Repairfuture.net
Անցեալ շաբաթ հայ համայնքին վերադարձուած Ստամպուլի Թուզլա թաղամասի «Քամփ Արմէն» որբանոցը քանդումէն փրկելու և զայն իր տէրերուն վերադարձնելու համար թրքահայ երիտասարդներու հիմնադրած «Նոր Զարթօնք» հասարակական կազմակերպութիւնը երկար ժամանակ աշխուժ պայքար մը ծաւալած էր: Նոր Զարթօնքի անդամներէն Սայեաթ Թեքիրի հետ կազմակերպութեան գործունէութեան և Քամփ Արմէնի դիմադրութեան ընթացքին թրքական պետութեան վարքագծի ու հայ համայնքի մասին զրուցեցինք:
Քամփ Արմէնի դիմադրութեան 175-երորդ օրէն ետք դրական արդիւնք մը ձեռք բերիք: 1980-ականներուն պետութեան բռնագրաւած ճամբարը վերադարձուեցաւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրամին: Այսքան ատեն ձգձգուելէ ետք՝ ընտրութիւններէն հինգ օր առաջ այս վերադարձը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:
Քամփ Արմէնը՝ դիմադրութեան 175-երորդ օրը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններէն հինգ օր առաջ հայ ժողովուրդին վերադարձուեցաւ: 175 օր առաջ յուզմունքով մտած էինք Քամփ Արմէն, այսօր արդէն կը տեսնենք որ դիմադրութիւնը յաջողութեամբ պսակուած է: 175 օր շարունակ Քամփ Արմէնը յիշողութեան վայրի մը վերածուած էր: Այս դիմադրութիւնը բոլորիս յիշեցուց անցեալի մէջ ապրուած անարդարութիւնները: 175 օր շարունակ մեզի միացած թուզլացիներուն, մեր դրացիներուն, Ստամպուլէն դուրս գտնուող քաղաքներէն և աշխարհի տարբեր ծայրերէն մեզի աջակցած մեր բոլոր բարեկամներուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Մենք այդ զօրակցութիւնը առաջին օրէն զգացինք: Մենք ուժեղ էինք որովհետեւ անոնք մեր ձայնին ձայն աւելցուցին: Մենք անդադար ըսինք, որ առանց սեփականութեան վկայականը ձեռք բերելու պիտի չլքենք Քամփ Արմէնը: Ի վերջոյ, այսօր սեփականութեան վկայականը առինք: Յուսով ենք որ Քամփ Արմէնի նման բռնագրաւուած այլ վայրերն ալ հայ համայնքին կը վերադարձուին:
Քամփ Արմէնի համար ձեր ծաւալած պայքարը ի՞նչ ընթացք ունեցաւ:
Քամփ Արմէնի հողատարածքը 60-ականներուն գնած էր Թուզլայի Հայոց որբանոցը, սակայն 80-ականներուն ան բռնագրաւուեցաւ պետութեան կողմէ: Սեփականութիւնը անվաւեր յայտարարուեցաւ և այն նախկին սեփականտիրոջը վերադարձուեցաւ: Ժամանակին, որբանոցի կարգավիճակ ունենալու պատճառաւ զայն փլելու թոյլատւութիւն չէին կրցած ստանալ, սակայն այս տարի կրցան առնել:
Ամէն տարի, ապրիլի վերջին կիրակի օրը ճամբարի նախկին սաները փիքնիք մը կը կազմակերպեն: Այս տարի, փիքնիքէն առաջ քանդելու որոշման լուրը առինք: Փիքնիք երթալով՝ մարդոց հետ խօսելով որոշեցինք Նոր Զարթօնքի անունէն քանդումին դէմ դիմադրութիւն կազմակերպել: Դիմադրութեան լուրը տարածուելուն պէս փլելու գործողութիւնը արագացուցին: Վեց մեթր երկարութեամբ պուլտոզերներ բերին: Սկիզբը HDK-ի (Ժողովուրդներու դեմոկրատական քոնկրէս) անդամները, ապա մենք և շատ ուրիշ գիտակից մարդիկ բոլորս միասին հոն գացինք: Քանդումին առաջքն առինք և այդ օրուընէ իսկ դիմադրութիւն ձեռնարկեցինք: Ինչ որ Կեզիի ժամանակ և անկէ առաջուան դիմադրութիւններէն ու գործադուլներէն սորված էինք, այնտեղ կիրառեցինք: Քոմիւն մը ստեղծեցինք և միասնական դիմադրութիւն կազմակերպեցինք:
Դիմադրութիւնը շարունակեցինք մինչեւ սեփականութեան իրաւունքի վերադարձը: Այդ առթիւ երեք մամլոյ ասուլիս և երկու քայլերթ կազմակերպեցինք: Կառավարութեան, Ստամպուլի քաղաքապետի, Թուզլայի քաղաքապետի և իրաւապաշտպաններու հետ հանդիպումներ ունեցանք:
Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն առաջ ալ ճամբարը վերադարձնելու մասին յայտարարութիւններ եղած էին, այդպէ՞ս չէ:
Դժբախտաբար AKP-ի (Արդարութիւն և Զարգացում կուսակցութիւն) և այդ ժամանակ պատգամաւորական թեկնածու Մարգար Եսայեանի կողմէ ձայն հաւաքելու համար այն օգտագործուեցաւ: Սակայն յաջողութիւն չունեցան: Միակ բանը, որ կրցան յաջողիլ՝ համայնքէն ներս տպաւորութիւն ստեղծեցին որ «ճամբարը կը վերադարձուէր»: Իրապէս, այդ պատճառաւ դիմադրութիւնը քիչ մը մարեցաւ, բայց մեր պայքարը չդադրեցաւ և շարունակեցաւ մինչեւ սեփականութեան վերադարձը:
Սեփականատէր հանդիսացող ընկերութիւնը այս հարցին մէջ որեւէ դեր ունեցա՞ւ:
Այս հարցը ընկերութեան հետ կապ չունի: Ընկերութիւնը կամ անոր տէրը մտադրութիւն չունէր Քամփ Արմէնը վերադարձնելու՝ առանց կալուածի համար վճարած գումարը ետ առնելու կամ անոր փոխարէն ուրիշ հողատարածք մը ստանալու: Պայմանագիրը արդէն այդպէս կնքուած էր, պարզապէս օրինական ուղիները կը փնտռուէին:
Այս հարցին մէջ ովքե՞ր ձեզի աջակցեցան, ովքեր չաջակցեցան:
Կրնամ ըսել, որ միւս հայկական հիմնարկներէն աւելի մեծ աջակցութիւն կ՛ակնկալէինք: Պատրիարքարանէն որեւէ աջակցութիւն չեկաւ: Միւս կողմէն՝ հայ ժողովուրդը մեծ աջակցութիւն ցուցաբերեց: Թուզլացի մեր հարեւանները նոյնպէս շատ օգնեցին: Պատրաստած պէօրեկներուն կէսը մեզի կը բերէին: Առաջին օրերուն, մարդիկ իրենց հոսանքէն մեզի բաժին հանեցին՝ համերաշխութեան անհաւատալի օրինակ մըն էր: Թուզլացիներուն ըրածը անգնահատելի էր: Եթէ անոնք մեզի սատար չըլլային, դիմադրութիւնը չէինք կրնար շարունակել:
Ուրիշ ի՞նչ շրջանակներէն օգնութիւն ստացաք՝ հասարակական կազմակերպութիւններէն կամ ալ կուսակցութիւններէն:
CHP-էն (Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւն) և HDP-էն (Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւն) լուրջ աջակցութիւն եկաւ, կրնամ ըսել որ CHP-ի ու HDP-ի երեսփոխանները այս խնդրին շատ կարեւորութիւն տուին: Անոնք մեզի մեծապէս օժանդակեցին թէ՛ իրենց ելոյթներով և թէ՛ իրենց ձեռնարկումներով: Բացի այդ, տարբեր երկիրներէ և տարբեր դաւանանքներէ մարդիկ մեզ զօրակցելու եկան, ուտելիք ղրկեցին: Սա շատ կարեւոր է, եթէ այդ ամէնը չըլլար, այս դիմադրութիւնը ամբողջ հինգ ամիս շարունակ չէինք կրնար պահպանել:
Կարծեմ Քամփ Արմէնի դիմադրութեան դէմ յարձակումներ ալ եղան:
Այո, դիմադրութեան 100-երորդ և 121-երորդ օրերուն երկու յարձակումներ տեղի ունեցան: Կը կարծեմ որ անոնք արմատական աջ, ֆաշական խումբերու կողմէ եղան: Յատկապէս այն պատճառաւ որ ընտրութիւններէն յետոյ երկրէն ներս մթնոլորտը փոխուած էր, ազգայնականութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը շատցած՝ Քամփ Արմէնն ալ թիրախ դարձաւ: Բայց մենք այնտեղ կրցանք ցուցաբերել իմաստութիւն, համարձակ դիմադրութիւն և պատշաճ պաշտպանութիւն, ու շատ մեծ վնաս չկրեցինք:
Այդ յարձակումներուն համար պետութիւնը պատասխանտւութիւն կը կրէ՞:
Հարկաւ մեզ չպաշտպանելու տեսակէտէն պետութիւնը այստեղ պատասխանատու է: Պէտք է շեշտել այդ:
Քամփ Արմէնի պետութեան կողմէ բռնագրաւումը, այնուհետեւ վաճառքը, փլելու փորձերը, հակազդեցութենէն յետոյ վերադարձնելու մասին խօսակցութիւնները, ապա ձգձգումը… Այս ամէնը Թուրքիոյ մասին ի՞նչ կ՛ըսեն ձեր կարծիքով:
Մենք առաջին օրէն սա կ՛ըսենք. Երբ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մասին կը խօսինք, անոր խորհրդանիշերուն մասին ալ կը խօսինք: Եթէ Թուրքիոյ մէջ կ’ուզես Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող մը կառուցել, կարիք չկայ, որովհետեւ Քամփ Արմէնը այդտեղ յուշակոթողի մը նման կանգնած է։
Գիտէք, ճամբարը մասամբ փլատակ է, մեր հասնելէն առաջ քանդիչ մեքենաները մէկ մասը փլած էին: Մէկ մասը քանդուած է, իսկ միւս մասը աշխոյժ է՝ գործունէութեան և կեանքի շարունակութեան առումով: Կարծես մէկ կողմէն ոճրագործներն ու փրկողները, իսկ միւս կողմէն փրկուողներն ու զոհերը խորհրդանշող յուշակոթող մը ըլլայ:
Ըստ էութեան, ճամբարը երկար ժամանակ չվերադարձնելու հանգամանքը, ցաւօք, պետութեան անփոփոխ ըմբռնման մասին կը խօսի: Քամփ Արմէնը մեզի համար շատ կարեւոր է և այն շատ ուշադրութիւն գրաւեց, քանի որ Հրանդ Տինք այնտեղ ուսանած էր: Բայց ան եզակի կարեւորութիւն ունի, քանի որ խօսքը երեսուն տարի չգործող ճամբարի մը մասին է: Օրինակ, այսօր Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, որ շուրջ 30 աշակերտ ունի նոյն ցաւով կը տառապի և կրնայ մեզմէ խլուիլ։ Աշակերտութեան թիւը օր ըստ օրէ կը պակսի, որովհետեւ ծնողները գիտեն փակուելու վտանգի մասին: Իրականութեան մէջ, մենք կը պայքարինք որ այս հարցը լուծուի իրաւական միջոցներով, որպէսզի Պոմոնթիի Մխիթարեանի և այլ հաստատութիւններու համար օրինակ ըլլայ և նախադէպ մը դառնայ։ Նման կալուածներ շատ կան, զանոնք որպէս մասնաւոր սեփականութիւն մի՛ ընկալէք, անոնցմէ շահ պիտի չապահովենք։ Օգուտները հաւաքական կերպով կ՛օգտագործուին, անապահով աշակերտները այդ գումարներով ուսում և բուժում կը ստանան:
Քամփ Արմէնի պայքարին թրքահայ համայնքի մասնակցութեան մասի՞ն ինչ կ՛ըսէք:
