Մէկ տարուայ ընթացքին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները եւ փախստականները կը շարունակեն տառապիլ մարդու իրաւունքներու խախտումներէն, ատելութեան հրահրումէն եւ յարձակումներէն, կը տեղեկացնէ Stockholm center for freedom-ի զեկոյցը։
Նախագահ Էրտողանը եւ անոր գլխաւոր դաշնակից։ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելին մէկ տարուայ ընթացքին շարունակած են օգտագործել տարաձայնութիւններ առաջացնող ազգայնամոլական հռետորաբանութիւն, յատկապէս քիւրտերու հանդէպ։ նպաստելով յանցաւորութեան աճին ատելութեան հողի վրայ։
Կառավարութիւնը քիչ ջանքեր է գործադրած դաւանանքի ազատութեան հարցերու լուծման համար, ներառեալ՝ կրօնական փոքրամասնութիւններուն իրաւական լիազօրութիւններու տրամադրումը եւ վարչութեան անդամներու ընտրութիւններու անցկացման թոյլտուութիւնը։
Վերջին տուեալներու համաձայն, որոնք տրամադրած է ներքին գործերու նախարար Սիւլէյման Սոյլուն, Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին ընդհանուր առմամբ 4,038,857 փախստականներ, ամբողջ աշխարհի զանազան երկիրներէ։ Սուրիոյ երկարատեւ հակամարտութենէն փրկուիլ փորձող փախստականներու հանդէպ վերաբերմունքը աստիճանաբար կոշտացած է, քանի որ անոնց թիւը վերջին տասնամեակին աւելացած է։
Ինչպէս կը նշուի զեկոյցին, Յուլիսին Թուրքիոյ կեդրոնական մասին քրտական ընտանիքի եօթ անդամ սպաննուած է զինուած յարձակումի հետեւանքով։ Յարձակողները փորձած են հրդեհել անոնց տունը։ Կատարուածը իրաւապաշտպաններու խօսքով, ցեղապաշտական յարձակում է։
Ոչնչացման սպառնալիքի տակ յայտնուած է նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
1603 թուականին կառուցուած հայկական եկեղեցին, որ կը գտնուէր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ պահպանուածներու ցուցակին, Յունուարին վերացուած է երբ անոր սեփականութիւնը փոխանցուած մասնաւոր անձի։
Մարտին, Անգարայի Ուլուս շրջանի շինարարութեան ժամանակ, վերակառուցողական նախագծի շրջանակին, քանդուած է հին հայկական գերեզմանատունը, եւ այդ տեղ յայտնաբերուած են մարդկանց մասունքներ։
Հին հայկական գերեզմանատունը Թուրքիոյ արեւելեան հատուածի Վան նահանգին մէջ Օգոստոսին քանդած են եւ ոսկորները ցաք ու ցրիւ արած ամբողջ դաշտի տարածքին, ինչ որ առաջացուցած է հայ համայնքի եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու զայրոյթը։
Հայկական բողոքական եկեղեցին Տիյարպեքիր նահանգին մէջ 10 տարի ժամկէտով վարձուած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեանը, հանրային գրադարան օգտագործելու համար։
Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին կեդրոնական Թուրքիայի Աքշեհիր շրջանում դառնալու է «Երգիծանքի համաշխարհային վարպետների տուն»։ 13-րդ դարի թուրք յայտնի երգիծաբան Նասրեդդին Հոջայի հայրենի քաղաքում «Երգիծանքի գիւղ» ստեղծելու նախագծի շրջանակում։
Զեկոյցում նշւում է նաեւ այն դէպքի մասին, երբ Թուրքիայի պատգամաւորը յարձակուել էր հայ պատգամաւորի վրայ, սպառնալով ցեղասպանութեամբ։ Զեկոյցի հեղինակների խօսքով, թուրքական խորհրդարանի պատգամաւորը հայկական ծագում ունեցող պատգամաւոր Կարօ Փայլանին սպառնացել էր նոյն ճակատագրով, ինչին արժանացել էին նրա նախնիները,ամերիկեան վարչակազմի կողմից հայերի զանգուածային սպանութիւններն Օսմանեան կայսրութիւնում «ցեղասպանութիւն» ճանաչելու բանակռիւների ընթացքին։
Արտատպուած՝ Ակօսէն