«Նոր Զարթօնք»ի ներկայացուցիչ Ալէքսիս Քալք ելոյթ ունեցաւ Փարիզի մէջ կայացող միջազգային բանախօսութեան ընթացքին
21 Սեպտեմբերին Փարիզի մէջ «Եւրոպայի Հակացեղապաշտական Շարժում»ի կողմէ կազմակերպուած « Բռնատիրութեան միտումներուն դէմ ժողովրդավարական դիմադրութեան միջոցները Թուրքիոյ Մէջ» անունով միջազգային բանախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ:
Բանախօսութեան ծիրէն ներս 3 նիստ գումարուեցաւ Science Po Parisի (Փարիզի Քաղաքագիտութեան Ինստիտուտ) մէջ: Առաջին նիստի ընթացքին ելոյթներ ունեցան UNEF(Ֆրանսայի Ուսանողներու Ազգային Միութիւն) Sciences Poի նախագահ Սոլէն Տէլիւսօ-Ժարտէն, EGAMի նախագահ Պենժամին Ապթան, Science Poի Երիտասարդ Ընկերվարականներու նախագահ Ժուլի Վենսան, Jeunes UDIի( Երիտասարդ Անկախ Ժողովուրդավարներու Շարժում) Sciences Poի նախագահ Պենժամին Ժիլէ, Jeunes Républicains(Երիտասարդ Հանրապետականներ) Sciences Poի նախագահ Քամիյ Շէօվալյէ եւ SOS Racismeի նախագահ Տոմինիք Սոփօ բռնատիրութեան դէմ պայքարելու միջոցներու մասին:
Երկրորդ նիստի ընթացքին «Նոր Զարթօնք»ի Եւրոպայի ներկայացուցիչ Ալէքսիս Քալք, «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, ՀԲԸՄի Եւրոպայի ներկայացուցիչ Նատիա Գործունեան, «Nouvelles d’Armenie» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեան, «DurDe!» ի բանբեր Լեւենթ Շենսեւեր, «Կալանաւորուած Ուսանողներու հետ Զօրակցութեան Հարդակ»ի ներկայացուցիչներ Թեպեսսիւմ Եըլմազ եւ Արի Սարը, «Խաղաղութեան համար Ակադեմիկոսներ»ու ներկայացուցիչ Փրոֆ. Էսմերայ Եողուն եւ «Özgür Gündem» օրաթերթի խմբագիրներէն Պայրամ Պալճը, Սեդա Փափազեանի եւ Պենժամին Լուքասի զրուցավարութեամբ ելոյթներ ունեցան Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու եւ ժողովուրդավարներու ներկայ եւ ապագայի վիճակի մասին:
Իսկ վերջին նիստի ընթացքին, լրագրող Սելին Լուսաթօի զրուցավարութեամբ Ռոզերին Ջուքուրի ընտանիքը՝ Ֆահրիյէ եւ Մուսթաֆա Չուքուր, ՀՏՓի Վանի պատգամաւոր Թուղպա Հեզեր, «Փարիզի Քրտական Ինստիտուտ»էն Քենտալ Նազան, «Յիշողութեան Կեթրոն»էն Մուրաթ Չելիքքան, արտաքին գործերու նախկին նախարար Պերնար Քուշներ, Եւրոպայի Խորհրդարանի անդամ Կիյոմ Պալաս եւ EGAMի նախագահ Պենժամին Ապթան ելոյթներ ունեցան քրտական քաղաքներու ներկայ վիճակի եւ գործադրուող պետական բռնութեան հետ պայքարելու միջոցներու մասին: Նաեւ Թուրքիացի մասնակիցները եւ Ֆրանսացի պատգամաւորներն ու ծերակուտականները համախմբուելով երկու կլոր սեղանի շուրջ, Թուրքիոյ ներկայ վիճակին մասին գաղափարի փոխանակում ունեցան:
Նոր Զարթօնք