Քամփ Արմէնի դիմադրութեան շատ մարդիկ մասնակցած են, մարդիկ որոնք ժամանակին քաղաքական հարթակի վրայ չէին եղած: Դիմադրութիւնը զանոնք քաղաքականացուց: Քամփ Արմէնը վերածեցինք վայրի մը, ուր հայերու վերաբերեալ ամէն ինչ կը խօսուի: Այնտեղ բանավէճեր կազմակերպեցինք, մշակոյթին ու պատմութեան վերաբերող ձեռնարկներ ըրինք: Շաբաթուայ վերջերուն տարբեր ժողովուրդներու զաւակներ ի մի եկան: Եր մէկ կողմը քանդուած էր, միւս կողմը երախաներուն և անոնց ծնողներուն համար ճամբար մը դարձաւ, ուր մարդիկ կու գային հայերու մասին բաներ մը սորվելու:
Այս պայքարին յատկապէս շատ հայեր մասնակից դարձան: Անշուշտ, եղան մարդիկ որոնք չուզեցին խնդիրներ ունենալ: Աջակցողները իսկապէս ունեւոր մարդիկ չէին, բայց իրենց ունեցած հացը մեզի հետ բաժնեցին: Մեր դիմադրութեան զօրակցելու համար ամէն շաբաթուան վերջը հոն եկողները որոշ գիտելիքներ ձեռք բերին: Առաջին անգամ ըլլալով հաւատացին, որ դիմադրելով պիտի յաղթենք: Աւելի առաջ ամէն ինչ կրաւորական ձեւով կ՛ըլլար, յաղթանակները ազդեցիկ այլ մարդոց կամ ալ Եւրոպայի միութեան միջոցով ձեռք կը բերուէին: Այս դիմադրութեան դրական աւարտով՝ հայերը առաջին անգամ կրցան դիմադրութեան միջոցով յաջողութեան հասնիլ: Հայերուն մէջ դիմադրութեան մշակոյթը մտցնելով է որ պիտի արժեւորուի այս գործընթացը:
Սա սովորական բան մը չէ: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, Նոր Զարթօնքի տարած աշխատանքները, ապա Սեւակ Պալըքչըի սպանութիւնը, տեղական և խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայերու քաղաքական ասպարէզ մտնելը, ցեղասպանութեան հարիւրամեակը և նման այլ բաներ առիթ հանդիսացան, որ հայութիւնն այսօր օրակարգի մաս կը կազմէ: Կարելի է ըսել, որ այս առումով Քամփ Արմէնի դիմադրութիւնը եւս իր ներդրումը ունեցաւ: Աւելի շատ մարդիկ իւրացուցին դիմադրութեան մշակոյթը և մասնակից դարձան որոշումներու կայացման: Հարիւր տարի կրաւորական դիրք բռնած ժողովուրդի մը համար սա կարեւոր դիմադրութիւն էր և պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ:
Նոր Զարթօնքը բազմաթիւ դատավարութիւններու հետեւած է, գլխաւորաբար Հրանդ Տինքի դատավարութեան: Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումներու կազմակերպման մէջ ալ առաջին շարքերուն եղած է: Մենք աշխատանք տարած ենք նաեւ, որ հայ ժողովուրդը իր ինքնութեամբ ապրի և այլ ժողովուրդներու պայքարին ալ աջակցի: Առաջին օրուընէ ի վեր փորձած ենք անարդարութիւններուն ձեւով մը վերջ տալ: Շահագործող համակարգի մը փոխարէն, կ՛ուզենք աւելի արդար, ազատ և հաւասար երկրի մը մէջ ապրիլ: Մեր միակ շարժառիթը սա է:
«Նոր Զարթօնք»-ի ստեղծման ընթացքի մասին կը պատմէ՞ք մեզի:
«Նոր Զարթօնք»-ը թրքահայ երիտասարդութեան կողմէ հիմնուած ժողովրդական շարժում մըն է: Ան հիմնադրուեցաւ 2004 թուականին որպէս համացանցային հաղորդակցութեան ե-նամակի խումբ, ուր երիտասարդ հայ մտաւորականներու միջեւ կը քննարկուէր Թուրքիոյ, աշխարհի և հայ համայնքի վերաբերեալ նիւթեր: Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակին՝ 2005-ին որոշեցինք զայն շարժումի վերածել և սկսանք այդ ուղղութեամբ աշխատիլ:
