Asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան առթիւ յարուցուած քրէական գործով նոր մանրամասնութիւններ ի յայտ եկած են վերջերս: Արդարեւ, «Ակօս» կը գրէ, թէ փաստաթուղթէ մը պարզ դարձած է, որ սպանութենէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ հետախուզական մարմինները ուսումնասիրութիւն կատարած են՝ գիտնալու համար, թէ արդեօք Տինքի սպանութեան մէջ մեղադրուող անձիք հայկական ծագում ունի՞ն:
Ոճիրէն միայն 5 օր ետք թուագրուած, սակայն միայն 2015ի Հոկտեմբերին դատին կցուած այս փաստաթուղթը կը վկայէ այն մասին, որ սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթի եւ պատուիրատու Եասին Հայալի ծագման վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն կատարուած է պետական արխիւներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ 1900ականներու սկիզբ: Պարզուած է, որ վերոնշեալ անձերու տոհմերուն մէջ «հաւատափոխ» կամ «ոչ իսլամ» ոեւէ մէկը չէ եղած:
«Ակօս» նկատել կու տայ, որ սոյն ուսումնասիրութիւնը կը յառաջացնէ շատ կարեւոր, սակայն անպատասխան հարցեր, որոնց շարքին են հետեւեալները.
- Արդեօք թրքական պետական հետախուզական մարմինները իւրաքանչիւր յանցագործութեան պարագային կ՛ուսումնասիրե՞ն յանցագործին ծագումնաբանութիւնը, թէ այդ կ՛ընեն միայն այն ատեն, երբ յանցագործութեան թիրախը հայերն են:
- Վերոնշեալ տեղեկութիւնը կը վկայէ, որ պետութիւնը ունի իւրաքանչիւր քաղաքացիի տոհմածառի քանի մը սերունդներուն վերաբերեալ համապարփակ տուեալներու արխիւ: Այդ տեղեկութիւնները ուրիշ ո՞ւր եւ ի՞նչ նպատակներով կ՛օգտագործուին:
- Անցեալ շաբաթ յայտարարուած էր, թէ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ հաշուի առնուող ազգային գաղտնաթիւը արդէն իսկ վերցուած է պետական համակարգէն: Կարելի՞ է լրջօրէն հաւատալ այս պնդումին:
- Ի՞նչ նպատակով իրականցուած է մեղադրեալներուն տոհմի ուսումնասիրութիւնը: Արդեօք եթէ պարզուէր, թէ յանցագործները եւս հայ էին, պետութիւնը Տինքի սպանութիւնը պիտի վերագրէր հայկական Սփիւռքի՞ն: