւմտահայութենէն կը պահանջուի՝ անյապաղ նախաձեռնել Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի կազմակերպումին, որ իբր Արեւմտահայութեան կեդրոնական, ներ-կայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյց, տէր պիտի կանգնի Հայ Սփիւռքի մարդկա-յին եւ նիւթական հարստութեան, եւ՝ Արեւմտահայաստանի հողային դատին։

4 – Արցախահայութենէն կը պահանջուի վերստին տոգորուիլ 1994 թ. Յաղթանակին շունչով, պա-հանջելով՝ ինքնավստահօրէն մասնակցիլ յառաջիկայ բոլոր բանակցութիւններուն, պատերազմող կողմերէն մէկը ըլլալուն հանգամանքով։ Եւ՝ նշանակել արտաքին գործոց նախարարական կազմ մը, որ ատակ ըլլայ անմիջապէս ձեռնարկելու արտասահման շրջապտոյտի մը, պետութիւններէն պա-հանջելու համար ճանաչում՝ Արցախի Անկախ Հանրապետութեան (այդ կազմին մէջ ներառելով Փրոֆ. Եուրի Բարսեղովը, որ միջազգային հեղինակութիւն մըն է ինքնորոշման իրաւունքի)։ Եւ՝ առա-ջին իսկ առիթով դիմել Արեւելահայաստանի եւ Ռուսաստանի պետութեանց՝ ճանաչումի համար, եր-կու պետութեանց յայտնելով Արցախի պատրաստակամութիւնը անոնց հետ կնքելու անվտանգու-թեան դաշինք։

Մեր արեւելումի եւ համակարգի սխալ ընտրանքին հետեւանքով մեր կրած խայտառակ պարտու-թիւնը, զարթուցիչ մը պէտք է ըլլայ՝ Համահայկական Գոյամարտի այս երեք ջոկատներուն, որոնց գոյամարտին բերելիք մասնակցութեան շօշափելի չափէն կախում պիտի ունենայ Հայութեան ապա-գան։

Յ.Գ. – Նախանցեալ օրուայ Փաշինեանի դէմ զինուորական յեղաշրջումի փորձը, զոր Քրեմլին վերա-գրեց Թուրքիոյ եւ դատապարտեց, կը նշանակէ թէ՝ Թուրքիա գոհ չէ ներկայ զինադադարի խաղաղ ընթացքէն, եւ կ՚ուզէ վերջ տալ զինադադարին, զայն ստորագրած Փաշինեանի տապալումով…։ Հասկցողներուն շա՜տ բարեւներ։

Արտատպուած՝ Նոր Սեւան