2005-ին միջոցառումներ կազմակերպած էինք, որոնց Հրանդ Տինք ալ մասնակցած էր: Ուսանողներու միջեւ զրոյցներ կը կազմակերպէինք և այդ զրոյցներուն հայերէն զատ այլ խմբաւորումներ ալ կը մասնակցէին: 2006-ին նոյն գործունէութիւնը շարունակեցինք:
«Նոր Զարթօնք»-ը որպէս ուսանողական խո՞ւմբ սկիզբ առաւ:
Աւելի ճիշտ կ՛ըլլայ ըսել՝ երիտասարդներու խումբ: Այնտեղ միջնակարգի աշակերտներ ալ կան, համալսարանականներ ալ, համալսանաւարտներ ալ: Մերը երիտասարդական շարժում մըն է և միշտ ալ այդպէս պիտի մնայ: Մեր մեծ եղբօր՝ Հրանդի հետ միշտ կը խօսէինք ինչ ընելու, ինչպէս ընելու մասին: Սակայն ափսոս, որ այն ատեն բաւական թուաքանակ չունենալու պատճառաւ չկրցանք համատեղուիլ:
Մենք 2007 թուականի յունուար 19-ին Հրանդ Տինքի սպանութենէն յետոյ ի յայտ եկանք և այս անգամ վճռական էինք: Ձեւով մը, ատիկա Հրանդին տրուած խոստում մը եղաւ: Նոր Զարթօնքը ի յայտ եկաւ որպէս ժողովրդական շարժում մը, որ հայերէ բաղկացած է, բայց ոչ միայն հայերու հետ առնչուող խնդիրներու, այլ նաեւ Թուրքիոյ և աշխարհին վերաբերող հարցերու մասին կը խօսի, լուծումներ կ՛առաջարկէ, քաղաքականութեամբ կը զբաղի: Մեր այն ժամանակուան գլխաւոր շարժառիթը Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութիւնը եղած էր: Այդ յուղարկաւորութիւնը մեր մէջ յոյս արթնցուց: Այդ օրուընէ ի վեր այս նոյն ոգիով կը շարունակենք:
Ադկէ զատ, 2009-ին հիմնեցինք ձայնասփիւռի կայան մը, որ կը կոչուի «Նոր Ռատիօ»: Սփռումը սկսանք Հրանդ Տինքի ոգեկոչումով: Սա հայկական նախաձեռնութիւն մըն է, բայց մտածեցինք որ միայն հայկական խնդիրներուն անդրադառնալով մեր տեսակէտները լաւ ձեւով պիտի չկրնանք արտայայտել: Որոշեցինք որ մեզի նման խնդիրներ ունեցող, խտրականութեան ենթարկուող, ատելութեան և նախապաշարումի զոհ դարձող մարդիկ եւս մեզի միանան: Վեց տարուան մէջ տասնհինգ լեզուներով սփռումներ կատարած ենք՝ բոլորն ալ Թուրքիոյ մէջ խօսուող լեզուներ են: Արեւմտահայերէնով, արեւելահայերէնով և համշէնահայերէնով յայտագիրներ ունինք: Ձայնասփիւռի գոյութիւնը երկու առումով է կարեւոր: Մէկը մշակութային գետնի վրայ՝ անհետացող լեզուներուն տէր կանգնելով, իսկ միւսը ընկերային գետնի վրայ է. կը խօսինք կիներու, միասեռականներու, կենդանիներու իրաւունքներու, կենսոլորտային հարցերու մասին։ Համացանցի վրայ սփռուող մեր ձայնասփիւռի հասցէն է norradyo.com։
Կ՛ենթադրեմ որ այլ ձայնասփիւռներու հետ ալ կը համագործակցիք:
