Պողազիչի Բեմային Արուեստներու Միութեան նախաձեռնած «Զապէլ» թատրերգութիւնը առաջին անգամ բեմադրուած էր 2017-ին։ Թատրերգութիւնը նիւթ կ՚ունենար Օսմանեան շրջանի առաջատար կին գործիչներէն Զապէլ Եսայեանի կենսագրութենէն դրուագներ։ Առաջին պատկերին մէջ կը հանդիպինք անուանի համայնավար գործիչի Ստալինեան բռնակալութեան մէջ հարցաքննուելու տեսարանին։ Բեմադրութեան ընթացքին յետադարձ ակնարկներով վկայութիւններ կը ներկայացուին անոր երիտասարդութեան տարիներէն, ուր կը ձգտէր մտնել գրականութեան ասպարէզ եւ ապա հետզհետէ կը դառնար մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ արդարութեան մարտիկ։ Այս բեմադրութեան մէջ Տույկու Տալեանօղլու եւ Այսէլ Եըլտըրըմ մրցանակներ ստացան, իբրեւ լաւագոյն բեմադրութիւն եւ լաւագոյն դերակատարութիւն։ Խաղը 19 Փետրուարին պիտի կրկնուի «Մոտա Սահնէսի» բեմէն։
Նշենք որ այս բեմադրութեան կարելի է հետեւիլ առցանց դրութեամբ «Մօտա Սահնէսի» թատրոնի կայքէջէն տոմս հայթայթելու պայմանաւ։
Արտատպուած՝ Ակօսէն