Արդարադատաան Բժշկութիւնը անտեսեց քաղբանտարկեալ Այսել Թուղլուքի հիւանդութիւնը եւ յանձնարարեց բանտարկութեան շարունակուիլը։ Ժողովրուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան խումբ մը պատգամաւորներ կը դատուին Քոպանի խորագրել հարցաքննութեան շրջանակով։ Այսել Թուղլուք այդ թղթածրարի բերմամբ ձերբակալուած է եւ հետզհետէ կը դժուարանայ բանտի պայմանները դիմագրաւելու իր մատնուած ալզհայմըր հիւանդութեան պատճառաւ։ Իրաւապաշտպաններ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ բազում անգամներ դիմած են Արդարադատութեան Նախարարութեան, Թուղլուքի ազատ արձակման եւ դատավարութեան իր բացակայութեամբ շարունակուելուին պահանջով։ Այս դիմումներէն ետք Արդարադատական Բժշկութիւնը քննելով Թուղլուքի կացութիւնը, որոշում կայացուց ըսելով որ բանտարկուած մնալուն մէջ անպատեհութիւն մը չէ տեսնուած։ Արդարադատական Բժշկութիւնը անպատասխան թողած է Թուղլուքի ինքնապաշտպանութեան կարողութեան մասին հարցումը։
Արդարադատական Բժշկութեան Գրասենեակը անցեալին ալ բազմաթիւ ծանր հիւանդ բանտարկեալներու համար ալ նման բնոյթով որոշումներ կայացուցած էր եւ վերջերս յաճախակի դարձած են դատապարտեալներուն դագաղներու մէջ բանտէն դուրս ելլելու երեւոյթները։ Արդարադատական Բժշկութեան Գրասենեակի այս որոշումը տեղի տուած է բուռն հակազդեցութիւններու։ Զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ դատապարտած են կայացած այս որոշումը, նշելով որ Արդարադատական Բժշկութեան Գրասենեակն ալ քաղաքական դրդումներով որոշումներ կը կայացնէ, որ համապատասխան է գործող իշխանութեան անխնայ վրիժառութեան ու ոխակալութեան ռազմավարութեան։
Արտատպուած՝ Ակօսէն