«Էօզկիւր ռատիօ»-ի («Ազատ ռատիօ») հետ երկու շրջան համատեղ հաղորդումներ ըրինք: Նոր ռատիոյի բոլոր անդամները այնտեղ կամաւոր կ՛աշխատին: Այդպիսով հաղորդակցութեան ցանց մը ստեղծուեցաւ: Օրինակ, երբ յոյներուն մէկ տօնն է, կամ չերքեզներու աքսորի օրն է, բոլորովս հոն կ՛երթանք: Կամ ալ Հայոց ցեղասպանութեան օրը անոնք կու գան, այսինքն թէ՛ ուրախ առիթներով, թէ՛ ոգեկոչման օրերուն քով քովի կու գանք: Միասեռականներու դէմ յարձակման պարագային՝ տեղւոյն վրայ լրատւութիւն կը պատրաստենք: Նման կերպով, տարբեր ցոյցերու ժամանակ ուղիղ սփռումներ կ՛ընենք: Այս առումով Նոր ռատիօն այլընտրանքային լրատուամիջոց մը դարձաւ: Վեց տարիէ ի վեր բազմալեզու հաղորդումներով իր գոյութիւնը կը պահպանէ: Այս պահուն TRT 6-ի նման բազմալեզու սփռումներ ընող լրատուամիջոցներ կան, բայց 2009-ին նման բան չկար: Պէտք է ըսել այդ մասին:
Նոր Զարթօնք անունը օգտագործած ենք նաեւ նկատի ունենալով 1850-1915 թուականներուն Պոլոյ շուրջ տեղի ունեցած Հայկական Վերածնունդը: Պոլիս կեդրոնացած հայութեան համար այն նոր զարթօնքի շրջան մըն էր: Այս առումով, Նոր Զարթօնքը «Նոր Վերածծնունդ» ալ կը նշանակէ: Այդ շրջանը հայերու համար արուեստի, քաղաքականութեան և հանրային կեանքի յառաջխաղացման շրջան մըն էր: Նոր Զարթօնքը այդ շրջանի համար կատարուած յղում մըն է: Այդ ժամանակաշրջանը դաշոյնի հարուածով կանգ առաւ 1915-ին: Անշուշտ, այն որոշ չափով շարունակեց, ոմանք դիմադրեցին:
2010-ի յուլիսէն ի վեր Հայկական մշակութային եւ զօրակցութեան միութիւն մըն ալ հիմնած ենք: Ինչպէս Նոր Զարթօնքի ու Նոր Ռատիոյի պարագային, միութիւնը ոչ միայն հայերուն, այլ բոլորին համար բաց կառոյց մըն է: Արդէն մեր ուզածն ալ ատ է: 2010-ին Իւնեսքօն զեկոյց մը հրապարակեց, ուր արեւմտահայերէնը անհետացող լեզուներու շարքին կը դասուէր՝ ատոր դէմն առնել ուզեցինք: Միութիւնը ստեղծելով արեւմտահայերէնի դասընթացքներ սկսանք կազմակերպել, հայկական շարժանկարներ կը ցուցադրենք։
Ձեր սեփական տարածքը ունի՞ք արդեօք:
Այո, Պէյօղլու թաղամասը գտնուող մեր տարածքին վարձակալութեան և այլ ծախսերը մեր կամաւորներու անդամավճարներով կը հոգանք: Գիրքեր հրատարակած ենք: Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ յատկապէս փրկուածներու և փրկողներու մասին պատմող գիրք մը հրատարակեցինք: Բացի այդ, կրթական համակարգին մէջ խտրականութեան վերաբերեալ գիրք մըն ալ հրատարակեցինք: Երախաներու հետ սեմիներ մը կազմակերպեցինք, որուն մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած գիրք մը հրատարակեցինք:
Այդ գիրքերը թրքերէ՞ն են, ինչպէ՞ս կարելի է ձեռք բերել:
Այո, թրքերէն են: Առայժմ միայն միութենէն կարելի է ձեռք բերել: Ունինք նաեւ 1965-ին վերաբերեալ գիրք մը՝ ան ալ ցեղասպանութեան ոգեկոչման միջոցառումերու Թուրքիոյ մէջ՝ թուրքական լրատուամիջոցներու մէջ ունեցած արձագանգներու մասին է: Շատ ուշագրաւ աշխատութիւն մըն է՝ կը պարզուի որ այսքան տարի ետք բան մը չէ փոխուած:
Նոր Զարթօնքը կարելի՞ է նաեւ բնութագրել որպէս քաղաքական շարժում:
