Հանրապետական շրջանի պոլսահայ պատմութեան մէջ բացառութիւն են այն դրուագները, որոնք պարզուած են հասարակութեան իշխանութիւններու որոշումին դէմ դիմադրելու կամքով։ Մօտ անցեալին երկու դէպքեր ըլլալով կը յիշուին Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանի եւ Քամփ Արմէնի պետական դաւադրական գործողութիւնով մը յափշտակուելու փորձին խափանումը։ Առաջին դէպքին մէջ այդ դիմադրութիւնը կը պարտինք նախ «Ակօս»ի հրատարակութիւններու եւ ապա աշակերտութեան յամառ դիմադրութեան։ Յիշենք թէ «Ակօս» մեծ աղմուկ բարձրացնելով Մխիթարեան վարժարանի գրաւման խնդիրը բերած էր երկրի օրակարգին։ Այդ հանգրուանին ձեւաւորուած էր ամբողջ Թուրքիոյ ծաւալով զօրակցութեան ալիք մը, որուն դէմ իշխանութիւնները հարկադրուեցան ետքայլ ընելու եւ գտնուած կարգադրութիւններու շնորհիւ դպրոցը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Նման էր նաեւ Հայ աւետարանչական եկեղեցւոյ պատկանող Թուզլայի Քամփ Արմէն մանկական ճամբարի պատմութիւնը։ Օրինական բոլոր կարգադրութիւնները իրականացնելէ, պատկան իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ապահովելէ ետք եկեղեցւոյ վարչութիւնը գնած էր այդ տարածքը եւ որբերու աշխատութիւնով ալ անոր վրայ կերտած էր շէնքեր։ Սակայն Թուրքիոյ կառավարութիւնները յաջորդող տարիներուն պատճառաբանելով 1936-ի պայմանագիրներու սահմանափակումները, գրաւած էին տարածքը եւ վերադարձուցած իր նախկին տիրոջ։ Ապարդիւն եղած էր Արդարադատական բոլոր ջանքերը եւ ի վերջոյ 1 Մայիս 2015-ին տարածքի օրինաւոր սեփականատէրը որոշած էր մինչ այդ կանգուն մնացած շէնքերը փլել նոր շինութիւն մը կառուցելու համար։ Այդ պահուն է որ Հրանդ Տինքի մահէն ետք կազմուած «Նոր Զարթօնք» շարժումը միջամտեց կատարուածին եւ բռնի կերպով մտնելով տարածք մեկնարկեց 175 օր տեւելիք գրաւման գործընթացքը։ Այստեղ եւս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ «Ակօս»ի հրատարակութիւնները, որու շնորհիւ կարճ ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուեցաւ «Քամփ Արմէնի զօրակցութիւն» կոչեալ շարժումը։
«Նոր Զարթօնք»ի անդամները ի դէմ բոլոր տեսակի ճնշումներու իրենց հսկողութեան տակ պահեցին այդ տարածքը մինչեւ որ 27 Հոկտեմբերին հողատարածքը պաշտօնապէս վերադարձուի Կետիկփաշայի Աւետարանչական Եկեղեցւոյ վարչութեան։ Այդ շրջանին մշակուեցան ծրագիրներ ըստ որու այդ տարածքին մէջ կրկին պիտի գործէր երիտասարդական ճամբար մը, որ ձեւով մը արդարացուցած պիտի ըլլար Հրանդ Տինքի կտակը, որ իր կենդանութեան օրօք մեծ պայքար մղած բայց չէր յաջողած։ Նախորդ շաբաթուայ մէջ Իսթանպուլի քաղաքապետարանը հաստատեց նախտեսուած նպատակին յարմար շինութեան մը թոյլտուութիւնը, որու համար այժմ կը գործէ յատուկ յանձնախումբ մը։ Կը նախատեսուի երիտասարդութեան ծառայող ճամբար մը, որու բնօրինակը պիտի ըլլայ Երեւանի մերձակայ «ԹՈՒՄՕ» անուան թեխնոլոկիաներու կեդրոնը։
Յանձնախումի անունով ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը յայտնէ թէ արդէն պատրաստ է ծրագիրը հետեւաբար աշխատանքը կրնայ սկսիլ համապատասխան պիւտճէի գոյացումով։
Արտատպուած՝ Ակօս