ՍԱՅԱԹ ԹԵՔԻՐ
Սեւակ Պալըքչը հայոց ցեղասպանութեան 96 ամեակին զուգադիպող 24 Ապրիլ 2011 թուականին պարտադիր զինուորութեան պաշտօնը կատարած պահուն սպաննուեցաւ մի այլ զինծառայողի ձեռամբ։ Ցեղասպանութեան 100 ամեայ յիշողութիւնը կը թարմանար Հրանդ Տինքի սպանութենէն չորս տարի անց նոր ոճիրով մը եւս։
Նոր Զարթօնք շարժումի գործիչներ ըլլալով դատավարութեան շարունակուող տասը տարիներու ընթացքին զանազան կառոյցներու, միաւորումներու եւ երեսփոխաններու հետ թէ՛ Իսթանպուլ եւ թէ դատավարութեան կայացած Տիյարպեքիրի մէջ զանազան մամլոյ յայտարարութիւններ, բողոքի ցոյցեր, եւ յիշատակման միջոցառումներ կազմակերպեցինք։
Սեւակի ընտանիքը մեզի հարազատ դարձած էր։ Ներքեւ ներկայացուող զրոյցը այդ օրերուն ձայնագրուած էր եւ ափսոս որ Սեւակի սիրեցեալ հօր՝ Կարպիս Պալըքչըի մահէն ետք է, որ կը հրատարակենք «Ակօս»ի ընթերցողներուն համար։
Այդ օր, Կարպիս Պալըքչը մեզ հետ կիսած էր սպանութեան լուրը առած օրուայ զգացումները։
«Բարեկամ մը զանգահարեց եւ առաջին անգամ իրմէ լսեցի այս մասին։ 2013-ի 24 Ապրիլը զուգադիպած էր նաեւ Ս. Զատկի տօնին։ Այդ օր Ս. Պատարագէն ետք տուն վերադարձի պահուն հնչեց հեռախօսը։ Բարեկամս անգամ մը եւս ճշդել ուզեց որդւոյս անունը։ Ապա խորհուրդ տուաւ որ համացանցի լուրերուն հետեւիմ։ Իսկոյն զանգահարեցի զօրամաս։ Ըսի որ տղուս հետ խօսիլ կ՚ուզեմ։ Հեռախօսին պատասխանող զինուորը յայտնեց թէ որդիս շէնքէն դուրս է եւ զինախումբով փշաթել կը լարեն։ Ապա տուն մտայ եւ կնոջս Անիին պարզեցի այս բոլորը։ Անին համացանցի վրայ տեղեկութիւն որոնել սկսած էր, երբ երկրորդ զանգ մը ստացանք, որ կը հաստատէր եղելութիւնը։
Առաջին հերթին անհաւատալի թուաց։ Յետոյ զանգահարեցի Պաթման եւ փորձեցի աւելին գիտնալ։ Ինծի համոզեցին ըսելով թէ մտահոգուելու պատճառ չկայ, վիրաւորուած է եւ հիւանդանոցն է։ Ապա բանակայիններ եկան տուն։ Ցաւակցութիւն յայտնեցին եւ կատարուածը ներկայացուցին իբրեւ ընկերներու միջեւ կատակելու պահուն պատահած առկած։
Կը յիշեմ չորեքշաբթի օր էր, թաղումէն ետք գացի Պաթման քաղաքը։ Սեւակի սպաննուած եւ ոճրագործին կրակած կէտերը տեսնելով վստահ եղայ որ կատարուածը ծրագրուած ոճրագործութիւն մըն էր։ Ոճիրի գործուած թուականը, նոյն օրուայ Ս. Զատկի տաղաւար ըլլալը պատահականութենէ աւելի խորհրդանշական պատգամի մը բնոյթը կը պարզէին։
Ապա սկսաւ դատական գործընթացը։ Հոն եւս իրողութիւնը քօղարկելու զանազան երեւոյթներ նկատեցինք։ Օրինակի համար սպանութեան պահուն իր վրայ եղած տարազները անգամ պահեցին մեզմէ։
Շատ դժուար շրջան մըն էր այդ, որ ընտանեօք առանձին դիմակայեցինք։ Նոյնիսկ բարեկամներ, ընկերներ հեռու կեցան մեզմէ։ Միայն Նոր Զարթօնքի երիտասարդներն էին որ շրջապատեցին մեզ։ Մնացեալները կ՚երեւի վախցան եւ այդ վախով ալ խուսափեցան մեզի հետ ըլլալէ։
Որդիս ատելութեան ոճիրի մը զոհը գնաց եւ գիտեմ որ ան առյաւէտ հրաժեշտ առաւ մեզմէ։ Բայց կը շարունակուին շարքային զինծառայող հայերու, քրիստոնեաներու, ալեւիներու եւ քիւրտերու երախաներուն դէմ գործուած ոճիրները։ Ես անվարան եւ ամենուրէք կը կրկնեմ թէ Սեւակը ցեղապաշտ ատելութեան մը զոհը դարձած է։ Եթէ ան իյնար ռազմաճակատին, թշնամու դէմ մարտնչելու պահուն, այդ որդոյս կորուստը աւելի տանելի պիտի դառնար։ Իմ միակ աղօթքն է անմեղ պատանիներու նման ոճիրներու զոհ չդառնալը»։