Մենք զայն որպէս ժողովրդական շարժում կը բնութագրենք: Նոր Զարթօնքի դիրքորոշումն այն է որ, ինչպէս Միութեան և Նոր Ռատիոյի մէջ, մենք մշտապէս բոլոր ժողովուրդներու՝ բոլոր խտրութեան ենթարկուած, ճնշուած հանրութիւններուն հետ ենք: Մեր քաղաքական դիրքորոշումն ալ այդպէս է: Այս առումով, մենք բոլոր ժողովուրդները, ազատամիտ մարդիկը, ընկերվարականները և քրտերը միատեղող Ժողովուրդներու դեմոկրատական քոնկրէսին անդամ ենք: HDK-ի բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմնին մէջ Նոր Զարթօնքի անդամ մը ունինք: Մենք հակաժողովրդավարութեան դէմ, ֆաշիզմի դէմ համատեղ պայքար մղելու գաղափարի կողմնակից ենք: Ինչպէս Ռոպոսքիի կոտորածի ժամանակ՝ այլ ժողովուրդներուն դէմ կատարուած ջարդերն ու հալածանքները դատաապարտող բողոքի ցոյցերուն մշտապէս մեր մասնակցութիւնը կը բերենք:
Կեզի զբօսայգիին մէջ ալ ներկայ էիք:
Այո, առաջին օրէն իսկ հոն էինք: Թաքսիմի Կեզի զբօսայգին միեւնոյն ժամանակ հայահոծ թաղամասերուն մօտիկ գտնուող և բոլորի այցելած միակ վայրն է: Ան նաեւ այն վայրն է, ուր յիշողութիւններով լի մանկութեան տարիներս անցած են: Կեզիի դիմադրութիւնը բնության ջարդի դէմ, պեթոնապատման դէմ, քաղաքը մաս առ մաս պեթոնին յանձնելուն դէմ կեցուածք մըն էր: Բոլորս ալ լաւ կը յիշենք՝ արգելքներու շրջան մըն էր որ սկսած էր: Եւ այդ Կեզիի դիմադրութիւնը բեկում մը մտցուց: Մենք, առաջին օրուընէ մեր լեզուով ու մեր գոյնով հոն էինք: Շատ մարդիկ «Այստեղ հայերէն բան մը կը գրէ» ըսելով մեր քովը եկան. թուրքիացի, սփիւռքցի կամ ալ հայաստանցի հայերը մեզ տեսնելուն պէս աջակցելու եկան:
Կեզիի մէջ Նոր Զարթօնքի ներկայութիւնը այդ տարածքին Հայկական գերեզմանատուն ըլլալը կը յիշեցնէր, այդպէ՞ս չէ:
Այո, որոշ չափով այդպէս էր: Պէտք է այդ մասին ալ խօսիլ: Ի սկզբանէ շատ խառն վիճակ մըն էր, թրքահայ համայնքի մէջ վախի մթնոլորտ մը կը տիրէր: Ատիկա չենք կրնար ժխտել, մենք այդ միջավայրին և այդ վախին մէկ մասն ենք: Թուրքիոյ պատմութիւնը գիտցողը «Ես քաջ եմ» ըսելու ի վիճակի չէ, չի կրնար նման բան ըսել, բայց պայքարը կը շարունակենք:
Այդ շրջանի վարչապետը զբօսայգիին վերաբերող յայտարարութիւն մը ըրած էր. «Բողոքի ցոյցեր ընողները չե՞ն գիտեր պատմութիւնը, մենք այնտեղ նախապէս գոյութիւն ունեցող զինանոցը պիտի վերակառուցենք»: Իրականութեան մէջ այնտեղ մեծ առեւտրական կեդրոն մը պիտի կառուցէին: Մենք ալ անմիջապէս պատասխան յայտարարութիւն մը ըրինք, և ըսինք՝ «Իրականաւթեան մէջ, դո՛ւք չէք գիտեր պատմութիւնը», քանի որ զինանոցէն առաջ այս տարածքին վրայ հայկական գերեզմանատուն եղած է և այն մեզմէ խլուած է: Ինչպէս խլուած բազմաթիւ այլ վայրեր: Մենք ըսինք՝ «Այո՛, դուք մեր ձեռքէն առիք մեր գերեզմանատունը, բայց զբօսայգին պիտի չտանք:» Ըսինք և չտուինք՝ Կեզի զբօսայգին դեռ հոն է: Անշուշտ, շատ մարդոց միատեղուելուն շնորհիւ է որ այնտեղ է: Պէտք է ըսել նաեւ, որ այս և այլ շարժումներուն մեծ թիւով հայեր ալ մասնակցեցան: Կազմակերպութիւններու անդամներ, անհատներ, բոլորը միասին բան մը կ՛ուզէին ըսել: Աւելի առաջ որեւէ գործողութեան չմասնակցած մարդիկ իրենց կեցուածքը արտայայատելու համար հոն եկած էին: